Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016

Լրագ­րող Հայ­քօ Պաղ­տատ ե­րէկ Սա­մա­թիոյ մէջ մա­կագ­րեց իր գիր­քե­րը։ Թա­ղի Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դի­պա­կաց «Սա­հաֆ» գրա­խա­նու­թին կող­մէ շնոր­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պուած էր իր նոր գիր­քին հա­մար, որ կը կո­չուի «Գուր­թու­լուշ չոք պո­զուլ­տու»։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Ա­մե­րի­կեան բար­քեր»ու խո­րագ­ր­ին տակ՝ յօ­դուածներս յա­ճախ կ՚­­ըլ­լան բա­ցա­սա­կան, որ­ովհ­ետ­եւ ա­նոնք խո­տոր կը համ­ե­մա­տին մեր ա­ւան­դա­կան սո­վո­ր­ու­թիւնն­եր­ուն եւ ըմբռ­նումն­եր­ուն հետ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յու­նուա­րին Հայ­ֆա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թեան մը ըն­թաց­քին Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու հա­կիրճ խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով կը յայ­տա­րա­րէր. «Մեր ար­դիա­կան սու­զա­նա­ւե­րը ա­ւե­լիով պի­տի կա­տա­րե­լա­գոր­ծեն Իս­րա­յէ­լի ծո­վու­ժը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016

«Քանի տակաւին անորոշ է Արցախի կարգավիճակը, որեւէ այլ հարց լուծում չի կրնար գտնել»:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ՀՀԿ-ի 16-րդ համագումարին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պոլ­սա­հա­յու­թեան պատ­մա­կան թա­ղե­րէն Սա­մա­թիոյ պա­րա­գա­յին մի­ջո­ցէ մը ի վեր պղտոր պատ­կեր մը կայ յաչս հան­րա­յին կար­ծի­քին։ Հա­մայն­քը հա­կա­սու­թիւն­նե­րու ա­կա­նա­տես կ­­՚ըլ­լայ, ան­հասկ­նա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու բե­րու­մով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Քու­պա­յի նախ­կին ղե­կա­վար Ֆի­տէլ Քասթ­րօ մա­հա­ցաւ 90 տա­րե­կան հա­սա­կին։ Ան ե­ղած էր Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի գլխա­ւոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րէն մին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Հանր. նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ:
Անգարա եւ Մոսկուա կը ջանան լուծում մը գտնել՝ Հալէպի առկայ մարդասիրական տագնապին համար:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րի­ներ ան­ցած են Մեծ ե­ղեռ­նի դժխեմ տա­րի­նե­րէն, ո­րոնց յի­շա­տա­կը տա­կա­ւին սպիա­ցած վէր­քի նման է հայ ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն սրտին մէջ, ա­ռանց կա­րե­նալ մոռ­նա­լու այն զար­հու­րե­լի օ­րե­րը, ո­րոնք ար­մա­տա­խիլ ը­րին հայ ժո­ղո­վուր­դը իր հայ­րե­նի­քէն, դարձ­նե­լով զինք թա­փա­ռա­կան հայ։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք ցնցո­տի­նե­րու մէջ փա­թա­թուած, ո­տա­բո­պիկ, ա­նօ­թի, ծա­րաւ, հիւ­ծած հա­յոր­դի­ներ, ո­րոնք բախ­տա­ւոր ե­ղան փրկուե­լու Ե­ղեռ­նի ճի­րան­նե­րէն, հա­սան սու­րիա­կան, ի­րա­քեան եւ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու ա­նա­պատ­նե­րը, ար­մա­ւով մը, բա­րե­սիրտ ա­րաբ հիւ­րըն­կա­լին կամ այն «պէ­տէուիին» սե­ղա­նի փշրանք­նե­րուն ա­ւել­ցուք­նե­րով սնե­լու հա­մար, որ­պէս­զի կա­րե­նան ապ­րիլ եւ գո­յա­տե­ւել։ Դժբախ­տա­բար այ­սօր՝ հա­մայն աշ­խար­հի աչ­քե­րուն ա­ռաջ, նոյն բա­նը կը կրկնուի Սու­րիոյ մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հոկ­տեմ­բե­րին, երբ Սու­րիոյ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեա­ն տնօ­րէն զօ­րա­վար Ա­լի Մեմ­լուք կը ժա­մա­նէր Գա­հի­րէ, ոչ ոք կրնար են­թադ­րել, որ այդ հան­դի­պու­մը պի­տի դառ­նար եր­կու եր­կիր­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­հու­նա­ւո­րող այ­ցե­լու­թիւն մը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Գալ­ֆաեան Տան սա­նե­րը նա­խըն­թաց օր հան­դէս մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին՝ 24 Նո­յեմ­բե­րի Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ։ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու յայ­տագ­րին շրջագ­ծով տղա­քը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով։ Ա­նոնք ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց յա­ջող կա­տա­րում­նե­րով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­ցին շարք մը այ­ցե­լու­թիւն­ներ ու պտոյտ­ներ։ Ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեամբ, այս ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը տղոց հա­մար դար­ձան թէ՛ օգ­տա­կար եւ թէ հա­ճե­լի։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահի մուտքասրահէն ներս ներկայացուեցան պոլսահայ լուսանկարչին գործերը:
Նուրհան Աքքայա պատուոյ գիր մը ստացաւ՝ ձեռամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, որ գնահատեց իր ստեղծագործութիւնները:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ, կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րը՝ ո­րոնք ան­բա­ժան են «Անձ»էն եւ կը նոյ­նա­նան ա­նոր հետ։ Մարդ իր կրած ա­նու­նով է որ կը զա­տո­րո­շո­ւի եւ անձ մը, ինք­նու­թիւն կը կ՚ըլ­լայ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան, կա­պի ու տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Ար­թուր Ա­ռա­քե­լեան տե­ղե­կա­ցուց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը տա­րուին Հա­յաս­տա­նի վրա­յով Հնդկաս­տա­նէն դէ­պի Եւ­րո­պա բեռ­նա­փո­խադ­րում­նե­րու շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ փոխ-նա­խա­րա­րին, փոր­ձի նպա­տա­կով Գեր­մա­նիա­յէն ծո­վա­յին եր­կու քոն­թե­նեըր փո­խադ­րուած է Հա­յաս­տա­նի վրա­յով դէ­պի Ի­րան։ Այս փոր­ձը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռած է հասկ­նա­լու հա­մար այն հիմ­նա­կան խո­չըն­դոտ­նե­րը, ո­րոնք կրնան յա­ռա­ջա­նալ այս ճա­նա­պար­հին վրայ։ Ար­թուր Ա­ռա­քե­լեան ը­սաւ.

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւը։ Ար­ցա­խի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած «Թե­լե­թոն 2016»ի ար­դիւն­քին հան­գա­նա­կուե­ցաւ 15 մի­լիոն 428 հա­զար 777 տո­լար։ Այս տա­րի 15-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւը, ո­րու կար­գա­խօսն էր «Իմ Ար­ցա­խը»։­

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Ե­րե­ւա­նի Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ Ս. Ծննդեան տօ­նա­վա­ճա­ռը իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին: Ս. Ծննդեան տօ­նա­վա­ճա­ռը կը կազ­մա­կեր­պուի քա­ղա­քա­պե­տա­րան-մաս­նա­ւոր հա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ­կա­կան հան­գոյց. Հա­յոց գոր­գա­գոր­ծա­կան մշա­կոյ­թը» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղով մը։ Իր տե­սա­կին մէջ երկ­րորդն էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան մաս­նա­գէտ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ եւ այդ ո­լոր­տէն ներս գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող ան­ձեր, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին նա­խըն­թաց օր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ֆրան­սա­ցի նո­րան­շա­նակ հա­մա­նա­խա­գահ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թիի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­ւան­դա­կան վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ զրոյ­ցը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախարարներու ժողովը:
Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման այժմու վիճակին շուրջ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ վերադարձին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան ցաւ յայտնեցին այն պնդումներուն շուրջ, ըստ որոնց Հայաստանի մէջ վաճառքի դրուած է Պոլսոյ Աթոռի իւղանկարներէն մին - Նորին Սրբութիւնը, իրականութեան մէջ, յամառ պայքար կը մղէ Պատրիարքարանի գոյքը վերադարձնելու համար:

Էջեր