ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ԵՒ ՀԵԼՍԻՆՔԻԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԹՕ-Է ՆԵՐՍ ՇՈՒԱՐՈՒՄ ՍՏԵՂԾԵՑ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ իրադարձութիւնները այնպիսի հունի մը մէջ կ՚ընթանան, որ ամէն պահ զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենայ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Վերջին օրերուն Շուէտի եւ Ֆինլանտիայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարին կապակցութեամբ Թուրքիայէն հնչած վերապահ ձայնն ալ այդ շարքին մաս կազմեց։
«Ետիթեփէ» համալսարանէն ներս երէկ բացուած ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ նմոյշներ հայկական պատմական թերթերէ, որոնց շարքին միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը լոյս կը տեսնէ ցայսօր:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու խանդավառ հանդէսներ, որոնցմէ մին ձօնուած էր Մայրերու օրուան, իսկ միւսը՝ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա հաշտ աչքով չի դիտեր Ֆինլանտիոյ եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարը։
Լոյսը կեանք է, միանշանակ։ Ուր որ կը թափանցէ լոյսը՝ այնտեղ կը ներգործէ կեանքը։ Առանց լուսաւորութեան չկայ կենսունակութիւն։
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեսակցութիւն:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, որ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին լուծումը քիչ մը եւս ժամանակի կրնայ կարօտիլ։ Մօտաւոր անցեալին Իզմիրի մէջ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ կազմակերպուած աշխատաժողովի մը ընթացքին Ուսթապաշը տեղեկացուցած էր, որ պատրաստուած նոր կանոնադրութեան նախագիծը իրեն ցոյց տրուած է եւ ինք պատկան մարմիններու նկատառման յանձնած է որոշ դիտարկումներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի վերահսկողութեան ներքեւ աշխարհի հայաշատ կեդրոններէն ներս հետազօտական աշխատանք կ՚իրականացուի հաւաքական տրամադրութիւններու, մտածելակերպի եւ առաջնահերթութիւններու յստակեցման տեսակէտէ։