ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ այժմ եղածի պահպանումը անհրաժեշտ նախադրեալն է, որպէսզի Արցախը մնայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Դաւիթ Պապայեանի կանխատեսումներով, հինգ տարի վերջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը դժուար թէ կարգաւորուած ըլլայ։
Երէկ Կրետէ կղզիին մէջ պատահեցաւ երկրաշարժ մը, որու սաստկութիւնը րիխթերեան չափանիշով կազմեց 5.8։ Սա Յունաստանի մեծագոյն կղզին է ու Միջերկրականի մեծագոյններէն, ուր պատահած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Թուրքիոյ հարաւ-արեւմուտքի զանազան քաղաքներէն ներս։
ԱՆԱ ՄԱՐԻԱ
Այսօր Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցն է։ 44-օրեայ պատերազմի տարելիցին առթիւ այս առաւօտ, տեղւոյն ժամով՝ 11.00-ին պահուեցաւ յարգանքի լռութիւն։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ ամփոփելով Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մէկ տարին։ Ստորեւ կը հրատարակենք այս յայտարարութիւնը, որ տարածուած է ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին կողմէ։
Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցի ընդառաջ, շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։
Ֆէրիգիւղի փողոցներուն մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Քուրթուլուշի փողոցներու փառատօն» կոչուած ձեռնարկը կազմակերպուած էր՝ բնութեան, գեղարուեստի եւ մարդկութեան ազատութեան համար կարգախօսով։
Հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ»ի վարձակալութիւնը կը ծառայէ Հին քաղաքի պատմական ու տեղագրական առանձնայատկութիւնները փոխելու եւ զայն հրէականացնելու նպատակին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ եթէ բացուի նաեւ Թուրքիոյ հետ երկաթուղին, ապա տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւնները շատ աւելի մեծ ծաւալներ պիտի ունենան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է փորձառու դիւանագէտ ու վաստակաշատ թարգմանիչ Համլէթ Գասպարեան։ Սա իսկապէս մտաւորական անհատի մը կորուստն է, որ մեծ ցաւ յառաջացուցած է։