ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԻ
Հայաստան Թուրքիոյ հետ այժմ առկայ բոլոր հարցերը քննարկելի կը համարէ՝ կարգաւորումէ վերջ:
Երեւան կը յստակեցնէ իր պատկերացումները՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու հաւանական բնականոնացման շուրջ:
Հայաստան Թուրքիոյ հետ այժմ առկայ բոլոր հարցերը քննարկելի կը համարէ՝ կարգաւորումէ վերջ:
Երեւան կը յստակեցնէ իր պատկերացումները՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու հաւանական բնականոնացման շուրջ:
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ հերթական անգամ բարձրաձայնեց իր երկրի մօտեցումները Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ըստ իրեն, Թիֆլիզ կ՚առաջարկէ հարթակ դառնալ՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բարձր մակարդակի շփումներու համար։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը կը շարունակուի։ Ինչպէս ծանօթ է, ընդհանուր քարտուղարը վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որոնք Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը քննարկեցին Ուաշինկթընի վարչակազմէն պաշտօնատարներու հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնք հիմնախնդրին կապակցութեամբ քննարկումներ ծաւալեցին Սպիտակ տան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան պաշտօնատարներուն հետ։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ այժմ եղածի պահպանումը անհրաժեշտ նախադրեալն է, որպէսզի Արցախը մնայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Դաւիթ Պապայեանի կանխատեսումներով, հինգ տարի վերջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը դժուար թէ կարգաւորուած ըլլայ։
Երէկ Կրետէ կղզիին մէջ պատահեցաւ երկրաշարժ մը, որու սաստկութիւնը րիխթերեան չափանիշով կազմեց 5.8։ Սա Յունաստանի մեծագոյն կղզին է ու Միջերկրականի մեծագոյններէն, ուր պատահած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Թուրքիոյ հարաւ-արեւմուտքի զանազան քաղաքներէն ներս։
ԱՆԱ ՄԱՐԻԱ
Երբ քո տնից մէ՛կ մէ՛կ յոգնես,
Յիշի՛ր նրանց որ տուն չեկան,
Երբ չոր հացի համից զզուես,
Յիշի՛ր նրանց որ չկերան։
Թէ՛ քո խաչը արհամարհես,
Յիշի՛ր վանքի պատերը հին,
Որ այն արդէն օտար ձեռքում՝
Կարօտ մնաց հայի հոտին։
Այսօր Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցն է։ 44-օրեայ պատերազմի տարելիցին առթիւ այս առաւօտ, տեղւոյն ժամով՝ 11.00-ին պահուեցաւ յարգանքի լռութիւն։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ ամփոփելով Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մէկ տարին։ Ստորեւ կը հրատարակենք այս յայտարարութիւնը, որ տարածուած է ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին կողմէ։
Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցի ընդառաջ, շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։