Արխիւ
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Ֆրետերիք Ֆէյտին այն գիտնականն է, որ հայոց լեզուն ուսումնասիրած է ոչ միայն ելլելով լեզուի տեսութեան պահանջներէն, այլեւ փորձած է ճանչնալ հայոց դարաւոր մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը, պատշաճ արժեւորումը տալ հայ ժողովուրդին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի հպարտութեան մասին յօդուած-քարոզը՝ որ հրատարակուած է Պոլսոյ Քահանայից Միութեան կողմէ՝ 1931 թուականին, «Եօթն Մահացու Մեղքեր» հատորին մէջ։ Այս շահեկան յօդուածը առիթ մըն է անդրադառնալու «հպարտութեան» վա՜տ զգացումին, եւ սրբագրելու մեր սխալները այդ մասին, եթէ ունինք…։
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններուն անունով կազմակերպուած իֆթարի սեղանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին աւանդութիւն մը դարձած է նման ընթրիքներու կազմակերպումը։
Պատրիարքական Աթոռը ընտրութեան հարցին շուրջ երէկ ի վերջոյ դիմում կատարեց պետութեան:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ստորագրեցին կուսակալութեան ուղղեալ նամակը:
Հայաստանի մէջ աւարտեցաւ «Արտ ֆեստ» միջազգային երիտասարդական փառատօնը, որ տեղի ունեցաւ Յունիսի 8-19 թուականներուն միջեւ եւ կրեց «Մէկ տանիքի ներքոյ» խորագիրը: Այսպէս, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին փառատօնը ամփոփեցին կազմակերպիչներն ու դատակազմի անդամները:
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան իֆթարի սեղան մը սարքուեցաւ Չըրաղանի «Four Seasons» պանդոկին մէջ։ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուեցան զանազան յարանուանութիւններու եւ հասարակութեան զանազան շրջանակներու ներկայացուցիչներ։
Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ ապահովել 5 տոկոս տնտեսական աճ:
Վարչապետ Կարապետեան խորհրդարանի ամպիոնէն պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ երեկոյեան Երեւանէն ուղեւորուեցաւ դէպի Պելժիոյ մայրաքաղաքը, ուր այսօր կ՚ունենայ շարք մը շփումներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բաւական խճճուած պատմութիւն ունի Քաթարը: Ալ Սանի գերդաստանի իշխաններով ղեկավարուող Քաթարը ոչ միայն Միջին Արեւելքի հեղուկ կազի մեծագոյն պաշարներով հարուստ երկիրն մըն է, այլ նաեւ քաղաքական առումով ու յատկապէս վերջին շրջանին ան դարձաւ մեծ դերակատարութիւն ունեցող առանցքային երկիր մը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ու ահա երազս.-
Սա՞րդ ես, ի՛նչ ես,
չէ՛, մտմտուքն է,
որ ոստայնով պատած է.
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օքսֆորտի համալսարանի դասախօսներէն Հրաչ Չիլինկիրեան Երեւան այցելութեան օրերուն շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Սփիւռքահայ գիտնականը կը մեկնաբանէ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէութեան առջեւ ծառացած երկու հիմնական խնդիրները՝ ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, որ ընդհանրապէս հպա՜րտ երեւիլ կը փորձեն, ինքնահաւան ու մեծամիտ, արդեօք կը մտածե՞ն իրենք իրենց մասին, թէ իրապէ՛ս հպարտանալու համար ի՞նչ առաւելութիւն ունին ուրիշներու նկատմամբ։ Արդարեւ, եթէ ունին իսկ, պէ՛տք է գիտնան նաեւ, թէ ուրիշներ ալ իրենց նկատմամբ առաւելութիւններ ունին։
Կրօնական ժողովը նիստէն վերջ զօրակցութիւն յայտնեց տեղապահին, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը նպատակասլաց ձեւով յառաջ տանելու առումով։
Մօտալուտ արձակուրդէն վերջ՝ Յունիսի 28-ին տեղի կ՚ունենայ եկեղեցական համագումար: Աշխատանքներ կը նախատեսուին Աթոռի տնտեսական, դիւանական եւ գոյքերը փոխանցման կազմակերպման ուղղութեամբ: Երէկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հեռաձայնով կապ հաստատեց տեղապահ սրբազան հօր հետ։
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ խումբ մը համայնքային գործիչներու եւ բարերարներու հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը այսօր երեկոյեան կը մասնակցի ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայքներուն կողմէ սարքուած իֆթարի սեղանին՝ պետական շրջանակներու ու մանաւանդ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն համար։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ «Music of Armenia» կազմակերպութիւնը, երէկ Երաժշտութեան միջազգային օրուան առթիւ, իրականացուց շարք մը միջոցառումներ։
Պատրիարքարանի վարչամեքենան աստիճանաբար կը վերսկսի բանիլ լիարժէք ձեւով։ Շուրջ երեք ամսուան ընդհատումէ մը վերջ Գումգաբուի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան շուրջ երկու ժամ յապաղումով հասաւ քաղաքս, ուր Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ այլ ազգայիններու կողմէ։
Նորին Սրբազանութիւնը վաղը առաւօտ խորհրդակցութեան հրաւիրած է խումբ մը համայնքային գործիչներ։ Ան կը նախատեսէ փութով կազմել նախաձեռնարկ մարմին մը եւ թափ տալ պատրիարքական ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Ճաբոնի մէջ շուրջ 300 հազար բնակիչներ իշխանութիւններէն յանձնարարութիւն ստացած են պատսպարուիլ տարհանման կեդրոններէ ներս յորդառատ անձրեւներու սպառնալիքի պատճառով, որոնք կը մոլեգնին երկրի արեւմտեան եւ կեդրոնական շրջաններուն մէջ: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, այդ մասին նոր կարգադրութիւնները այսօր տարածած են Համանացու քաղաքի իշխանութիւնները:
Հայաստանի մէջ «Ամառնային ընթերցանութիւն» մանկապատանեկան գիրքերու փոխանակման ամենամեայ ծրագրի նպատակն է գիրքերը աւելի մատչելի ու սիրելի դարձնել երախաներուն: Այս տարի ծրագրի շրջանակներէն ներս ընդգրկուած են չորս նոր գիրքեր:
Լոյս տեսած է Սիւնիքի մարզի պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցը, որ հնարաւորութիւն կու տայ զբօսաշրջիկներուն իրազեկուիլ եւ ծանօթանալ Սիւնիք աշխարհի պատմական յուշարձաններուն: «Հոգիի պարտք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Շողինէ Յովհաննիսեանի խօսքով՝ 2012 թուականին տպագրուած էր Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու, իսկ 2015 թուականին՝ Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզերու պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցները:
Երեւանի կիթառի միջազգային 3-րդ փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունիս 29-Յուլիս 9 թուականներուն միջեւ: Փառատօնին կը մասնակցին զանազան երկիրներէն ծանօթ երաժիշտներ:
Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումը միշտ կը դասուի երկրի վերելքի նախադրեալներու շարքին:
Կիւմրիի «Վիլլա Կարս»ի տնօրէնը կողմնակից է հարեւան թուրք ժողովուրդի հետ լաւ յարաբերութիւններու մշակման: