Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2018

Գումգաբուի մէջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ նշուեցաւ Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 152-րդ տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պարիարքական աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018

Համաշխարհային արուեստի պատմութեան վերազարթօնքին մէջ հայազգի Շարլ Ազնաւուրի ներդրումն ու արժէքը անուրանալի է: Համեստ ընտանիքի մէջ հասակ առած Ազնաւուր, այսօր իր վաստակով համաշխարհային ճանաչում ունի:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018

Business Armenia կառավարական հիմնարկը կը ջանայ խթան հանդիսանալ երկրի տնտեսական աճին:
Բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ՝ Հայաստանի միջազգային առեւտուրին թափ տալու առաջադրութեամբ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018

Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան համագործակցութիւնը հետզհետէ կը խորանայ ռազմական գետնի վրայ:
Եռակողմանի ձեւաչափով հաւաքներու ընթացքին միշտ անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Համախտանիշ (syndrome)՝ կը նշանակէ մէկէ աւելի ախտանշաններու համակցութիւն-զուգակցութիւն. այլ խօսքով, մէկէ աւելի ախտանշաններ կը յայտնուին որպէս մէկ ամբողջութիւն կամ հիւանդագին վիճակ: Բժշկութեան մէջ գոյութիւն ունին հազարաւոր համախտանիշեր: Այս համախտանիշերէն մէկն է Auto-Palato-Digital (OPD) Syndrome-ը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստան կը պատրաստուի արտահերթ ընտրութիւններու: Անցնող օրերուն եւ մէկէ աւելի հարթակներու վրայ երկրի քաղաքական գլխաւոր ուժերը դրսեւորումներ ունեցան, կապուած ոչ միայն ներքին քաղաքական օրակարգի, տնտեսական մօտեցումներու կամ ընկերային ոլորտին մէջ իրենց ունեցած տեսակէտներուն, այլեւ՝ յատկապէս երկրի արտաքին քաղաքական մօտեցումներուն վերաբերեալ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018

Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց համաշխարհային միաւորումը այս օրերուն Մոսկուայի մէջ կ՚իրականացնէ հաւաք մը։ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի թեմերէն եւ Ռուսաստանի թեմէն երիտասարդներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ կը մասնակցին այս հաւաքին, որուն կը մասնակցի նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ծովը անհուն, անծայրածիր եւ խորունկ է։ Երբ բարիք ընես եւ ծովը թափես, այդ անսահմանութեան ու խորութեան մէջ ըրած բարիքդ օր մը կը վերադառնա՞յ քեզի կամ արդեօք կը կորսուի՞։ Անշահախնդրութեամբ կատարուած բարիքը անպայման կը վերադառնայ, եթէ նոյնիսկ չվերադառնայ, Աստուած կը վարձատրէ քեզ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ որքան ալ զօրաւոր նկարագիր ունենայ, ի վերջոյ «մարդ» է եւ ունի նաեւ մարդկային տկարութիւններ եւ թերութիւններ, որոնք պատճառ կ՚ըլլան զանազան փորձութիւններու։ Արդարեւ, մէկու մը նկարագրին զօրութիւնը կարելի է չափել՝ անոր փորձութիւններու հակադրելու հաստատակամութեամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 23, 2018

Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ արարողութիւն:
Բարձրեալի զօրակցութիւնը խնդրուեցաւ աշխարհի բոլոր գաղթականներուն համար, նաեւ կոչ ուղղուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու ի նպաստ օգնութեան ուղղութեամբ - Ներկայ էր նաեւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 23, 2018

Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան ժողով Անգարայի մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եոհաննէս Հահն համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նոյնանման մօտեցումներ արտայայտեցին Իրանի հարցին շուրջ՝ որպէսզի ան կարողանայ օգտուիլ տնտեսական միջոցներէ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 23, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Ա­ղիւ­սա­գործ­նե­րի փո­ղո­ցը գի­տէ՞ք,- կը հարց­նէ հայ­րե­նա­դար­ձը վա­րոր­դին:
-Աղ­ջիկ ճան, էն փո­ղո­ցի ա­նուն չեմ ի­մա­նում, գու­ցէ մի ո­րոշ կենտ­րո­նի ա­նուն տաք, որ գնամ,- կը պա­տաս­խա­նէ վա­րոր­դը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 23, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ ընդհանրապէս, իրաւացի կամ անիրաւ, իրենք զիրենք արդարացնելու համար ջանք կը թափեն, եւ ամէն միջոցի կը դիմեն ապացուցանելու համար, որ արդար են եւ իրաւացի։ Անշուշտ մարդիկ երբ կ՚աշխատին իրենք զիրենք արդարացնել՝ բնականաբար կը մեղադրեն մէկ ուրիշը, անոր անիրաւութիւնը հրապարակելու համար ճիգ կը թափեն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Որովհետեւ Քուկդ են միշտ արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը: Ամէն»:
Տէրունական աղօթքի վերջին նախադասութիւնը, որով մեր Տէրը կը սորվեցնէ մեզի վկայել այն ճշմարտութեան մասին, որով կը յայտարարենք, թէ Արքայութիւնը, զօրութիւնն ու փառքը Աստուծոյ կը պատկանին: Արքայութիւնը՝ որպէս Արքայի ու Թագաւորի:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնին մրցանակ շահած իրանահայ բեմադրիչը Երեւանի մէջ պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
-Յարգելի Անահիտ, դուք «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին մասնակցեցաք. ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մեթիու Պրայզա «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանի մէջ 9 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մեթիու Պրայզա փոխ-նախարար ըլլալէ առաջ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

Յառաջիկայ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու սեմին դիրքերու յստակացում:
Նախագահ Էրտողան եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Պահչելի վերջին հաշուով տրամադրուած՝ համագործակցութեան ուղղութեամբ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

«Համազգային»ի կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի գործադիր տնօրէնը կ՚այցելէ Իսթանպուլ:
Արին Գալուստեան կրթական մշակներու հետ շփումներ ունեցաւ՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կազմակերպութեամբ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

Սիրոյ սեղանի ընդառաջ խնամակալութիւնը կ՚անդրադառնայ Գալֆաեանի ինքնաբաւ դառնալու հեռանկարին:
Հաստատութեան անցեալի ընդարձակ տարածքներէն մէկուն պարագային կը շարունակուի դատական գործընթաց մը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Առատաձեռնութիւն»ը բնութեան եզական յատկանի՛շն է։ Ամէն ինչ ունի ան իր անծայրածիր, համատարած «ամբարանոց»ներուն մէջ, եւ ամէն ինչ կու տայ անսահման առատաձեռնութեամբ։

Էջեր