Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփ այսօր պաշտօնապէս կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը։ Ան կը յաջորդէ Պարաք Օպամային, որ անցեալ շուրջ ութ տարիներուն երկու շրջան ղեկավարեց ներկայ աշխարհի հիմնական գերտէրութիւնը։
Ատրպէյճան Ռուսաստանի հետ կը բանակցի դարձեալ սպառազինութիւններ ապահովելու համար:
Մոսկուա միեւնոյն ժամանակ կը ծրագրէ ռատիօտեղորոշիչ արդի կայան մը հաստատել Հայաստանի մէջ:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իրեն դէմ կատարուած մահափորձի 10-րդ տարելիցին առթիւ։ Այս առթիւ հազարաւորներ բիւր յարգանքով եւ յուզումով հերթական անգամ վերյիշեցին զինքը։
Սէրկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը շօշափեց Սեպաստիան Քուրցի եւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ:
Հայ եւ ռուս նախարարները հերթական անգամ կանգ առին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ անցեալ տարի նախագահներու մակարդակով գոյացած պայմանաւորուածութիւններուն վրայ: Երեւանի համոզմամբ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անհասցէ յայտարարութիւնները սանձազերծութեան կը մղեն Պաքուն:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկներու Պատրիարքական Փոխանորդ Եուսուֆ Սաղը։ Այս վերջինը Գումգաբու փութացած էր շնորհաւորելու համար Նորին Սրբազնութեան ու մեր համայնքին Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը։
Յունուարի 21-ին, Երեւանի Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ պիտի բացուի Արագած Ախոյեանի՝ «Վերադարձ…» խորագրեալ գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, լոյս ընծայեց հեղինակաւոր պատմաբան ու վիմագրագէտ Արսէն Յարութիւնեանի կողմէ հեղինակուած՝ «Վաղարշապատ. վանքերը եւ վիմական արձանագրութիւնները» աշխատութիւնը։ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ հրատարակուած է այս գործը, որ նուիրուած է Վաղարշապատի վանքերու վիմագրական ժառանգութեան համակողմանի քննութեան։
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ թիրախ դառնալով Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ այս դէպքը պատահեցաւ երէկ ժամը շուրջ 14.00-ին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք այսօր կ՚ոգեկոչուի՝ իր դէմ կատարուած մահափորձի տասներորդ տխուր տարելիցին առթիւ:
Թրքահայ համայնքը բիւր յարգանքով ու ջերմութեամբ կը վերյիշէ իր ծոցէն հասած հարազատ զաւակը, որու սպանութեան վէրքը տակաւին հեռու է սպիանալէ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Պետրոս Շիրինօղլուն:
Մօտալուտ հանրաքուէէն վերջ պիտի լուծուի ընտրութիւններու հարցը:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձուելուն համար դրական վերաբերմունք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այսօր դարձեալ քու երազիդ մասին պիտի գրեմ: Յանուն կարմիր մեխակներու, որոնք փռուեցան քու ճանապարհիդ առջեւ:
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը։ Միջեկեղեցական այս ժամերգութեան նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Բրիտանացի գիտնականները տասնամեակէ մը ի վեր հետաքրքրական դիտարկում մը կը հրապարակեն: Ըստ որու, կատարուած ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ՝ Յունուար ամսուան կէսին համընկած շաբաթը, աւելի ստոյգ երրորդ Երկուշաբթին տարուան ամենէն ընկճուած տրամադրութեամբ օրն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՜վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժանարար կարգեց ձեր վրայ» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 14)։
Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանը վերջերս նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Օփերայի համալիրէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ յոբելենական փայլուն հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
Հին սփիւռքը երբ դեռ կլանուած էր իր հին խնդիրներով, աշխարհի հորիզոնին վրայ ուրուագծուեցաւ նոր սփիւռք մը՝ իր նոր հարցերով ու նոր մարտահրաւէրներով:
Եւրոխորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Անթոնիօ Թաճանի։ Իտալացի խորհրդարանականին թեկնածութիւնը առաջադրուած էր Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան կողմէ։
Հայաստանէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը ներկայիս կ՚այցելէ Իսրայէլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուարի 24-ին։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան վերջերս այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան Չանքայայի ապարանքին մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշի հետ։