Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

Ա­մե­րի­կա­ցի գրող ու ճա­նա­պար­հորդ Պրիւս Նոր­թըմ ար­կա­ծա­սէր­նե­րուն ա­ռա­ջար­կած է ինն եր­կիր, ուր կա­րե­լի է ապ­րիլ ամ­սա­կան 1000 տո­լա­րէն քիչ գու­մա­րով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Փի­լիպ­պոս Ա­շը­քի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Հարկ է նշել, որ տօ­նա­կան օ­րե­րուն զու­գա­դի­պած իր մա­հը խոր ցաւ պատ­ճա­ռած էր ըն­տա­նի­քին եւ բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

Նախագահական կառավարման դրութեան հաստատման նպատակով ժողովուրդին ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկը արժանացաւ հաւանութեան. երէկուան հանրաքուէի լոյսին տակ նոր շրջանի մը հորիզոնը կ՚ուրուագծուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան առջեւ:
Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը շուրջ տասն օր վերջ պաշտօնապէս պիտի հրատարակէ վերջնական արդիւնքը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

Յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ. ա­մէն։

«Զի կեանս յա­ւի­տե­նա­կան ետ մեզ Աս­տուած, եւ այս են կեանքն, որ յՈր­դին նո­րա են» (Ա Յով. Ե 11)։

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Երկրային այս կեանքը տրուած է մեզի որպէս ժամանակ Աստուծոյ փրկարար կեանքին վկայութիւնը բերելու, Աստուծոյ պատուիրաններն ու պատգամները իրագործելու մեր իրականութեան մէջ, մեր ընտանիքներուն, մեր երկրին, մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ։ Մեր կեանքը արժէք ու բովանդակութիւն կը ստանայ Քրիստոսի մահուան ու Յարութեան խորհուրդի լոյսին ներքեւ»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով ու ցնծութեամբ նշեց Սուրբ Զատիկը եւ իր զաւակները աշխարհի չորս ծագերուն զիրար ողջունեցին տօնական աւետիսով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կրկին Զա­տիկ է եւ ա­ւան­դու­թիւն՝ խուն­կով ու ա­ղօթ­քով: Մեր բո­լոր ա­ւան­դու­թիւն­ներն ալ ի­րենց խոր­քին մէջ մէ­կա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­ներ են. խորհր­դա­ւո՛ր: Այլ խօս­քով, ա­ւան­դու­թիւն կը նշա­նա­կէ դար­ձեալ հա­ղոր­դակ­ցիլ մե­զի ժա­ռան­գուած ան­ցեա­լին հետ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈ­ՅԵԱՆ

Անց­եալ տա­րի, անգ­լե­րէն լեզ­ուի գիր­քիս մէջ հան­դի­պած էի նա­խա­դա­սու­թեան մը: Հար­ցազ­րոյց մըն էր հան­րա­յայտ եր­գի­չի մը հետ, ո­րուն հա­ղոր­դա­վա­րը կը հարց­նէր. «Ի՞նչ է ա­մե­նա­մեծ հարցդ» եւ պա­տաս­խա­նը կ՚ըլ­լար «Օ­րը 24 ժամ է իսկ ես 36-ի պէտք ու­նիմ»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ օ­րա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն, հինգ տա­ղա­ւար­նե­րու յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թի օ­րե­րը կը կո­չուին մե­ռե­լոց, այ­սինքն՝ մեր հան­գու­ցեալ­նե­րու յի­շա­տա­կը հա­ւա­քա­կան կեր­պով յար­գե­լու սահ­մա­նուած յա­տուկ օ­րեր: Տա­րուան 365 օ­րե­րու հեւ­քոտ ըն­թաց­քը մեր աչ­քին առ­ջեւ ու­նե­նա­լով, երբ յա­ճախ ապ­րող­ներս ալ զի­րար ալ կը մոռ­նանք, կը տես­նենք, որ մեր հայ­րե­րու կար­գադ­րու­թիւ­նը որ­քա՜ն ի­մաս­տուն է:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կ՚ապ­րինք տօ­նա­կան օ­րե­րու ու­րա­խու­թիւ­նը, պէտք չէ՛ մոռ­նանք նաեւ մեր սի­րե­լի­նե­րը՝ ո­րոնք բաժ­նուած են այս աշ­խար­հէն։ Ար­դա­րեւ «յի­շել» կը նշա­նա­կէ՝ մոռ­ցուած մէ­կը կամ ի­րո­ղու­թիւն մը՝ ա­ռի­թով մը մտա­բե­րել եւ քա­նի որ մեր սի­րե­լի­նե­րը եր­բեք չե՛նք մոռ­նար, ա­պա ու­րեմն, ա­նոնց հա­մար չը­սենք «յի­շել», այլ ը­սենք՝ տօ­նա­կան օ­րե­րու եւ կամ ո­րոշ օ­րե­րու ու­րա­խու­թեան, հրճուան­քին, ցնծու­թեան ա­նոնք ալ կեր­պով մը «մաս­նա­կից» ը­նել. ա­ղօթ­քի եւ պաշ­տա­մուն­քի մէջ միա­սին ըլ­լալ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր աշ­խա­տան­քա­յին ճամ­բոր­դու­թեան եւ ոչ հայ­կա­կան հան­դի­պում-ժո­ղով­նե­րուս եւ ե­լոյթնե­րուս ըն­թաց­քին միշտ ալ հե­տա­մուտ կ՚ըլ­լամ ներ­կա­յաց­նե­լու, գէթ հա­մա­ռօտ, իմ՝ հա­յուս պատ­մու­թիւ­նը: Պէտք չէ եր­բեք ակն­կա­լել, որ ամ­բողջ աշ­խարհ գիտ­նայ մեր պատ­մու­թիւ­նը:

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հար­ցե­րով Եւ­րո­միու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Հեր­պերթ Զալ­պէր ամ­սա­վեր­ջին պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այ­ցե­լու­թեան յստակ ժամ­կէ­տը տա­կա­ւին ո­րո­շուած չէ ու երբ որ յայտ­նի դառ­նայ՝ ան­մի­ջա­պէս պի­տի հրա­պա­րա­կուի։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին համոզմամբ, նաւթի վաճառքի եկամուտները որոշ գլխապտոյտ պատճառած են Ատրպէյճանին:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Պաքու կը նմանի աճուրդի ձեւական գնորդներուն, դիւանագիտական բանակցութիւններուն մէջ չեն աշխատիր շուկայի առեւտրական հնարքները»:

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ ժողովներուն:

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

Վա­ղը ամ­բողջ Թուր­քիոյ մէջ ժո­ղո­վուր­դը քուէա­տու­փի մօտ պի­տի եր­թայ հան­րա­քուէի հա­մար։ Շա­բաթ­նե­րէ ի վեր հե­տաքրք­րու­թեամբ կը սպա­սուի այս հան­րա­քուէի ար­դիւն­քին։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց...

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը կը ղօ­ղան­ջեն դար­ձեալ՝ ա­ւե­տե­լով տօ­նա­կան մեծ ա­ւե­տի­սը։ Այդ ղօ­ղանջ­նե­րը մեր սրտե­րուն մէջ կ՚ար­ձա­գան­գեն՝ հա­ւաս­տե­լով Տի­րոջ յաղ­թու­թիւ­նը, մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն հրաշ­քը։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ձեզ­մէ ո՞վ կրնայ ամ­բաս­տա­նել զիս ո­րե­ւէ մեղ­քով։ Իսկ ե­թէ ճշմար­տու­թիւ­նը կը խօ­սիմ, ին­չո՞ւ չէք հա­ւա­տար ին­ծի» (ՅՈՀՎ. Ը 46)։ Ա՛յս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս եւ իր կեան­քին գի­նով ցոյց կու տայ ճշմար­տու­թիւ­նը՝ թէ մա­հէն վերջ կ՚եր­թայ մարդ ան­մա­հու­թեան, որ է՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեա՛նք։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ ի­րենց տօ­նախմ­բու­թեանց մէջ առ­հա­սա­րակ ան­ցեա­լի դէմ­քի մը, դէպ­քի մը ո­գե­կո­չու­մը կը կա­տա­րեն՝ ան­ցեա­լի այդ դէմ­քին կամ դէպ­քին մէջ տես­նե­լով յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թեան մը առ­կա­յու­թիւնն ու ար­տա­ցո­լա­ցու­մը։ Քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­ներն ալ էա­պէս նոյն մտայ­նու­թեան ու հո­գե­բա­նու­թեան կը հե­տե­ւին։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

«Չա­րու­թեան հին խմո­րը 
դուրս նե­տե­ցէք ձեզ­մէ, 
որ­պէս­զի ամ­բող­ջու­թեամբ նոր եւ անխ­մոր զան­գուած մը ըլ­լաք» 
(Ա. Կորնթ. 5.7)։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017

ՅՈՎ­ՆԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան կեան­քը յե­ղաշր­ջող ճշմար­տու­թիւն է: Իր հրա­շա­լի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը ապ­րող ան­հատ քրիս­տո­նեան կամ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը իր մէջ կ՚ապ­րի նոր կեան­քը, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ո­գին, եւ ա­մե­նէն էա­կա­նը՝ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017

Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկային դարձեալ պիտի տեսակցի Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին հետ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հանդիպման ժամկէտը տակաւին յստակ չէ, թուականի եւ օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ»:

Էջեր