ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՔԱԹԱՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Տոհա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախատեսուած է նախագահ Սարգսեանի հանդիպումը՝ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ Թանիի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» բանակցային ձեւաչափը կրնայ հետաքրքրական ըլլալ՝ եթէ պարզուի, որ այդ հարթակին վրայ պիտի չքննարկուին այնպիսի հարցեր, որոնց քննարկման շուրջ հայկական կողմը այլ ձեւաչափերու մէջ ներգրաւուած է։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախարարները քննարկած են տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարներու զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։
Պերլինի մէջ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Պունտեսթակի մէջ երդուելէ վերջ ընկերվարական Օլաֆ Շլոց ստանձնեց Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլտատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներուն մէջ կ՚ընդգծուի, որ Մոսկուա այս փուլին ինքզինքին աւելի մօտիկ կը նկատէ Անգարան՝ Աթէնքի բաղդատմամբ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կը շարունակեն կրակոցներ հնչել։ Երէկ ուշ երեկոյեան Ատրպէյճանի բանակը հերթական անգամ կրակ բացած է Հայաստանի սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած մարտական դիրքերու վրայ։
«Մատենա» նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ Հայաստանի առջեւ՝ բարեփոխումներու խրախուսումով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի պատասխանատուները։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ կամաւոր հոգաբարձուները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան։
Տոհայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Քաթար բարձրագոյն ռազմավարական կոմիտէի 7-րդ ժողովը, որու զուգահեռ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն համագործակցութեան խորացումը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս առթիւ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Տոհա՝ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Սանիի հրաւէրին ընդառաջ։