ԵՒ ՍՊԻՏԱԿ ԷՋ ՄԸ…
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ընտրութիւնը եկաւ անկիւնադարձ մը բնորոշել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ:
«Լուսաւոր ապագայ»ի յոյսով ու վստահութեամբ:
6 ընտրատեղամասերէ ներս 5524 հոգի մասնակցեցաւ քուէարկութեան: Վաւերական 5550 ձայներէն 2984-ը ստացաւ Աքսել Թոփալեանի գլխաւորած ճերմակ ցանկը: Շէյտա Նանեանի առաջնորդած դեղին ցուցակն ալ 1128 քուէ ապահովելով՝ արձանագրեց նկատելի յաջողութիւն մը: Համայնքը աչալրջութեամբ կանխեց՝ թեկնածուական խումբերու բազմազանութիւնով յառաջանալիք հաւանական անակնկալները:
Յայտնի նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլու այս օրերուն բացած է ցուցահանդէս մը, որ տեղի կ՚ունենայ Նշանթաշըի «ART 212» գեղարուեստասրահին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան վրայ։ Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը։ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ ընտրելու համար նոր թաղային խորհուրդը։
Մեծ պահոց նուիրական շրջանին Նորին Ամենապատուութիւնը փութաց աղէտի գօտի, ուրկէ կը վերադառնայ այսօր:
Աղէտալի երկրաշարժին յաջորդած մթնոլորտին մէջ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը շարունակէ առաջնահերթութիւն ներկայացնել աղէտեալներուն ի նպաստ օժանդակութիւններու կազմակերպումը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան Ճերմակ ցանկի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Աքսել Թոփալեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Իտալիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Էլէնա Քլեմենթը։ Այսպէս, իտալացի դիւանագէտը պաշտօնի կոչուելէ վերջ Պատրիարքարան փութացած էր՝ ծանօթանալու համար Պատրիարքական Աթոռին եւ անոր գահակալին։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ՝ թեկնածութիւն առաջադրած վեց խումբերը կը շարունակեն քարոզչական աշխատանքները։ Այս ամբողջին մէջ բաւական ազդու եւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ Դեղին խմբակը, որ կը գլխաւորուի համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն Շէյտա Երկանեան-Նանեանի կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի նորընտիր խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։