ԹԵՔՆԻԿ ՄԵԾ ՎԵՐԱԶԻՆՈՒՄ
Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս համալրուեցաւ զանազան նոր սարքաւորումներով:
Հայ կրթական հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ յատկացուած վերջին միջոցները պիտի ապահովեն լուրջ արդիւնք:
Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս համալրուեցաւ զանազան նոր սարքաւորումներով:
Հայ կրթական հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ յատկացուած վերջին միջոցները պիտի ապահովեն լուրջ արդիւնք:
Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ այցելութիւն մը կու տայ Ապու Տապի, ուր այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Զայիտի հետ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութիւններու մթնոլորտին մէջ Պաքու հերթական անգամ բարձրաձայնեց իր ակնկալութիւնները՝ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի սկսելուն ուղղութեամբ։
Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներս այս օրերուն ցաւալի իրադարձութիւն մը արձագանգ գտած է։ Այսպէս, լրագրող-հրապարակագիր վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ մասնագիտական գործունէութիւնով պայմանաւորուած կը թիրախաւորուի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Երեւանի մէջ լոյս աշխարհ եկած է Արի Քենտիրլի-Արեւիկ Պապայեան ամոլի երկրորդ որդին, որ անուանուած է՝
ԴԱՆԻԷԼ
Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։
Ժամանակն է որդեգրել՝ Ազգային Սահմանադրութեան նմանութեամբ կանոնադրութիւն մը, որով աշխարհականներ եւս մասնակից պիտի կարողանան դառնալ վանքի կալուածներու եւ թանգարանային հարստութեան տնօրինումին ու վերահսկողութեան։ Բարեկարգութեան օրակարգը կը մնայ բաց վէրքի մը նման, որ կը կոտտայ:
Նուիրապետական մեր չորս աթոռներու շարքին Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը միակն է, որ կը շարունակէ շեղած ու զարտուղութեան մէջ մնալ Հայ Եկեղեցւոյ իւրայատուկ եւ ինքնատիպ նկարագրէն:
Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման շուրջ ծաւալուած երկարատեւ քննարկումներէն եւ հրապարակումներէն վերջ, երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին ժողով մը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնն ու բախումները չեն դադրիր՝ ընդ որում վերջին մէկ-երկու օրերուն դարձեալ սկսած են խլել զոհեր։ Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ դարձեալ յարձակում գործեցին հայկական մարտական դիրքերու վրայ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, որ պաշտօնը ստանձնելէ վերջ անդրանիկ արտասահմանեան այցելութիւնը տուաւ Փարիզ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի կողմէ հեղինակուած «Հայաստան-Թուրքիա. պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» գիրքին շնորհանդէսը։ Այս հետաքրքրական գործը վերջերս «Անտարես» հրատարակչութենէն լոյս տեսած էր։