ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ԼԻ ՈԳԵՒՈՐ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ
Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը երէկ առաւօտեան արարողութիւններով հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքի պատմական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգերը առաւօտեան ժամերուն աւետեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ժամանումը։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Բոլորը հոգեզմայլ երգեցողութիւններուն հետեւեցան, նաեւ լսեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քարոզին։
«ԹԷՏ» Աթաքենթ քոլէճի տանտիրութեամբ Թուրքիոյ Մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Առաջին մտախաղերու մրցաշարքին մասնակցեցան տասնինն միջնակարգէ աշակերտներ։ Մասնակից աշակերտական խումբերը որպէս ուղեցոյց ունէին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, թաղի Տատեան վարժարանի ընթացաւարտ դասարանին համար: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան գլխաւորութեամբ՝ ուսուցչաց կազմը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Կղզեաց նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուն, որ Պատրիարքարան փութացած էր Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնելու Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ կացութիւնն ու ծրագիրները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր հիւրընկալեց Տ. Պօղոս Աւ. Քհնյ. Պարոնեանը, որ նախկին պոլսահայ մըն է եւ ձեռնադրուած ու օծուած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ։
Ընտրական մարմինը յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ առաքելութիւնը աւարտելու կապակցութեամբ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, այսօր կը մեկնի Կեսարիա։ Իրեն կ՚ընկերակցի նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Շիշլի մարզակումբը անցեալ շաբաթավերջին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպեց արագ ճատրակի մրցաշարք մը, որու հասոյթը կը տրամադրուի աղէտեալներուն։ Երկրաշարժին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Շիշլիի վարչութիւնը յանձնառութիւնով հանդէս եկած է՝ աղէտեալներուն զօրակցելու նպատակով։