Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Euronews-ի կայքէջը դրուատիքը կը հիւսէ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի վանքին՝ Սուրբ Ղազարին՝ որպէս Եւրոպայի ժառանգութեան մաս:
Յառաջիկայ Սեպտեմբերին նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ՝ 300-ամեայ յոբելեանի պատշաճ շուքով տօնախմբման համար, մինչ աշխարհի վրայ կը գործեն չորս վարժարաններ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

ՂԵ­ՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԲԵՆ­ԴԵ­ԶԵԱՆ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ծի­սա­կան ու քա­րոզ­չա­կան կեան­քին կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­ժի­նը կը հան­դի­սա­նայ պա­հե­ցո­ղու­թեամբ ու ծո­մա­պա­հու­թեամբ ամ­րապն­դել հա­ւա­տա­ցեա­լին հո­գե­կան աշ­խար­հը եւ ա­նոնց ընդ­մէ­ջէն զարկ տալ ա­նոր հա­ւատ­քի ա­ռողջ աճ­ման:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կամք»՝ իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ կա­մե­ցո­ղու­թիւն, բաղ­ձանք, նաեւ՝ հո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան զօ­րու­թիւն՝ ո­րոշ ուղ­ղու­թեամբ մը գոր­ծե­լու։ Կամ­քը կ՚են­թադ­րէ տրա­մադ­րու­թիւն, դի­տա­ւո­րու­թիւն եւ մտադ­րու­թիւն եւ այս ի­մաս­տով «կամք»ը հո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան ո՛ւժ մըն է։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Խո­կում», այ­սինքն «méditation» կը նշա­նա­կէ՝ մտա­ծու­թիւն, մտա­խո­հու­թիւն, նաեւ՝ ո­րոճք։ Այս ի­մաս­տով՝ ե­թէ ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը մտքին սնունդն է, անհ­րա­ժեշտ՝ ա­նոր գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման, խո­կումն ալ այդ սնուն­դին մար­սե­լու՝ սնուն­դը իւ­րաց­նե­լու եւ կար­դա­ցա­ծը ըմբռ­նե­լու մի­ջո՛­ցը։ Եւ ինչ­պէս որ սնուն­դը ա­ռանց մար­սե­լու ո­րե­ւէ օգ­տա­կա­րու­թիւն չ՚ա­պա­հո­վեր մարմ­նին, այն­պէս ալ ա­ռանց խո­կու­մի՝ ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը ո­րե­ւէ օ­գուտ չ՚ըն­ծա­յեր մտքին։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հայ­կա­կան լրագ­րա­կան աշ­խար­հի ե­րէց դէմ­քե­րէն մին՝ Վա­նիկ Սանթ­րեան։ Սո­վե­տա­կան լրագ­րա­կան դպրո­ցէն հա­սած վար­պետ մամ­լոյ սպա­սա­ւոր մըն էր ան։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջեւ տեսակցութիւն:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Անթոնիօ Կութերէս անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առկայ վիճակին:

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րա­րեց, որ յա­ռա­ջի­կայ եր­կու ամ­սուան ըն­թաց­քին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիին բա­ցու­մը։ Ծա­նօթ է, որ այս եր­կա­թու­ղին կը կա­ռու­ցուի Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ ստո­րագ­րուած հա­մա­ձայ­նագ­րի մը հի­ման վրայ։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան վա­ղը աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի մեկ­նի Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ա­պու Տա­պիի մէջ ան պի­տի մաս­նակ­ցի Հա­յաս­տան-Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ ներդ­րու­մա­յին հա­մա­ժո­ղո­վին։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ։ Իր այ­ցե­լու­թիւ­նը կը տե­ւէ եր­կու օր։ Չա­վու­շօղ­լու մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ պայ­քա­րի ձեռ­նար­կած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ աւարտական եւ մրցանակաբաշխութիւն:
Այս տարուան առաջինը դարձաւ Պէզճեան սանուց միութիւնը, որ պիտի ըլլայ յաջորդ տարուան տանտէրը:

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Քէօլնի առաջնորդարանի աղբիւրները արձագանգ կը հանդիսանան ընտրեալ-տեղապահի Պոլսոյ համար նախատեսուած կարգադրութիւններուն:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանին եւ իրեն փոխանորդ կարգեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը:

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ֆին­լան­տիոյ Լու­տե­րա­կան-Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ պետ, Թուր­քուի Ար­քե­պիս­կո­պոս Կե­րի Մըք­Քի­նէ­նի հետ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան այ­ցե­լու­թեամբ այս օ­րե­րուն կը գտնուի Ֆին­լան­տիոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ՀՀԿ-ի անդամ, երեսփոխան Մարգարիտ Եսայեան  յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Ներսի եւ դուրսի հայեր չկան, մենք՝ բոլորս մէկ միասնութիւն ենք եւ բոլորիս ջանքերը ուղղուած են դէպի աւելի ուժեղ, աւելի կայուն, անվտանգ հայրենիքի կառուցում»:

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Եր­գե­ցո­ղու­թեան դա­սա­պահն էր, պի­տի եր­գէինք «Հայր մեր»ը, ու­րեմն երբ հա­սանք «յեր­կինս» բա­ռին, «կինս» մա­սը այն­պի­սի շեշ­տով մը դուրս պոռթ­կաց մեզ­մէ, շուրջ 15-ա­մեայ պա­տա­նի­նե­րէս, որ ու­սու­ցի­չին՝ Պրն. Համ­բար­ձում Պէր­պէ­րեա­նի գա­ւա­զա­նի հա­րուա­ծո­վը սե­ղա­նին կ՚ըն­կե­րա­նար՝ «վայ­րե­նի­ներ, վայ­րե­նի­ներ…»։ Նկա­տո­ղու­թիւ­նը, որ ու­րիշ բան չէր ե­թէ ոչ՝ լռու­թեան կոչ: Քար լռու­թիւն: Ա­պա՝ դա­սա­ւան­դու­թիւն:

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հայ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան դա­սա­կան եր­գե­րու բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու տա­ղան­դա­ւոր յօ­րի­նող եւ մեկ­նա­բա­նողն է հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­ճա­րեղ ե­րաժշ­տա­գէ­տը՝ ԿՈ­ՄԻ­ՏԱՍ ՎԱՐ­ԴԱ­ՊԵՏ։ Բնա­ծի­ն տա­ղան­դով, Էջ­մի­ած­նի Գէոր­գե­ան հո­գե­ւո­ր ճե­մա­րա­նէ­ն շր­ջա­նա­ւարտ, Գեր­մա­նիա ու­սա­նած ե­ւ ա­րուե­ստի գոր­ծը հայ­րե­նի­քի­, Պոլ­սո­յ եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ բարձ­րա­գո­յն մա­կար­դա­կի վրայ յայտ­նա­բե­րած, Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ մեր ժո­ղո­վուր­դի պար­ծան­քը հան­դի­սա­ցաւ իր բազ­մա­կող­մա­նի դրսե­ւո­րում­նե­րո­վ՝ երգ, նուագ, բա­նա­հի­ւսու­թի­ւն, եւ ե­րաժշ­տու­թի­ւն։­

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017

Շա­բա­թա­վեր­ջին Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­մո­ռա­նա­լի նկար­չու­հի Քրիս­տին Սա­լէ­րիի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին նկար­չու­թեան մրցոյ­թը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Քրիս­տին Սա­լէ­րիի մա­հէն վերջ իր հա­րա­զատ­նե­րը հիմ­նե­ցին հիմ­նարկ մը, ո­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հե­տա­մուտ է մե­ծա­նուն նկար­չու­հիի յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նե­լու եւ ա­նոր ժա­ռան­գը սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու։

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, երբ ար­ժէք­նե­րը այ­լեւս շատ յա­րա­բե­րա­կան դար­ձած, եր­բեմն ալ ան­հե­տա­ցած են, ա­ռաս­պել կը թուին այս­պի­սի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: Աշ­խար­հի ա­մե­նէն աղ­քատ նա­խա­գա­հը. ինչ­պէ՞ս կրնայ ըլ­լալ:

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Աթ­լան­թա, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ  Նա­հանգ­ներ: Փետ­րուար 2017: Աթ­լան­թա ե­ղած էր տե­ղա­ցի հնդիկ ժո­ղո­վուր­դին կա­րե­ւոր ոս­տա­նը, երբ Եւ­րո­պա­յէն տար­բեր ազ­գեր սկսան «տե­ղա­ւո­րուիլ» այս շրջա­նը: Ա­մե­րի­կա­յի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին՝ 19-րդ դա­րուն, Աթ­լան­թան դար­ձած էր զի­նուո­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն:

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

2016 թո­ւա­կա­նի Յու­լի­սէն ի վեր «Հաց բե­րող» ա­նու­նով ծա­նօթ Ար­թուր Սարգ­սեան կը մա­հա­նար Հինգ­շաբ­թի օր: «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ­նե­րու խում­բին «հաց բե­րած» Ար­թուր Սարգ­սեան կա­լան­քի տակ կ՚առ­նո­ւէր այդ խում­բին հետ ան­մի­ջա­կան կապ ու­նե­նա­լու մե­ղադ­րան­քով:

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ ա­րա­րա­ծը մարմ­նա­ւոր էակ մըն է եւ իր մարմ­նա­կան-նիւ­թա­կան էու­թիւ­նը գո­յա­պահ­պա­նե­լու եւ կա­րե­նալ գո­յա­տե­ւու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար բնա­կան է, որ նիւ­թա­կան օգ­նու­թեան պա­հանջ­քը զգայ։ Նիւ­թա­կա­նը՝ նիւ­թե­ղէն, թանձ­րա­ցեալ օ­ժան­դակ­նե­րու մի­ջո­ցով է, որ կրնայ տե­ւա­կանց­նել իր մարմ­նա­կան բնու­թիւ­նը։

Էջեր