Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ախպար» թերթը անդրադարձած է Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած «Հարաւի պիենալ»ին, որուն մէջ տեղ գտած են «Արարատ լերան 11 տեսարանները» լուսանկարչական շարքը (Ժիլպէռ Հաժ), ինչպէս նաեւ՝ Սինթիա Զաւէնի գործերը: Յապաւումներով կը ներկայացնենք թերթին յօդուածը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը բոլորենք մշակոյթի շաբաթը եւ ոգեւորութեամբ կ՚ապրինք մշակոյթի բարիքները, կարելի չէ՛ չյիշել Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ հայ գիրը գործածած է կարծես ձայնագրութիւն, լեզուին տուած է երաժշտական նկարագիր եւ իր գործերով, մանաւանդ «Նարեկ» աղօթամատեանով, հայ լեզուն եւ գիրը հասցուցած է իր գագաթնակէտին՝ ցոլացուցած է անոր իսկական գեղեցկութիւնը իր ամբողջ էութեամբը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Խրիմի Սեպաստապոլ քաղաքին մէջ իրականացուած է «Խրիմի աստղ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, որու ընթացքին յաջողութութիւններ արձանագրած են նաեւ հայ արուեստագէտները։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Հայ մեծ բանաստեղծ, արձակագիր, հասարակական գործիչ Աւետիք Իսահակեանի մահուան 60-րդ տարելիցը լրացաւ Հոկտեմբերի 17-ին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ, վերջերս, Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պետական ազգային ակադեմական երգչախումբին համերգը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վիթոլտ Վաշչիքովսքի վաղը Երեւան պիտի այցելէ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Գործարար Օսման Քավալա, որ կը գլխաւորէ «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան վարչութիւնը, հսկողութեան տակ առնուեցաւ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճիհանկիրի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգարա։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ անմիջապէս լուսաբանութիւն մը հրապարակեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի վերջին յայտարարութիւններուն շուրջ:
Նորին սրբազնութիւնը կը հերքէ պնդումները, ըստ որոնց ինք խուսափած է ընտրութեան ձեռնարկելէ ու կը շեշտէ, որ վերջին իրադարձութիւնները կ՚արդարացնեն զինքը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական Աթոռի սրբազաններէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենայ բանավէճ մը։ Առճակատում մը չէ այս մէկը, այլ՝ կարծիքներու հրապարակային փոխանակում մը։ Նման ծանր իրավիճակներու մէջ թէեւ մամլոյ միջոցաւ կամ հրապարակաւ տեսակէտներու փոխանակումը շատ յաճախ կրնայ այդքան ալ նպատակայարմար չըլլալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս պարագային կայ բացառութիւն մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Պոլսոյ պատրիարքը գահակալութեան երդումը կատարելու ժամանակ կ՚ուխտէ, որ պիտի աշխատի մեր համայնքի հաստատութիւններու շահերը եւ իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Հասկնալի ու բնականոն երեւոյթ մըն է այդ մէկը։ Պատրիարքը այդ շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ հասկնալի է նաեւ, որ պէտք է աշխատի պետութեան հետ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի բանաստեղծութիւններու ժողովածոյին շնորհանդէսը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ա­կա­նա­ւոր հայ նկա­րիչ, հայ պատ­ման­կար­չու­թեան ժան­րի հիմ­նա­դիր Վարդ­գէս Սու­րէ­նեան­ցի ստեղ­ծած «Սա­լո­մ» կտա­ւը 110 տա­րե­կան է: 
Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ ցու­ցադ­րուող այս կտա­ւին առ­ջեւ դի­տո­ղը ան­պայ­ման պահ մը կը կանգ­նի:

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Պա­տեանս նեղ է 
ին­չո՞ւ...
սե­նեակ­նե­րուն պա­տե­րը սրըն­թաց 
դէ­պի զիս կ­՚ար­շա­ւեն 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքի կարիքները, մանաւանդ հոգեմտաւոր ապրումներու մէջ, կարելի է խտացնել երեք բառերու մէջ՝ «գիր», «գիրք» եւ «մա՛րդ»։ Եւ ահաւասիկ այս երեք գաղափարներուն մէջ է ամփոփուած Թարգմանիչներու մեծգործութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ»ը՝ որ կը պատշաճի ներկայ «Մշակոյթի Շաբթուան» ոգիին, եւս կ՚անդրադարձնէ -Թարգմանչաց ոգիին- կարեւորութեան եւ մանաւանդ անհրաժեշտութեան մեր մշակութային-հասարակական կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման կենսական գործին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Կարծիք յայտնողներու եւ կեանքի տեսութիւն պարզողներու թիւը ներկայ դարուս բաւականին աճած է։ Կարծիք յայտնողները, չունենալով հիմք ու նախընթաց, այստեղ-այնտեղ կը շաղփաղփեն եւ կը փորձեն անժամանցելի արժէքները իմաստազրկել։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Այնքա՜ն հարուստ, հաւասարակշռուած, պարփակ իր գիտութեամբ, հնչիւնով, գիրով եւ խօսքով, որ դարձած է ազգերու նախանձի առարկայ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 7-րդ մրցոյթ-փառատօնը, որուն կը մասնակցին նաեւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017

Կրօնական ժողովի ատենապետը մանրամասն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ փակուղիին շուրջ:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը խօսի նոր տեղապահի մը ընտրութեան, նոր նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորման հնարաւորութիւններուն շուրջ: Նորին սրբազնութիւնը չի բացառեր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ համագործակցութիւնը, ինչ որ կը համարէ բնական: «Այս օրերուն մեզի սիրոյ եւ միութեան ջանքեր պէտք են՝ որպէսզի կամրջենք պառակտումի խրամատերը»:

Էջեր