Լրահոս

ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՊԵՐԼԻՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Դէպի Պերլին աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Կեզա Անտրէաս ֆոն Կայրիի հետ։

ՎՃՌՈՐՈՇ ԼՈՒՐՋ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կանգ կ՚առնէ տարածաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման վրայ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ ՆԱԹՕ-ի մօտ հաւատարմագրուած անդամ երկիրներու դեսպանները:

ԿԱՐԵՒՈՐ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը շարունակէ հրապարակային խորհրդածութիւններով հանդէս գալ՝ երկրի հրատապ օրակարգի վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ տեսակէտները հրապարակեց՝ իր առաջնորդած Հայ ազգային քոնկրէսի պաշտօնական կայքէջին վրայ։

ԹՐԱՄՓ-ՄԱՔՐՈՆ ԶՐՈՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին կանգ առին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին ու Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն վրայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒՄԸ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Թէ՛ առաջ եւ թէ այսօր պատմաբանները, կարծես, կը նեղուին, երբ ոեւէ մէկը կողքէն կ՚արձանագրէ, որ իրենց գրած դասագիրքը կ՚արտացոլէ օրուայ իշխանութեան տեսակէտը։ Օրինակ, ժամանակին 2008-ի մարտի 1-ի իրադարձութիւններու համար դասագիրքերու մէջ ամբողջ մեղքը բարդուած էր ցուցարարներուն վրայ։

ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅ

Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ օգոստոսի 8-ին ստորագրուած յուշագրին շուրջ աշխատանքային բանակցութիւնները այսօր ալ կը շարունակուին:
Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ TRIPP-ը Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկկողմանի քննարկման առարկայ նախագիծ մըն է՝ ընդ որում Պաքուի հաւանութեամբ:

Էջեր