Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րուն Ա­մա­նո­րի ա­ւան­դա­կան խրախ­ճան­քը։ Հո­գա­բար­ձու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­րուած էին ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա­յի կող­մէ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նութեամբ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գու­րու­չէշ­մէի «Սուա­տա»ին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան ե­րե­կոյթ մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի եւ նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի մի­ջեւ հա­ւա­նա­բար հա­մա­ձայ­նու­թեան այն սա­կաւ կէ­տե­րէն մին է՝ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան որ­դեգ­րած վե­րաբ­նա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մայ­րա­մու­տին՝ Թո­տո­րի», Տքթ. Իգ­նա Սա­րըաս­լա­նի եր­կա­րա­շունչ պոէմն է՝ զրոյց-բա­նաս­տեղ­ծու­թեան օ­րի­նակ մը, տար­բեր մեկ­նա­կէ­տով եւ տեր­բեր զգայ­նու­թեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան:
Ատրպէյճանի զօրքերը եօթ կորուստ տուին Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի հարաւ արեւելեան հատուածին մէջ: Երեւանի ղեկավարութիւնը այս ոտնձգութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը վերագրեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժա սահմանին վրայ պատահածը որակեց սադրանք:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան կը շա­րու­նա­կեն խտա­ցեալ ջան­քեր գոր­ծադ­րել Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի մը ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ջան­քե­րը ա­պա­հո­ված են Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի մը հաս­տատ­ման մեծ յոյ­սը։ Այս ի­րա­վի­ճա­կը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յա­րա­բե­րա­կան լա­ւա­տե­սու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եւ Ատր­պէյ­ճան-Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ շփման գծի եր­կայն­քով լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, ինչ որ պատ­ճառ կը դառ­նայ բա­խում­նե­րու։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Տա­ղան­դա­ւոր թաւ­ջու­թա­կա­հար Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան կը շա­րու­նա­կէ ար­ձա­նագ­րել նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ եւ ամ­րապն­դել իր համ­բա­ւը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան վեր­ջերս հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ նուա­գե­լու շատ խորհր­դան­շա­կան նուա­գա­րա­նով մը։ Այս­պէս, Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան նուա­գեց այն թաւ­ջու­թա­կով, որ 1707 թուա­կա­նին ար­տադրուած էր նուա­գա­րան­նե­րու աշ­խար­հահռ­չակ վար­պետ Ճիւ­զեփ­փէ Կվար­նե­րիի կող­մէ։ Այդ թաւ­ջու­թա­կով ցայ­սօր նուա­գած են բազ­մա­թիւ ա­նուա­նի ե­րա­ժիշտ­ներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան:
«Մեր նպատակն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը որոշուի իր իսկ ժողովուրդին կողմէ եւ այս սկզբունքէն պիտի չհրաժարինք»:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պատրաստութիւնները աւարտած՝ Ամանորի գիշերուան համար:
Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Մայրավանքէն ներս տեղի պիտի ունենայ նռնօրհնէք:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «500 ծիծ­ղուն աչք» խո­րագ­րեալ ա­մա­նո­րեան նուի­րա­բաշխ­ման ար­շա­ւը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Մխի­թա­րեան­ցի­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին այս ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած վեր­ջին ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Նշան­թա­շըի «Ի­տիլ» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հը կազ­մա­կեր­պած է ցու­ցա­հան­դէս մը՝ ող­ջու­նե­լու հա­մար Նոր տա­րին։ 45 ա­րուես­տա­գէտ կը մաս­նակ­ցի այս խառն ցու­ցա­հան­դէ­սին, ո­րու բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն։ Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ՝ 2017 թուա­կա­նին հա­մար դրա­կան սպա­սում­նե­րով, մա­նա­ւանդ խա­ղա­ղու­թեան ակն­կա­լու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Ե­րէկ, Գա­րա­կէօ­զեան ման­կա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի խրախ­ճանք մը, ո­րու ըն­թաց­քին փոք­րիկ­նե­րը ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Նա­տիա-Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­նո­ցի աշ­խա­տան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու պա­րե­րով՝ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Իրաքահայ պատմական ու պատուական համայնքի վառ ներկայացուցիչներէն մին կը փոխանցէ վկայութիւններ, յուշեր ու մեծ յիշողութեան մը հետքերը:
Պատմագէտ Սեդա Օհանեանի հեղինակած «Իրաքի հայ համայնքը 20-րդ դարուն» գիրքը անմիջական ուշադրութեան առարկայ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Ըն­կե­րոջ մը հետ խօ­սակ­ցու­թեան պա­հուն, ու­րիշ ըն­կեր մը մօ­տե­նա­լով խօ­սա­կի­ցիս ը­սաւ. «Մի՛ խօ­սիր ա­սոր հետ, մի՛ խօ­սիր, ի՛նք յո­ռե­տես է, քեզ ալ կը վա­րա­կէ»: Եր­բեմն վի­ճա­կը կամ գա­լիք դրու­թի­նը ա­նո­րոշ կ՚ըլ­լայ ու ա­նոր ժխտա­կան կող­մին ե­թէ նա­յիս, յո­ռե­տես կ՚ըլ­լաս. Իսկ դրա­կան կող­մին՝ լա­ւա­տես. կայ, սա­կայն, ամ­բող­ջու­թիւ­նը ըն­կա­լե­լու տե­սան­կիւն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վախ»ը այն զգա­ցումն է՝ որ ահ ու սար­սափ, զար­հու­րանք կը պատ­ճա­ռէ մար­դուս, եւ այս կեր­պով կը վատ­թա­րաց­նէ մար­դուս ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւ­նը, ազ­դե­լով հո­գիին վրայ՝ կը փո­խէ կեան­քին ըն­թաց­քը։ Վա­խը ան­խու­սա­փե­լի է մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ, այ­լա­պէս ա­նի­կա, կեր­պով մը ազ­դան­շան մըն է՝ որ են­թա­կան կը զգու­շաց­նէ հա­ւա­նա­կան վտանգ եւ վնաս­նե­րու դէմ։ Այս ի­մաս­տով չա­փա­ւոր վա­խը բնա­կան «ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն» մըն է, որ մարդս կ՚ազ­դա­րա­րէ ա­պա­գայ վտանգ­նե­րու նկատ­մամբ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «500 ծիծ­ղուն աչք» խո­րագ­րեալ ա­մա­նո­րեան նուի­րա­բաշխ­ման ծրա­գի­րը այս տա­րի եւս կեան­քի կը կո­չուի խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ այս շարժ­ման կա­մա­ւոր­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին՝ սոյն ծրագ­րին մէջ նե­րառ­նուած վեց վար­ժա­րան­նե­րէն ե­րե­քը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Այս տա­րե­վեր­ջին մեր հա­մայն­քը ու­նե­ցաւ շատ ցա­ւա­լի կո­րուստ մը։ Ոչ եւս է ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Վար­դան Մե­լի­քեան։ Ե­րէկ, օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին ան հո­գին ա­ւան­դած է իր բնա­կա­րա­նին մէջ, չարթն­նա­լով գի­շե­րուան քու­նէն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԶԻ­ՊԷՉ-ի ըն­տա­նի­քի Ա­մա­նո­րի խրախ­ճան­քը։ Շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թե­նէն Մկրտիչ Սէրթ­շիմ­շէք, Ժի­րայր Տաղ­տե­ւի­րէ­նէլ  եւ Կար­պիս Փո­լատ, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա, ԶԻ­ՊԷՉ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Էջեր