ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՒԵՏԻՍ
Տօնական բարձր տրամադրութիւնը շաբաթավերջին ամբողջութեամբ համակեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը: Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ պատարագեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան ժամանակ համայնքային շրջանակները ջերմօրէն զիրար ողջունեցին՝ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ համայնքային ընդունելութեան ընթացքին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ մօտաւոր ապագային երկրի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ համայնքային շրջանակները ինչպէս միշտ, պիտի հիւրընկալեն քաղաքական շրջանակներէ գործիչներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Ս. Զատկի տաղաւարի առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի եւ Տիարպաքըրի մեր եկեղեցիներուն մէջ։
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Համահայկական խաղերը այսուհետեւ պիտի կազմակերպուին երկու տարին անգամ մը՝ ամրան եւ ձմրան:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աշակերտները տօնական շրջանը արժեւորեցին զանազան ձեռնարկներով։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն սաներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահը այցելութիւն մը կու տայ Իսթանպուլ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երկու միաբան՝ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանն ու Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերտեանը։
Հայաստանի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն ցաւակցական մը ուղարկած է նորոգ հանգուցեալ մարզական գործիչ Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Ծանօթ է, որ Նազար Հանչէրի անժամանակ կորուստը վերջերս մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։