Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Օտար արեւելագէտ մը եկաւ ջնջելու արաբական մշակոյթը աւելիով՝ ինչքանով որ արդէն ջնջուած էր…
Մեծ ուշադրութեամբ հարցուց ինծի. գրական հրապարակին վրայ, հիմա ճիշդ ո՞ւր կանգնած ես: 

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Թերեւս ոմանք չընդունին, բայց ճշմարիտ «հարուստ»ը այն է՝ որ անկեղծ եւ իր իսկական իմաստով «բարեկամներ» ունի եւ անոնց բարեկամութիւնը, անոնց հաւատարիմ հարազատութիւնը կը վայելէ։ Այս ուղղութեամբ, պէտք է խոստովանիլ, որ շատ հարուստ մարդ չկայ, մանաւանդ մեր օրերուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի մէջ այսօր կան բազմաթի՜ւ ծաղրանկարիչներ, սակայն, մեր կարծիքով՝ ո՛չ մէկ ծաղրանկարիչ իր ազգին մէջ այնքան համբաւ ու հռչակ չէ յաջողած ձեռք ձգել, ինչքան Սարուխանը հայ ժողովուրդի թէ՛ գրական եւ թէ մշակութային պատմութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

Երէկ, Մխիթարեան վարժարանէն հիւրեր այցելեցին խմբագրատունս։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին՝ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Սեսիլ Պոզօղլանօղլու եւ Սիւլէյման Քայլան, ինչպէս նաեւ 11-րդ դասարանի աշակերտներէն Թալիա Օսանչլըօղլու եւ Արտա Արսլան։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

Թոփգաբուի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին պտոյտ մը կազմակերպեց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտութեան համար։ Այսպէս, դպրոցի մեծ ընտանիքին տեսակէտէ անմոռանալի օր մը եղաւ՝ դէպի Քիլիոս կազմակերպուած շրջայցը։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Նախակրթարանը աւարտած փոքրիկները արդէն յաջորդ տարի պիտի սկսին միջնակարգի եւ այս անկիւնադարձը, անշուշտ, շատ յատկանշական էր՝ թէ՛ իրենց եւ թէ ընտանիքներուն համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Քաթրին Վոթրէնի կողմէ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

Աշխարհ կը հետեւի Ուաշինկթըն-Թեհրան համաձայնութեան գործընթացի մեկնարկին:
Իրանի հետ լեզու գտած ԱՄՆ-էն նոր եռանդ կ՚ակնկալուի Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ճանապարհին: Եւրոպացի ղեկավարները ջանք կը գործադրեն Թրամփը համոզելու համար:

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընդունեց ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը Թուրքիա-Ռուսաստան բանակցութիւններու օրակարգին վրայ:
Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով մանրամասնօրէն քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակը՝ տարածաշրջանային բոլոր չափումներով:

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ատիս Ապապայի մէջ եմ… Կիրակի առաւօտեան խաղաղ է Եթովպիոյ մայրաքաղաքը, ուր կեանքի կշռոյթը ինքնուրոյն է եւ, անշուշտ, տարբեր ընդհանրապէս ընկալուածէն կամ պատկերացուածէն։ Առաջին անգամ կ՚այցելեմ Ափրիկէ՝ հին աշխարհի սեւ ցամաքամասը։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վերջին դասարանի տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Մխիթարեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

Երէկ, Էսաեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ բացառիկ ոգեւորութեան։ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

Tarih Vakfı-ի կողմէ կազմակերպուած «Ընտանիքիս պատմութիւնը կը գրեմ» ակադեմական մրցոյթը:
350 մասնակիցի շարքին առաջին հանդիսացաւ Կարէն Քիւրքճիւօղլու, դատակազմին մէջ էին պատմաբաններ ու գրողներ:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ

Մէկ տարի մէկ ամիս առաջ, երբ կը հարցնէին ինծի յաջորդ տարուան Ազգային ժողովի ընտրութիւններու հաւանական ելքի մասին, ես առանց տատանելու կը պատասխանէի, որ Նիկոլը առանց խոչընդոտի պիտի յաղթէ:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Ե՞րբ սկսաւ մկրտութիւնը. ի՞նչ էր Յովհաննէսի մկրտութիւնը եւ ի՞նչ օրինակ ունէր: 2. Քրիստոս Ի՞նքն ալ մկրտեց: 3. Ի՞նչ է մկրտութեան սկզբունքը: Մեղքը քանի՞ ձեւ է:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Միջերկրականի կապոյտ հորիզոնին դիմաց տարածուած Մարսէյլ քաղաքին մէջ, «Լուսանկարչական կեդրոնը» այս օրերուն կը հիւրընկալէ բացառիկ ցուցահանդէս մը։ Անիկա անհետացած աշխարհի մը յիշողութիւնն է ձեւով մը։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ շատ պատահած է, որ շատ անհաւատներ եւ անաստուածներ ի վերջոյ հաւատացած են, քանի որ ճշմարտութիւնը ինքզինք կը յայտնէ ուշ կամ կանուխ, անպայմա՛ն, ինչպէս արեւը կը ծագի ամէն օր՝ եղանակի համաձայն ուշ կամ կանուխ, բայց անպայմա՛ն։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի ազգ մը, որ կ՚ուզէ աշխարհի երեսէն ոչնչացնել հայ ազգը, ապա թող մտապէս հանգիստ ըլլայ, որովհետեւ այդ երազը իրականացնելու համար ո՛չ մեծ պատերազմներու եւ ո՛չ ալ պայքար մղելու կարիքը ունի. 

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026

Երեւանի տուն-թանգարանէն ներս կարեւոր նախաձեռնութիւն՝ մեծ վարդապետի արխիւի թուայնացման համար:
Կոմիտասի վիթխարի ժառանգութիւնը մեծ հարթակի մը վրայ ամփոփելու հետամուտ՝ լուրջ տեսլականով աշխատանքներ:

Էջեր