Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակեպուած է «Արի տուն» ծրագիրը։ Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը սկսաւ «Արի տուն-2017» ծրագիրը։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

Տարբերակումը բացառիկ հնարաւորութիւն՝ գործընկերութեան ամբողջականութեան:
ԵՄ-ի անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու նախարարներուն հաւաքը:

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի համանախագահները աւարտեցին իրենց հերթական ուղեւորութիւնը՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Միջնորդները, որոնք նախորդ շաբաթավերջին այցելած էին Հայաստան եւ Արցախ, երէկ ալ Պաքուի մէջ տեսակցեցան Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մասնակից երկիրները պիտի համագործակցին ուղղաթիռներու նորոգման կեդրոններու ցանցի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Միլեքս-2017» պաշտպանական ոլորտի ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը՝ Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած ուղղաթիռներու նորոգման կեդրոններու ցանցի ստեղծման ուղղութեամբ համագործակցութեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017

«Տաշիր» հոլտինկի ռուսահայ սեփականատիրոջ զբօսանաւը այս օրերուն խարսխած է Պոտրումի մէջ:
Սամուէլ Կարապետեանի «ACE»ն մամլոյ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ իր բազում առանձնայատկութիւններով:

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Պէյրութի «Հայկազեան» հայագիտական համալսարանէն ներս շահեկան ու ծաւալուն գիտաժողով մը:
Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախաձեռնութեան աջակցեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը:

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Եւրոմիութեան անդամ եւ անոր կողմէ հովանաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Լիւքսեմպուրկի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Յառաջիկայ Սեպտեմբերի Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համաժողովին ընդառաջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդակցութիւն մը կազմակերպելով ծանօթացաւ մշակուած ծրագրին:

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Արցախի ճակատին վրայ շաբաթավերջին չորս հայ զինուոր նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով:
Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը տեսակցին ալիեւի հետ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն «Պաքու կը փորձէ առաւելութեան հասնելու պատրանք ստեղծել առաջնագծի վրայ, ինչ որ դատապարտուած է ձախողման»:

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի արդիւնաբերական արտադրանքի ընկերութիւնները միշտ պատնէշի վրայ կը մնան Թուրքիոյ գործարար աշխարհէն ներս։ Այսպէս, վերջերս հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մեծագոյն հինգ հարիւր ճարտարարուեստի ընկերութիւններու ցուցակը, որու վրայ կը գտնուին Երկանեանի երկու ընկերութիւնները։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մոնրէալի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Արա Էլակէօզի յուղարկաւորութիւնը։ Իր կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ ստեղծեց համայնքային շրջանակներէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս ընծայեց «Աղթամարի Կաթողիկոսութեան պատմութիւն» գիրքը։ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» շարքի հերթական մենագրութիւնն է այս մէկը, որ հրատարակուած է աշխատասիրութեամբ պատմաբան Տքթ. Վրէժ Վարդանեանի։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը պիտի ժամանէ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը Քէօլնէն պիտի հասնի յետմիջօրէի ժամերուն։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշխատանքի շրջանէ մը վերջ, ահաւասիկ հասաւ արձակուրդի շրջանը։ Արձակուրդը, ընդհանրապէս ընթացիկ, սովորական զբաղումներու ժամանակաւոր դադա՛ր մըն է՝ մտապէս, հոգեպէս եւ մարմնապէս հեռանալ աշխատանքի կեանքէն, եւ հանգստանալ, կերպով մը զբաղիլ եւ հետաքրքրուիլ իր իսկ կեանքին հետ՝ փոխանակ հասարակական կեանքի։

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017

9-16 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 14-րդ շարժանկարի փառատօնը:
Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ այս տարի պիտի հաստատուին Տովլաթեանի, Երզնկեանի եւ Իսրայէլեանի աստղերը:

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ հիւրընկալեց «Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավարը:
Ալեքսէյ Միլլեր կանգ առաւ այն ծրագրերուն վրայ, որոնք ուղղուած են երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան բարձրացման:

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017

Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ երեք հայ զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ, տեղական ժամով շուրջ 18.05-ին պատահեցաւ դէպքը։ Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ խախտեցին հրադադարը՝ կրակելով հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետերու միջոցաւ։

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017

​Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ 2016-2017 կրթական շրջանը աւարտին հասաւ բոլորի բարձր տրամադրութեամբ։ Շրջանաւարտից փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տրուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017

​Գա­րա­կէօ­զեան Տան ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան խան­դա­վառ ձեռ­նար­կով մը հրա­ժեշտ տուաւ վար­ժա­րա­նի 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րուն։ Շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուե­ցան Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գա­րուն Գո­վան, տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ, ծնո­ղաց միու­թեան, տիկ­նանց կազ­մի, սա­նուց միու­թեան եւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ 

Էջեր