ԷՐՏՈՂԱՆ ՅԱՅՏՆԵՑ, ՈՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն, աւարտելով իր բազմակողմանի շփումները վերադարձաւ Թուրքիա։ Նախագահ Էրտողան վերադարձի ճանապարհին, թռիչքի ընթացքին զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
«Աւրորա» մրցանակի յանձնման արարողութիւնն ու զուգահեռ ձեռնարկները այս տարի տեղի պիտի ունենան Վենետիկի մէջ, Իտալիա։ Համանուն մարդասիրական նախաձեռնութիւնը մշակած է բազմակողմանի ծրագիր մը, որ կեանքի պիտի կոչուի 8-10 հոկտեմբերին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջին օրերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան բնագիրը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու ծիրէն ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ, նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։ Բազմաթիւ հարցերու շարքին ան այս առթիւ անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դառնայ 30 տարեկան… Տարեդարձի թիւը թէեւ կլոր է, սակայն, մթնոլորտը շատ հեռու է յոբելեանէ մը։ Հիմնադրութենէն երեք տասնամեակ անց հայոց պետականութիւնը կը դիմագրաւէ մահուկենաց պայքար։