Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայերէն լեզուն ոչ-շատ հեռու անցեալին ապրեցաւ անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը. շրջան՝ ուր գրաբարը սկսաւ դիտուիլ որպէս «եկեղեցական լեզու» եւ մեր կեանք մուտք գործեց աշխարհաբարը՝ իր զանազան ճիւղաւորումներով, որոնք վերջաւորութեան ամփոփուեցան Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն բաժանումներու տակ:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
20 մայիս 1851-ին, ծայր աստիճան աղքատ, Աբրահամ եւ Արուսեակ ամոլի ընտանեկան յարկին տակ աշխարհ եկած Պետրոս Դուրեան (Սկիւտար, Ենիմահալլէ, Կ. Պոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն, 20 մայիս 1851 - Կ. Պոլիս, 21 յունուար 1872)
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանը, որ մաս կը կազմէ Հայաստանեայց Առաքեալական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասուն:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Շահէն քհնյ. Օհանեանի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանի։
Երէկ, Շիշլի մարզակումբէն ներս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Նկատի ունենալով, որ մարզակումբը կայուն յաջողութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, համագումարի մթնոլորտէն ալ բնորոշուեցաւ համապատասխան բարձր տրամադրութեամբ։
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած ասուլիս-քննարկումը կը ցոլացնէ խրախուսելի մտայնութիւն մը:
Պատմութիւն, արդի կարիքներ եւ քաղաքական իրադրութիւն. որոնումներ համադրուած եռոտանիի մը վրայ՝ թրքահայ համայնքի օրակարգին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնն է Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ հրադադարի պահպանումը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Արդէն ուսումնական տարեշրջանի աւարտն է, ամէն տեղ:
Մի հարցնէ՛ք, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յանկարծ գրիչս տողերուս վրայ կ՚արձանագրէ եօթ եւ աւելի տասնամեակներ առաջ ծննդավայրիս յաճախած վարժարանիս մասին, որ կը կոչուէր Ազգային Հայկազեան երկսեռ վարժարան, ուր մանկապարտէզի (4) եւ նախակրթարանի (6) տարիներս հո՛ն անցուցած էի:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի 19 Մայիսի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայագիտութեան ժամանակակից դաշտին մէջ, ուր ուսումնասիրութիւններու մեծ մասը կը կեդրոնանայ արդէն իսկ ծանօթ աղբիւրներու վերարժեւորման վրայ, հետաքրքրական է տեսնել նոր աշխատութիւններ, որոնք թէ՛ առկայ բացերը կը լրացնեն, թէ՛ կը վերաձեւեն նոյնիսկ գիտական քարտէսի ընկալումը։
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1. Ինչպէ՞ս կը ներգործէ եկեղեցւոյ սրբութիւնը: Ի՞նչ է սրբութիւնը: 2. Ինչո՞ւ համար անհրաժեշտ է մանկամկրտութիւնը քրիստոնեաներուն համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բայց մի՛ պարծենար եւ մի՛ արհամարհեր կոտրած ճիւղերը. մի՛ մոռնար որ դո՛ւն արմատներուն վրայ հաստատուած ես եւ ո՛չ թէ արմատները Քու վրադ». (ՀՌՈՄ. ԺԱ 18)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւելահայ գրականութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ մոռցուած դէմքեր ու անուններ, որոնք իրենց իմաստութեամբ, իրենց գրական շնորհներով ու արժէքներով աւելի պակաս տաղանդաւոր չեն՝ քան ազգի մը իրենց անունը անմահացնել յաջողած գրողները:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային միտքը դարեր շարունակ ձգտած է լոյսին՝ ո՛չ միայն իբրեւ ֆիզիքական երեւոյթ, այլ որպէս խորհրդանիշ ճշմարտութեան, իմաստութեան եւ ներքին ազատութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը՝ որ «փոքրիկ տիեզերք» մը կոչուած է, սակայն, իր մէջ կը զգայ անհունութեան անհպելի սահմաններուն սաւառնող կարողութեան մը թռիչքը։ Ուստի, իր միտքին սրաթռիչ թեւերովը մերթ կը խոյանայ դէպի երկինքի բարձրութիւններուն եւ մերթ կը մխրճի երկրի ընդերքներու մէջ եւ ովկիանոսներու անդնդախոր յատակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ տեղ գտած հակասութիւնները այնքան ալ զարմանք չեն պատճառեր. հակասութիւնները մարդկային կեանքի անբաժան մէկ մասը կը կազմեն, սակայն, վիճակը տարբեր կ՚ըլլայ, երբ երկու հակասութիւններ միատեղուին:
«Բարեկամ» խմբակին կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու եզրափակիչ հանդիսութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ: Հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Տ. Շիրվան քահանայ Միւրզեան:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները այս տարի եւս իրականացուցին պտոյտ մը՝ ամառնամուտի շրջանին: Դպրոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, ութերորդ դասարանի տղաքը այս պտոյտը իրականացուցին՝ մէկ կողմէ բարձր տրամադրութեան պայմաններով զիրար վայելելով, իսկ միւս կողմէ դպրոցէն հրաժեշտ առնելու յուզումնախառն պահուն ընդառաջ: