Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հնարամտութիւնը ձիրք մը, բարեմասնութիւն մըն է՝ որուն տառացի նշանակութիւնն է. իմաստութեամբ գործել, ուշիմութիւն եւ սրամտութիւն։ Արդարեւ, այս բարեմասնութիւնը, առհասարակ կ՚ենթադրէ «ճարպիկ ըլլալ», այսինքն շիտակ եւ արագ կերպով հարց մը լուծելու կարողութիւն ունենալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակակից հասարակութեան մէջ արմատաւորուած է ինքզինք սեփական դիրքէն ու արժանիքէն աւելի վեր ցոյց տալու անսանձ հոգեկան ձգտումը. հիւանդութիւն՝ ձեւանալու այն՝ ինչ որ չեն ու գուցէ երբեք չկարենան ըլլալ:
Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի: Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթավերջին վերաօծուած ու պաշտամունքի վերաբացուած էր այս եկեղեցին, ուր երէկուան կիրակնօրեայ արարողութիւնները տեղի ունեցան հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ:
Շաբաթավերջին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հանդիսապետութեամբ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելութիւն մը տուաւ՝ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որ ապօրինաբար տնային կալանքի տակ կը գտնուի: Վեհափառ Հայրապետը մեծանուն հայորդիին փոխանցեց Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքներ յղեց, որպէսզի տոկունութեամբ ու հաւատքով դիմագրաւէ առկայ դժուարութիւններն ու փորձութիւնները:
Երէկ, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն, որ երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Հռոմ։ Օրուան տեւողութեան Ռուպիօ ընդունուեցաւ նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանիի կողմէ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու հանդէսներ՝ Մայրերու օրուան առթիւ, որ կը նշուի այս շաբաթավերջին։ Դպրոցէն ներս մանկապարտէզի փոքրիկները առանձին հանդէս մը իրականացուցին, իսկ միջնակարգի աշակերտները՝ տարբեր ձեռնարկ մը։
Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցին վերաօծուեցաւ եւ պաշտամունքի բացուեցաւ, ինչ որ հոգեւոր ուրախութեան առիթ դարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: Աւանդաբար այս եկեղեցին կը ճանչցուի՝ որպէս «Ձկնորսներու եկեղեցի», իբր այդ ալ պոլսահայ սրբատեղիներու շարքին ունի առանձնայատուկ տեղ մը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ պատգամաւորական ժողով։ Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս գումարուեցաւ հերթական պատգամաւորական ժողովը, որ 99-րդն էր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր ընդունեց միջազգային իրաւաբան ու իրաւապաշտպան Ռոպերթ Ամսթերտամը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հաւանաբար, մարդկային գոյութենական ու կեցուցանական ամենայատկանշական ու ցուցանիշային գործառոյթներէն մէկը փափաքն է. այդ փափաքի համար ձեռք բերուած գործամղումները նախ ոգեղէն, ապա ֆիզիքական են:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՄՆ-Իրան անորոշ բանակցութիւններն ու Լիբանանի վրայ հետզհետէ ծանրացող մեծ փոթորիկը:
Մերձաւոր Արեւելքի նոր վերադասաւորումները կ՚ընթանան «հանրութեան մատչելի» հաւանական զիջումներու պայմաններով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օրերուն, այր եւ կին, Եւրոպա արձակուրդի գացած էինք, դէպի անոր ծայրագոյնը` Իրլանտա եւ Իրլանտական Հանրապետութիւն: Ու սկսելով Իրլանտայի Տապլինէն, ամբողջ երկու շաբաթ, մեծ ու հանգստաւէտ փոխադրակառքով եւ ընկերակցութեամբ հմուտ կայտ-առաջնորդի մը, շուրջ յիսուն զբօսաշրջիկներով, եզերած էինք այս երկու երկիրներու մեծ ու փոքր քաղաքներն ու գիւղերը ու վերջին՝ հասած էինք Պելֆասթ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շուշանիկ Կուրղինեան ծնած է 1876 թուականի օգոստոսի 18-ին, Ալեքսանդրապոլ, Ռուսաստան:
Զաւակն է Յարութ եւ Տիրուհի Փոփոլճեանցներու համեստ ընտանիքին: Հայրը եղած է կօշկակար, որու հետեւանքով բաւական դժուար պայմաններու մէջ մեծցած է, դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարելի՞ է երեւակայել յաւիտենականութեան նշանակութիւնը։ Ընդհանրապէս մարդիկ կ՚ուզեն երիտասարդ մնալ եւ կեանքը անգամ մը եւս ապրիլ։ Բայց յաւիտենական կեանքը միա՛յն դրախտի մէջ կայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը կարծենք, որ հայ գրականութեան մէջ դժուար է գտնել դէմք մը, որ այնքան բանավէճի ու քննադատութեան առիթ տուած է՝ քան Շահան Շահնուրը, որ թէ՛ անցեալին եւ թէ թերեւս նաեւ այսօր ունեցած է իր կողմնակիցներն ու հակառակորդները։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը՝ քանի յիշեալ հիմնադրամի ներկայացուցիչները մասնութիւն բերած էին քննարկումներուն։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային քրէական ատեանի նախագահ Թոմոքօ Աքանէի հետ։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս։
