Հոգե-մտաւոր

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾՐԱԳԻՐԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արարչագործութիւնը պատահական, դիպուածի արդիւնք իրականութիւն մը չէ՛, այլ իմաստութեան արդիւնք, կամքի մը հետեւանքը՝ ուր կը գտնուի Աստուծոյ ծրագիրը։ Արդարեւ, առանց ծրագրի ո՛չ մէկ բան կատարեալ կ՚ըլլայ, քանի որ ամէն արարք իմաստութեամբ պատրաստուած ծրագրի մը համաձայն կը կատարուի։

ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕՐԻՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքի հաճոյքը վայելել, զուարճանալ բնական վիճակներ են, քանի որ անոնք կեանքին համեմը եւ սնունդը՝ կեանքի դառնութիւններու եւ նեղութիւններու ամոքի՛չն են։
Բայց ամէն վայելք արժէք կը ներկայացնէ որոշ սահմանի մը մէջ. ինչպէս՝ ազատութիւնը եւ ուժը։ 

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԸՍԵԼ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հիմա կը զգամ, թէ ինչքա՜ն տարբերութիւն կայ պատմութիւնը կարդալուն եւ ապրելուն միջեւ: Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն ցաւը զգալուն եւ այդ ցաւի նկարագրութիւնը գրականութեան մէջ կարդալուն միջեւ. այդ իրականութեան պատճառած ցաւն է, որ կ՚ալեկոծէ մեր հոգիները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արդարութիւնը՝ մարդկային կեանքի ամենէն արժէքաւոր եւ յարգելի առաքինութիւններէն մէկն է։ Մա՛րդ, առանց արդարութեան չի՛ կրնար գոյապահպանել եւ գոյատեւել իր բարոյական էութիւնը եւ ինչո՛ւ չէ՝ իր ամբողջ կեանքը։

ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԸ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայկական գաղութները, աշխարհի տարածքին կամաւոր ձեւով չէ՛ որ հիմնուեցան. մեր ճակատագիրն ու պատմութիւնը իր վերիվայրումներով պատճառ եղաւ, որպէսզի ստեղծուին գաղութներ եւ կազմեն հայկական սփիւռք մը:

ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԼԱ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Որպէսզի շփոթութիւն չըլլայ, յայտնենք, որ Պաղտասար Դպիրէն առաջ վստահաբար եղած են քերականութեան հետ կապուած աշխատութիւններ. տպագիր ամենէն հին օրինակներէն մէկն է լեզուաբան, մշակութային գործիչ եւ հրատարակիչ Ոսկան Երեւանցի «Քերականութիւն»ը, որ հրատարակուած է 1666 թուականին։

Էջեր