Արխիւ
Մոսկուայի Զարդական-կիրառական եւ ժողովրդական արուեստի համառուսաստանեան թանգարանի նախաձեռնած «15-րդ գիտական ընթերցումներ նուիրուած՝ Վիքթոր Վասիլենքոյի յիշատակին» միջազգային գիտագործնական խորհրդաժողովին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի «Պատմամշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն ՊՈԱԿ»ի գիտահետազօտական բաժնի վարիչ Կարինէ Բազէեան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի ժողովին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։
Երեւանի մէջ այսօր կը նշուի «Ֆոթոլուր» գործակալութեան հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Սա յատկանշական յոբելեան մըն է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհին տեսակէտէ։
ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նստաշրջանը տեղի ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ:
Երեւանի դաշնակիցները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման պարագային կ՚աջակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:
Ալեքս Սարկաւագ Գալայճեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած յօդուածները հաւաքեց հատորի մը մէջ:
Երիտասարդ հեղինակի անդրանիկ գիրքը կը բովանդակէ եզակի դիտարկումներ ու խորհրդածութիւններ արդի կեանքի մասին:
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ ընկերամշակութային ձեռնարկները շարունակուեցան վերջին շաբաթներուն։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ կազմակերպուած էր յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի առաջնորդութեամբ։
Երէկ յետմիջօրէին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մարիամ Գալայճըի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն Մարիամ Գալայճը նախընթաց օր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ կնքած էր մահկանացուն եւ իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէ ներս։
Գատըգիւղէն խումբ մը հաւատացեալներ նախընթաց օր ուխտագնացութիւն մը կատարեցին դէպի Իզնիք (Նիկիա)։ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան առաջնորդեցին ուխտաւորներու խումբը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Դալար-Արթօ Հորոզօղլու ամոլը եւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի ծաւալած գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։
ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ
Կար ու չկար՝ այս անծայրածիր տիեզերքին կողմէ անտեսուած «աշխարհ» անունով հիւանդագին մոլորակ մը կար:
Այս մոլորակին սրտին մէջ՝ աշխարհի ոճրագործ տէրերուն անյագ ախորժակին պատճառով ածխացած երկիր մը կար՝ հէքեաթային Սուրիա անունով եւ այդ ածխացած երկրին սիրտը կազմող, փլատակի վերածուած պատմական չքնաղ քաղաք մը կար՝ իմ ծննդավայր Հալէպը, սգաւոր եւ խրոխտ Հալէպը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սփիւռքահայ խումբ մը երիտասարդներ կը համախմբուին հայրենիքի մէջ: Տարիներէ ի վեր անոնք ընտանիքներով կու գան ու հայրենիքի մէջ կ՚անցընեն իրենց ամառնային արձակուրդները: Այսպէս հասակ առած են անոնք, այսպէս եղած է տարիներու վարժութիւնը անոնց, որ մտերմութեամբ մը համակած է բոլորը, եւ մղած զանոնք փնտռելու այս պահերը ու միասին հինէն ու նորէն զրուցելու:
Բեմադրիչ Էլբակեանի մականին ներքեւ Պարոնեանի գործը կը մատուցուի նորովի:
«Սունդուկեան» ակադեմական թատրոնի ներկայացումները կ՚արժանանան մօտիկ հետաքրքրութեան:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նոյեմբեր ամսուն հայկական դրամը դարձաւ 24 տարեկան։ Հայկական դրամին ծնունդը նկատուող՝ 22 Նոյեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրաւ 500 դրամ անուանական արժէքով նոր՝ «Նոյեան տապան» անուանումով հաւաքորդական դրամը, որ հայկական առաջին քոմփոզիթային թղթադրամն է, որ կը նշանակէ, թէ թուղթը երկու կողմէն պատուած է քանի մը նիւթերէ, ինչ որ թղթադրամը աւելի երկարակեաց կը դարձնէ եւ անոր համար կ՚ապահովէ անվտանգութեան բազմաստիճան համակարգ:
Քաղաքիս Իտալական մշակոյթի կեդրոնին մէջ նախընթաց օր նշուեցաւ միջեկեղեցական յատկանշական յոբելեան մը։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղեքսանդր Տիւմա հայր եւ որդի, յայտնի ֆրանսացի գրողներ, հետաքրքրական յիշատակ մը ունեցած են։ Աղեքսանդր Տիւմա որդիին հրատարակած մէկ գիրքին շնորհանդէսին՝ կին մը կը մօտենայ Աղեքսանդր Տիւմա հօր եւ կ՚ըսէ.
Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» աշխարհահռչակ թանգարանին մէջ յառաջիկայ տարի պիտի բացուի «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 21 Սեպտեմբեր 2018 թուականին պիտի բացուի այս ցուցահանդէսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 13 Յունուար 2019-ը։ Ակնյայտ է, որ բացումը կը զուգադիպի Հայաստանի ազգային տօնի օրուան։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մինսք։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սպիտակ Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովը։
Ճեւատ Զարիֆի այցէն վերջ, հիմա կը սպասուի Հայաստան-Իրան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի յառաջիկայ ամսուան նիստին:
Մեղրիի մէջ՝ սահմանին վրայ հաստատուելիք ազատ տնտեսական գօտին պիտի նպաստէ երկկողմանի համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւններով զարգացման:
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ յայտնի արուեստագէտին ներկայութիւնը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն:
Շահէ Տէր-Յարութիւնեան քաղաքիս մէջ տասնօրեայ կեցութեան օրերուն յաջողեցաւ շահիլ փոքրիկ սաներուն սիրտը: