Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան քառասնամեակին առթիւ շաբաթավերջին յոբելենական ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի «Intercontinental» պանդոկին մէջ։ Այս հաւաքոյթը երաժշտական իսկական խնջոյքի մը վերածուեցաւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019

Երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ իֆթարի սեղան մը սարքուեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ։ Բարձրաստիճան պետական այրեր եւ հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցան այս հաւաքոյթին։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այն մայրը՝ որ գիտակցութիւնը ունի «մայր ըլլա՛լ»ու բարձրագոյն պարտականութեան, գիտէ, թէ մայր մը իր կենսական ուժերով շատ աւելի զօրաւոր է եւ արժէքաւոր քան որեւէ իշխանութիւն. բայց իր պարտականութեան մեծութիւնը եւ փառքը չէ որ կը հրապուրեն զինք եւ կը կապեն անոր, այլ սէ՛րն է որ կը հրդեհէ զինք.- ի՛նչ կը նշանակէ մարդ մը հասցնել եւ մա՛րդ մը նուիրել ընկերութեան։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019

ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՏԱՐԱՔՃԵԱՆ

Գարնանային ծաղկուն բնութեան մէջ մայրը կը մեծարենք: Մա՜յր քաղցրահնչիւն բառ, հրաշալի, հոգեգրաւ էութիւն է, որուն առջեւ կու գանք խոնարհիլ անխտիր բոլորս՝ մեծ թէ փոքրիկ, անոր ամէն ձեւով մեր երախտագիտական զգացումները արտայայտելու պարտքը նոր չէ մեր ժողովուրդին համար:

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վահէ Սարգիսեան այն հայորդիներէն է, որ Սուրիոյ պատերազմի ամբողջ ընթացքին չհեռացաւ իր ծննդավայրէն։ Ապրեցաւ դժուարին օրեր, «ճաշակեց» պատերազմի ամենէն թէժ զարգացումները ու յաճախ իր սեփական աչքերով նշմարեց, թէ ինչ ծանր արկոծումներու կ՚ենթարկուի իր ու իր ծնողներու ծննդավայր Հալէպը։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը կը ձգտի բացուիլ դէպի Հարաւային Ամերիկա՝ նոր ծրագրերու համար:
Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Արժանթինի Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ:

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019

Թունուսի ափերէն 40 մղոն հեռաւորութեան վրայ երէկ ընկղմեցաւ գաղթականներու նաւ մը. 70 զոհ:
Միջերկրականի մէջ դարձեալ ծանրակշիռ տեսարան մը պարզուեցաւ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ:

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019

ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ժողովուրդներու կեանքին եւ պատմութեան մէջ, ամէնուրեք բնական երեւոյթ եղած է, որ նշանակալի դէպքեր, հայրենասիրական սխրագործութիւններ, կրօնական, նպատակային երազուած իրագործումներ արժանանան հաւաքականութիւններու գնահատանքին եւ յաջորդական սերունդներ զանոնք իբր աւանդ պահեն ու գնահատեն մասնաւոր յիշատակութեամբ, կամ՝ իբրեւ տօն:

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019

Մայիսի 9-ի՝ Եւրոպայի օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ, Պէյօղլու։ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Քրիստիան Պերկէրի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Հռոմի «Քազանաթենցէ» գրադարանին մէջ, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան, մայիսի 6-ին, մասնակցած է բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «Դանթէական առասպել» պոէմի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսին:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Հայաստանի 2019 թուականի ֆութպոլի բաժակին տիրացաւ «Ալաշկերտ» խումբը։ Աւարտական խաղի ընթացքին բաժակակիր դարձած «Ալաշկերտ»ի մրցակիցն էր «Լոռի»ն։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

«Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ամբողջ հայութեան ամենակարեւոր խնդիրն է»:
Ըստ նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի, գերիներու փոխանակման շուրջ բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ վաղը հեռախօսազրոյց մը պիտի ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ պիտի զրուցեն յառաջիկայ ամիս Թուրքիոյ կողմէ ձեռք բերուելիք ռուսական Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարցին շուրջ։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ մասնակցեցան Յաղթանակի զբօսայգիի շքերթին:
Արմէն Սարգսեան. «Վտանգի պահուն մեր ամբողջ ժողովուրդը կը համախմբուի եւ սա շատ կարեւոր փաստ մըն է։ Նոյնը տեղի ունեցաւ Արցախի ազատամարտի ժամանակ»:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ այս առաւօտ գործի գնաց հեծանիւով։ Բնականաբար, վարչապետը տեսախցիկներու ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուեցաւ։ Անվտանգութեան պաշտօնեաներն ալ իրեն հետեւեցան հեծանիւով։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Յայտնի մեներգչուհին Երեւանէն քաղաքս հասնելէ առաջ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Կապի Կալոյեան. «Բոլորին կողմէ սիրուած մեր ժողովրդական երգերով հանդէս պիտի գամ Իսթանպուլի մէջ»:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ հանդէս մը։ Մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ, դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակներ, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Երթանք տեղ մը ճաշենք, տղա՛ք,- կ՚ըսէ Սագօ:
-Այո՛, համաձայն եմ, երթանք,- կը յօժարի Վարդան:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Վեր. Ա. Ա. Պետիկեանի -ԱՊԱ- «Գրչանկարներ Պարտիզակ Գիւղին» գիրքին մասին, Հալէպէն Մ. Հ. Մարկանեան յունիս 20, 1953 թուակիր «The Gotchnag - The Armenian Weekly» շաբաթաթերթին մէջ «Մի՛ կարդար եթէ կրնաս» խորագրով կը ներկայացնէ իր տպաւորութիւնները։ Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք այս գրութենէն՝ հաւատարիմ մնալով բնատիպին։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի նոր կազմը արդէն ձեւաւորուած է։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս ատենապետի պաշտօնին կոչուած էր մեր համայնքի համակրելի դէմքերէն Արի Չոլաք, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը։

Էջեր