Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շարժարուեստի Ամերիկեան ակադեմիոյ տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը՝ «Օսքար»ը, այս տարի 90-րդ անգամ տեղի ունեցաւ, կրկին իր վրայ սեւեռելով բարձր արուեստի սիրահարներուն ուշադրութիւնը: Հոլիուտի «Տոլպի» թատերասրահը արարողութենէն շաբաթներ առաջ կը զարդարուէր ու պատշաճօրէն կը պատրաստուէր ընդունելու շարժապատկերի արուեստի այսօրուան աստղերը, որոնք ամբողջ տարի մը կը սպասեն վայելելու աշխարհի ամենէն նշանաւոր կարմիր գորգին վրայ քալելու հաճոյքը:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Կինը, կամ աւելի ճիշդը՝ իգական սեռը, դարերու ընթացքին եղած է ամենէն հալածուած եւ ստրկացուած սեռը, բոլոր մարզերուն մէջ՝ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային: Հայրիշխանութիւնը քաղցկեղի նման մուտք գործեց հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, պատճառ դարձաւ անոնց փտածութեան եւ զանոնք վերածեց կիներու ստրկացման մէկական միջոցի:
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ եզակի օր մը։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, Մեծ պահոց շրջանին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուեցաւ քէրմէս մը։ Միեւնոյն ժամանակ, յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան կազմակերպեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ հերթական ցուցահանդէսը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր համայն աշխարհի մէջ կը նշուի Մարտի 8-ը։ Համաշխարհային կանանց օրն է։ Աւանդաբար այս օրը հաստատուած է հասարակութեան կեանքէն ներս վաստակ ներդնող, ֆիզիքական ուժով աշխատող կանանց համար, սակայն շուտով շատ աւելի համապարփակ նշանակութիւն մը ստացած է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քառասնորդաց պահեցողութիւնը՝ ինչպէս նախորդ գրութիւններուն մէջ նշած եմ, խորքին մէջ ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը սկսի տեղէ մը, այլ տեղ մը հասնելու համար, այլ խօսքով ճանապարհորդութեան սկիզբը ճանապարհորդները նպատակ կը դնեն իրենց համար հասնելու ցանկալիին: Ինչպէս իւրաքանչիւր ճանապարհորդութեան ընթացքին, ճանապարհորդները երբեմն քանի մը անգամ կը հանգստանան, իսկ երբեմն ալ միայն մէկ անգամ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բախտ» կ՚ըսեն ոմանք, եւ կ՚անցնին։ Իրաւ է, թէ կեանքի մէջ յաճախ դժբախտութիւններ կը պատահին ամէն ասպարէզի մէջ՝ որոնք շատ անգամ կը հեգնեն մարդկային իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Երաժշտութիւնը աելի բարձր յայտնութիւնն է, քան՝ փիլիսոփայութիւնը» (Պեթհովէն)։ «Երաժշտութիւնը՝ ցեղի մը մաքուր զգացումներուն ու վիճակին արտայայտութեան պատկերացումն է»։
«ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ Իտալիա կը փափաքի հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի քաղաքական եւ բանակցային լուծման», յայտարարեց ԵԱՀԿ-ի մօտ իտալական նախագահութեան մամլոյ քարտուղար Ճովաննի Տաւոլի։
Երէկ, Երեւանի Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիտական մասնաշէնքէն ներս գումարուած ժողովի ընթացքին Մատենադարանի տնօրէն ընտրուեցաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, որ մինչ այդ արդէն ժամանակաւոր պաշտօնակատարի հանգամանքով կը գլխաւորէ կառոյցը։
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Բանակը ներկայիս գրեթէ ամբողջութեամբ պաշարած է Աֆրինի յարակից տարածքները։
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեանը:
«Մենք Եւրոպայի եւ Ասիոյ հատման խաչմերուկին վրայ ենք, մեծ կամուրջ մը՝ երկու աշխարհամասերու միջեւ»:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան, որ կը գտնուի քաղաքիս մէջ, երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալւեցաւ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Ժիրայր Ալթունեան, Յովհաննէս Խաչիկեան, Գրիգոր Ոսկանեան խմբագրատանս մէջ:
«Թաթուլ Ալթունեան» եւ «Մարալ» համոյթներու շաբաթավերջի ելոյթին ընդառաջ ոգեւորութիւն:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի մտաւորականներէն Սօսի Անթիքաճեանի գիրքը այս օրերուն լոյս տեսած է «Իլեթիշիմ» հրատարակչութենէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Վերջին օրերուն Պէյրութի մէջ պատահած է տհաճ դէպք մը։ Յարձակման ենթարկուած է յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Րաֆֆի Տուտագլեան։ Գանատայէն Հայաստան հաստատուած ըլլալով՝ ան վերջին տարիներուն կը ծաւալէր բեղուն գործունէութիւն։ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի տեղւոյն մասնաճիւղի պատասխանատուն ըլլալու առընթեր, Րաֆֆի Տուտագլեան հրապարակագրութեան կալուածին մէջ կատարած արտադրանքով առանձնացած է՝ բառին բուն իմաստով։
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցով այս տարի Միջինքը կը նշուի այսօր՝ Մարտի 7-ին:
Միջինքը, որ կը կիսէ Մեծ պահքը, հայոց մէջ նշուած է ժողովրդական շարք մը ծիսակատարութիւններով: Անիկա կը նշուի Մեծ պահքի 24-րդ օրը։
Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն՝ Միջինքին հայ տանտիկինները կը թխեն բաղարջ, որուն մեջ կը դնեն մետաղադրամ: Որուն որ բաժին կը հասնի այդ դրամը, այդ տարի յաջողութիւն կ՚ունենայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ներկայ դարուս մէջ, գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան ընծայած առիթներէն օգտուիլ անշուշտ որ բանական է եւ մարդկային մտքին բնական մէկ արտայայտութիւնն է։ Ան որ կը խուսափի նորութիւններէ, արդիական գործիքներու գործածութեան օտար եւ հեռու կը մնայ, ամենէն պարզ խօսքով, «յետամնաց», «անյառաջադէմ» եւ մինչեւ իսկ «յետադէմ» կ՚անուանուի։
Ս. Յակոբեանց վանքի երբեմնի կալուածներու հետապնդման պատրուածքով:
Երուսաղէմի պատրիարքը դարձեալ եկած է քաղաքս ու կ՚իջեւանի «Լէ զ՚օթոման» պանդոկին մէջ:
Միջմիութենական 22-րդ գիտական մրցաշարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ Պէզճեան սանուց միութեան մէջ։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Գէորգ Սիմքէշեան, որ կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին բացառիկ հարցազրոյցը՝ «Շանթ» հեռուստակայանին:
Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Պոլսոյ Աթոռը կը ջանայ հաւասարապէս հնազանդիլ թէ՛ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ թէ պետութեան խօսքին: Նորին սրբազնութիւնը չէ փափաքած խորանալ տեղապահի ընտրութեան նախորդած «զանազան խաղերուն» մէջ, արդարեւ շատեր աւելի վերջ պատճառները պատմեցին իրեն: