ԴԷՊԻ ՅՍՏԱԿՈՒԹԻ՞ՒՆ
Մոսկուայի մէջ տեւական բանակցութիւններ վարուած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանները պիտի ճշգրտուին՝ առանց Արցախի կարգավիճակի որոշման:
Մոսկուայի մէջ տեւական բանակցութիւններ վարուած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանները պիտի ճշգրտուին՝ առանց Արցախի կարգավիճակի որոշման:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Զրուցակից նախարարները այս առթիւ գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման կապակցութեամբ։
Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ եզակի թատերական ներկայացում մը։ «Moda Sahnesi»ին մէջ թատերասէրները համախմբուած էին «Պողազիչի» գեղարուեստից հաւաքականութեան բեմադրած խաղին հետեւելու համար։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վիճակէն կ՚ազդուի նաեւ Իրան:
Երեւանի եւ Թեհրանի ղեկավարութիւնները կ՚անդրադառնան բեռնափոխադրումներու անխափան կազմակերպման ու տարածքաշրջանի առկայ գործընթացներու վերաբերեալ հարցերու:
Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն կ՚արձագանգեն Գորիս-Կապան մայրուղիի երեւոյթներուն:
Ռուսաստան Ատրպէյճանի նկատառման յանձնած է իր դիրքորոշումը՝ Լաչինի մէջ Թուրքիոյ հետ համատեղ կազմակերպուած զօրավարժութիւններուն կապակցութեամբ, ինչ որ ընկալուած է հասկացութեամբ: Լին Թրէյսի «չափազանց կարեւոր» որակեց Սիւնիքի իրադարձութիւնները:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքարի հետ։ Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցաւ նախարարներու հանդիպումը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անհնար է հաշուի չառնել ու չարձանագրել այն փաստը, որ երէկ տեղի ունեցաւ յանուն «պաշարուած» Լիբանանի։
Խօսքը Իրանի նաւթատար նաւուն մասին է, որ բեռնաւորուած էր մազութով եւ անցնող ժամերուն հասաւ Սուրիոյ Պանիաս քաղաքի նաւահանգիստ։
Երէկ՝ հոգելոյս Հրանդ Տինքի ծնած օրը, համանուն հիմնարկը կազմակերպեց իր իսկ անունով, իրեն ի յիշատակ հաստատուած հերթական մրցանակաբաշխութիւնը:
Առցանց ձեռնարկով հրապարակուեցան այս տարուայ դափնեկիրներուն անունները: Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ռաքել Տինք - Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ «Amnesty Intarnational»ի ընդհանուր քարտուղարը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս առաւօտ պաշտօնապէս ստանձնեց ՀԱՊԿ-ի ղեկը:
Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Տուշանպէի գագաթաժողովին:
Մինչ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը կը շարունակուի սերտօրէն, Անգարայի եւ Պաքուի ռազմական ղեկավարութիւններուն միջեւ ալ յաճախակիօրէն այցելութիւններ կը փոխանակուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ Անգարա այցելեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, որ հիւրընկալուեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի կողմէ։