ԴԱՏԵԼ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրէնքներ բոլորովին անօգուտ եւ անիմաստ են, երբ չեն նպաստեր մարդոց բարիքին՝ կատարելութեան եւ յառաջդիմութեան։ Արդարեւ, օրէնքը արգելքներու հաւաքածոյ չէ՛, ինչպէս երբեմն այդպէս կը կարծուի եւ այդպիսի համոզում մը գոյութիւն ունի, այլ ուղեցոյց մը՝ թէ ի՛նչ պէտք է ընել երջանիկ ապրելու համար՝ կատարեալ ըլլալու եւ յառաջդիմելու համար։