Լրահոս

Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԱՆԿԻՆԱՍԻ

Անցեալ ապրիլին քորոնաժահրի համաճարակին զոհ գացած լուսանկարիչ Նիքօ Մանկինասի ի յիշատակ կազմակերպուած լուսանկարչական մրցոյթը կ՚ընթանայ փուլ առ փուլ։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի պաշտօնական լուսանկարիչն էր Մանկինաս, որուն ի յիշատակ նախատեսուած «Մենք ու մեր աւանդութիւնները» խորագրեալ լուսանկարչական մրցոյթի մասնակցութեան համար սահմանուած վերջնաժամկէտը արդէն աւարտած է։

ԱՆՑԵԱԼԸ ՇԱՂԿԱՊԵԼ ԳԱԼԻՔԻՆ

«Բարեւ TV» ամերիկահայ առցանց հեռուստակայանը արձագանգեց՝ 114-ամեայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգին:
Արա Գօչունեան. «Պատմութեան համար, նոսթալժիի համար բան մը չենք ուզեր, մենք կը ջանանք պատրաստուիլ ապագային, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ մեր թերթի առաքելութիւնը չէ աւարտած»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԱԼ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԻՐ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ օրակարգով նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ, Անգարայէն վերջ Երեւանն ալ հրապարակեց իր յատուկ ներկայացուցիչին անունը։

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑԻՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իսլամապատի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի արտահերթ նիստին։

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿ

Ի տարբերութիւն նախորդ փորձերէն՝ Անգարա եւ Երեւան այս անգամ ուղիղ պիտի շփուին, առանց միջնորդի ու կ՚ակնկալուի, որ 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններն ալ վերստին օրակարգի վրայ գան:
Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումէն վերջ պիտի յստականայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ճանապարհային քարտէսը: Լրատուամիջոցները հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն կ՚անդրադառնան նախատեսուած իրադարձութիւններուն:

«ԶԱՐՄԱՑՈՒՑԻՉՆ ՏԻԵԶԵՐԱՑ». ԶՈՒԱՐԹՆՈՑԻ ՏԱՃԱՐԸ ՇԻՆԱԾ ՆԵՐՍԷՍ Գ. ՏԱՅԵՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ (641-661)

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան (1864-1934թթ.) ծնած է Շապին Գարահիսար, ուր տարի մը ետք ծնած է զօրավար Անդրանիկ։ Փարիզի Սորպոնի համալսարանէն վկայեալ ճարտարապետ Թորամանեան ստեղծագործած է Սոֆիայի, Վառնայի, Պելժիայի, Ռումանիոյ, Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Յունաստանի եւ հուսկ ուրեմն պատմական մեր Վաղարշապատ եւ Անի քաղաքներուն մէջ։

Էջեր