Արխիւ
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի վերջին նախաձեռնութեան, որով 24 ապրիլը կը հռչակուի «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր»։ NTV-ի հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով խստիւ պախարակեց Մաքրոնի յայտարարութիւնը։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն կ՚ընկերանար ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ջերմօրէն ողջունեց Սահակ Սարգսեանի եւ Նաղաշ Յակոբեանի այցելութիւնը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փետրուարը հայ գրականութեան համար կը սկսի Զապէլ Եսայեանի ոգիով: Անոր ծննդեան օրը՝ փետրուարի 4-ը, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը նշուի Հայաստանի մէջ, բան մը, որ կարելի չէր ըսել նախորդ տարիներուն, երբ հայ գրականութեան ազատախոհ կին գրողը մոռացութեան մատնուած էր հայրենիքի մէջ եւ հատուկենտ մարդիկ միայն ստէպ ստէպ կը յիշէին անոր անունը, կ՚անդրադառնային տպագրուած գիրքերուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդը ինքն իր հետ մրցումի մէջ մտած է, նոր բան մը գտնելու, նոր բան մը հնարելու, այլ խօսքով՝ մարդը սկսած է մի՛շտ նորը փնտռել: Այս մէկը երեւի կրնանք կոչել մնայուն զարգացման ընթացք, որովհետեւ մարդուն գործունէութեան մէջ կը նկատուի միշտ յառաջանալու փափաքն ու սէրը, մէկ կէտի վրայ, այլ խօսքով՝ մէկ յաջողութեան վրայ կանգ չառնել, այլ՝ շարունակել նորանոր ձեռքբերումներու հասնելու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Պատարագի խորհուրդին հանդիսակատարումին կեդրոնական մաս կը հանդիսանան «հաց»ը եւ «գինի»ն, որոնք Քրիստոսի խօսքերով եւ Սուրբ Հոգիին կոչումով կը փոխուին Քրիստոսի Մարմինին եւ Արիւնին։
Արդարեւ Սուրբ Պատարագ՝ «Messe», կամ «Միսսա» լատին լեզուով կը նշանակէ «արձակում», քանի որ փրկութեան խորհուրդը կատարող ծիսակատարումը կը վերջանայ՝ իր աւարտին կը հասնի հաւատացեալներուն արձակո՛ւմով՝ որպէսզի տուն երթան եւ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը կատարեն.

Աշխարհահռչակ ռաք երաժիշտ Սերժ Թանկեան՝ տիկնոջ Անժելա Թանկեանի հետ, օգնած են Հայաստանի զանազան բնակավայրերու աւելի քան 200 անապահով ընտանիքի: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»՝ ներկայացնելով այս առընչութեամբ տրամադրուած հաղորդագրութիւնը ամբողջութեամբ.
Երէկ, Ապու Տապիի մէջ, Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը եւ Էլ-Ազհարի Իսլամական համալսարանի (Գահիրէ) Ահմէտ էլ Թայէպ շէյխը ստորագրեցին պատմական նշանակութիւնով փաստաթուղթ մը։ Երկու հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրը հետամուտ է խրախուսելու աշխարհի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Երէկ երեկոյեան Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքը, որուն մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ նախագահ Մաքրոնի հանդիպումը տեղի ունեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկայ էին նաեւ ֆրանսական քաղաքական շրջանակներէ յայտնի դէմքեր։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որ տեւեց 2 ժամ 15 վայրկեան։
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան այսօր հրաժեշտ կ՚առնեն քաղաքէս՝ վերադառնալու համար Հռոմ եւ Սուրբ Էջմիածին:
Անգարայի մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ փոխանցուած պատգամները ընդհանուր լաւատեսութիւն մը ստեղծած են համայնքային շրջանակներէն ներս:
Երէկ, Պաքըրգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Տատեան վարժարանի գտնուած փողոցը վերանուանուեցաւ նոյն անունով։
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երէկ ան հանդէս եկաւ համապատասխան յայտարարութիւնով մը։
Համազգայինի «Արշակ եւ Սոֆի Քոլստըն» ճեմարանի երդիքին տակ պատմական օր:
Վեհափառ Հայրապետը աշակերտներուն նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն տարուած խաչեր:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սեբաստիա նահանգի Քանկալ գաւառակի գիւղերէն մին է՝ Մանճըլըք։ Երբեմնի հայաշատ՝ հայկական գիւղը ունի միջնադարէն մեր օրերուն հասած եկեղեցի մը։ Սուրբ Թորոս եկեղեցիի կառուցման տարեթիւի եւ անցած ուղիին մասին, ցաւօք հաւաստի տեղեկութիւններ չունինք։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Այս ու առնուազն գալ շաբաթ եւս ընթերցողներուս պիտի պահեմ Ատըեամանի մէջ, ուր տարած էի անցեալ անգամ։ Կարճ պատմած էի Կեաւուր Յ.-ին մասին, որ ըստ զիս առաջնորդող Գրիգոր աղբարիկի՝ վերջին ու միակ հայն էր Ատըեամանի։
Փարիզի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքը, որուն մասնակցութիւն կը բերէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Վերջին տարիներուն արդէն աւանդական դարձած է այս հանդիպումը։
Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը։ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը տեսակցին Էրտողան եւ Ցիփրաս, որոնք կը քննարկեն Անգարա-Աթէնք օրակարգի առաջնահերթ խնդիրները։
Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ իրերամերժ մեկնաբանութիւններ դատական մարմիններէն:
Վճռաբեկ ատեանը այս անգամ բացասական որոշում մը տուաւ Պատրիարքարանի գործին շուրջ: Ալի Էլպէյօղլու կը պատրաստուի դիմում կատարել Սահմանադրական ատեանի մօտ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցին տեսակէտէ երէկուան դրութեամբ ստեղծուեցաւ նոր իրավիճակ մը։ Անգարայի մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի մօտ տեղի ունեցած երէկուան հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ նախարար Չավուշօղլու հիւրընկալեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանը, որոնց հետ էր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուելսի նահանգային խորհրդարանէն ներս բարձր մակարդակով արարողակարգ:
Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիկլեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը: