Արխիւ
Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարները կ՚արժեւորուին տխուր տարելիցի մթնոլորտին մէջ:
Յայտնի նկարիչը կը ցոլացնէ պատմական քաղաքի ինքնուրոյն դիմագիծը եւ ժառանգութիւնը:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում Միլանոյի մէջ:
Մնացականեան-Մամէտեարով տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանուր տիեզերքի մէջ անուրանալի եւ անժխտելի սկզբունք մըն է, թէ բոլոր երեւոյթները իրենց ծնունդի պատճառները ունին։ Ուստի, պատճառ-արդիւնք յարաբերութիւնը ամէն մարզի մէջ ի զօրու է եւ անայլայլելի՛։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի նոր կառավարութիւնը, իբրեւ գործելակերպ, որդեգրած է հանրային քննարկումներու ճանապարհը: Հասարակական հնչեղութիւն ունեցող որեւէ հարց յառաջիկային պիտի դրուի հանրային քննարկումի եւ այդ քննարկումներուն ժամանակ միայն յառաջացած կարծիքներուն, թեր ու դէմ կողմերուն արդիւնքին՝ կ՚ընդունուի որոշում մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի վարիչ մարմնի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան կը պատասխանէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
-Պր. Խոտանեան ներկայիս ի՞նչ են ամերիկահայ գաղութի առաջնահերթութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքը խնամով եւ զգուշութեամբ կարդալու եւ հասկնալու կարեւորութիւնը աւելի յայտնի կը տեսնուի, եթէ դիտենք կրօնական եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններու վերաբերեալ վերացեալ գաղափարները մարդոց եւ մարդկային լեզուով հաղորդելու դժուարութիւնը։
Հոգեւոր բաներու վրայ խօսելու ժամանակ մարդիկ ընդհանրապէս կը գործածեն «վերաբանութիւն» կամ «նմանութիւն»։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Յիսուս Իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ» (Յհ 2.11)։
Աստուածորդւոյն երկրաւոր կեանքին առանցքային նպատակն էր՝ Աստուծոյ արքայութեան աւետիսը աւետարանել ամբողջ աշխարհին, բոլոր ժողովուրդները Աստուծոյ որդեգիր զաւակները դարձնել եւ Աստուծոյ հայրական գգուանքը բոցավառել մարդոց հոգիներէն ներս։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երկարակեցութեան գաղտնիքը տակաւին չէ բացայայտուած։ Երկարակեացներու մեծամասնութեան կարծիքով գաղտնիքը կը կայանայ՝ առողջ ապրելակերպի, բնական սնունդի, մաքուր օդի, ջուրի եւ ամենէն կարեւորը՝ աշխատասիրութեան մէջ։ Աշխարհի հին ժողովուրդներէն՝ հայերը, թէպէտ ամենաերկարակեայց ազգերու առաջին շարքերը չեն զբաղեցներ, զոր օրինակ՝ ճաբոնցիները, իզլանտացիները, սակայն թէ՛ Հայաստան աշխարհի եւ թէ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ ունին դար մը ապրած կաղնիներ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարչայիններ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, փոխ-ատենապետ Նայիլ Թոփլայըճը, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, որ ներկայիս թաղային խորհուրդի մշակութային նիւթերու գծով խորհրդականն է։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարչայիններ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, փոխ-ատենապետ Նայիլ Թոփլայըճը, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, որ ներկայիս թաղային խորհուրդի մշակութային նիւթերու գծով խորհրդականն է։
«Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» նամականիշի կնքման արարողութիւնը Երեւանի մէջ համախմբեց թերթիս խումբ մը համակիրներն ու գործակիցները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն օրակարգի շարք մը հարցեր։
Փոխ-նախարար Արմէն Արզումանեան. «ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ժամանակի մէջ չէ կորսնցուցած իր դիմագիծը»։
«Մամուլն ու նամականիշները՝ հետաքրքրական նմանութեամբ կը շրջանառուին ամբողջ աշխարհի վրայ»։
Հայաստանի Հանրապետութեան Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու նախարարութիւնը կ՚արժեւորէ հայ մամլոյ նահապետի առաքելութիւնը:
«Հայփոստ» ընկերութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ձօնուած նամականիշ մը թողարկեց՝ թերթիս հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական հանգրուանին վերագրելով խորհրդանշական նոր իմաստ մը:
Երեւանի մէջ մասնաւոր արարողութիւն մը կազմակերպուեցաւ դրոշմաթուղթի կնքման համար, ինչ որ յատուկ նշանակութիւն ունէր պոլսահայ մեծ ժառանգութեան գնահատման տեսակէտէ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ «Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» անուանեալ նամականիշի կնքման արարողութիւնը ցայսօր մեր մասնակցած՝ թերթիս վերաբերեալ ամենայատկանշական ձեռնարկներէն մին էր։ Դրոշմաթուղթը մեր ժամանակներուն վաղուց դադրած է գործնականօրէն հրատապ նշանակութիւն ունենալէ, սակայն ունի խորհուրդ մը։
Մայր Աթոռի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց յատկանշական աշխատանք մը:
Հոգելոյս Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի այս ժողովածոն կը ներկայացնէ՝ հայութեան ապագայի տեսլականը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ուղղութեամբ բանակցութիւնները կը շարունակուին պարբերաբար:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամէտեարով վաղը պիտի տեսակցին Միլանոյի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հարցնենք. «Ի՞նչ է կեանքը»։ Կեանքը որ կ՚ապրինք, շատ անգամ չենք անդրադառնար իսկ անոր գոյութեան՝ իմաստին կամ նպատակին։ Արդարեւ, այս կերպով, կեանքը «միատարր փորձութիւն» մը ըլլալ կը թուի, փորձառութիւն մը՝ որ անզգալիօրէն կը սկսի եւ անակնկալ կը վերջանայ։
Տեսակցեցաւ՝ ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Կալերի Սելվին»ի երդիքին տակ, նոյեմբերի 29-ին, տեղի ունեցաւ Տիգրան Ասատրեանի «Կամուրջ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացումը։ Հէքեաթային եւ իսկական աշխարհներու միջեւ գեղարուեստական կամուրջներ կառուցած է վարպետը, որ կը հետեւի ուսանողական բնապաշտութեան մը։
