Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահոց 40 օրուայ պահեցողութեան շրջանը երբ կը բոլորենք եւ օրերը կը հասնին իրենց լրումին, հաւատացեալներ ներհայեցողութեան միջոցով հոգեւոր հաշուեյարդար մը կը կատարեն եւ որոնք կարողացած կը զգան իրենք զիրենք նուազագոյն կերպով հաւատարիմ մնացած ըլլալ այս շրջանին իմաստին ու նպատակին, գոհութեան զգացումով կ՚ուրախանան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եզնիկ կը ճանչցուի ընդհանրապէս Կորիւնի եւ Խորենացիի հաղորդած տեղեկութիւններու չափով։ Եզնիկ, այս տեղեկութիւններուն համաձայն ծնած է Կողբ գիւղին մէջ, Դ. դարուն վերջին տարիներուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը երէկ փայլատակեց «Մարմարա» օրաթերթի ճակատին։ Ի՜նչ մեծ պատիւ մեզի համար։ Երեւակայեցէք, երկրի սրտին վրայ ահաբեկչական պայթում պատահեր է, սակայն ալեհեր խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան յարմար դատեր է իր թերթին ճակատը յատկացնել մեզի։ Զգացուած ենք. այն աստիճան, որ չենք ուզեր թողուլ անարձագանգ։
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի դարմանումը կը շարունակուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Երէկ, Արա Կիւլէր որոշ ժամանակ հիւանդանոցէն դուրս գալով ենթարկուեցաւ ընթացիկ տիալիզին եւ աւելի վերջ վերադարձաւ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ ճգնաժամը։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Արման Մանուկեանի։ 3x3 ձեւաչափով կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը այս տարի համընկնեցաւ Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիւրտերու ճակատագիրը անյայտ է եւ անոնք կ՚օգտագործուին որպէս պատերազմի գործիք մը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունական Կիպրոս, ուր հիւրընկալուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Նիքոս Անաստասիատիսի կողմէ։ Ան կղզիի մէջ հիւրընկալուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Հայրի Ինէօնիւ կը ձգտի աւելի համակարգուած կապեր մշակել փոքրամասնական համայնքներուն հետ:
Սիրան Սուրքի կը նախատեսէ քաղաքապետարանին հետ ապահովել կամուրջ մը՝ բոլորի սպասումները արդարացնելու համար:
Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ վերջին շրջանին խտացած որոնումներէն վերջ յստակեցման համար ջանքեր:
Թուրքիա եւ Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի գաղթականներու հրատապ հարցով պայմանաւորուած իրավիճակի մը մէջ կը ձգտին նոր ուղղութիւն մը տալ իրենց յարաբերութիւններուն: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վերստին կը մէկտեղուի եւրոպացի ղեկավարներուն հետ:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի վերջին Արեւագալի արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր Ժիրայր Օհանեան Չաքըրի յիշատակին։ Մինչեւ տասներկու տարեկան մարզիկներու համար նախատեսուած արագ ճատրակի մրցաշարք մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի ներկայացուցիչները։ Նկատի ունենալով, որ այս հաստատութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելենական շրջանը՝ անոր ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել Գումգաբու։
«Պողազիչի» տեսողական արուեստներու հաւաքականութիւնը երէկ երեկոյեան ներկայացում մը սարքեց Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ արտասահմանի մէջ։ Անմահ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակը կենդանի պահելու առաջադրութեամբ կ՚աշխատի այս հիմնարկը, որ զուգահեռաբար ծնունդ կու տայ գեղարուեստական նոր շարժումներու։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Յանդուգն դասախօսական երեկոյ մը, մանաւա՛նդ այս օրերուն համար, նուիրուած Միջին Արեւելքի ու յատկապէս արաբ, պարսիկ, իսլամ ժամանակակից արուեստներուն: Ու այս իմաստաւորուեցաւ մասնաւորապէս երբ կը տրուէր Մենհեթընի սրտին՝ «Նիւ Եորք Քաղաքի համալսարան»ի «Աւարտականներու կեդրոն»էն ներս, ակադեմական շրջանակի մը համար որ գերազանցապէս լեցուն է հրեաներով ու նաեւ՝ հակաարաբ ու հակաիսլամ զգացումներով:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սաղիմահայ բանաստեղծուհին Երեւան վերջին այցելութեան օրերուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հարցազրոյց մը տալով՝ բաժնեց իր խոհերը Հայաստանի մասին:
Անուշ Նագգաշեան. «Եթէ մարդիկ աւելի ազնիւ ըլլային, աւելի մօտ ըլլային գիրին ու արուսետին, արդէն այսքան չէր չարանար աշխարհը»:
Թուրքիա-Ատրպէյճան բարձր մակարդակի ռազմավարական գործակցութեան խորհուրդին 5-րդ նիստը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուցին, որ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ: Անգարայի մէջ որոշուեցաւ նաեւ թափ տալ TANAP-ի շինարարութեան աշխատանքներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ժամակարգութիւն» կը նշանակէ՝ եկեղեցական ժամասացութիւն, ծէս, ժամերու դասաւորում։ Ժամակարգութիւնը, այս իմաստով՝ ժամերու, այսինքն ժամերգութեան եւ ժամասացութեան, պաշտամունքի յատուկ եկեղեցական կարգն է։ Հայ Եկեղեցին ալ ունի ժամերգութեան յատուկ կարգը։ Ուստի կ՚արժէ ժամակարգութիւնը դիտել անգամ մըն ալ Եկեղեցւոյ պատմութեան տեսանկիւնէն եւ տեսնել, թէ ինչպէս հասած ենք ներկայ վիճակին։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երէկ այցելեցին Էտիրնէգաբուի գերեզմանատունը։ Տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի կողմէ գլխաւորուած աշակերտները գերեզմանատան մէջ կատարեցին ծառատունկ, ինչ որ հաճելի ու եզակի փորձառութիւն մըն էր իրենց տեսանկիւնէն։
