Արխիւ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։
Անթալիոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր եռակողմանի հանդիպում մը։ Այսպէս, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար մէկտեղուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի եւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է Մեծ պահոց շրջանին խնամքի առարկայ դարձնել նոյն թաղի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը։ Թաղային խորհուրդը որոշած է Մեծ պահոց շրջանին շաբաթը օր մը ապահովել դպրոցին պահքի ճաշը։
Երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ սկսաւ միջմիութենական գիտական մրցոյթը, որ այս տարի կը կազմակերպուի տասն միութիւններու մասնակցութեամբ։ Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ ու տանտիրութեամբ կը կազմակերպուի այս տարուան մրցոյթը, որ պիտի շարունակուի երեք շաբաթ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային գրադարանը թափով յառաջ կը տանի իր վիթխարի ժառանգութիւնը թուայնացնելու ուղղեալ բազմակողմանի աշխատանքը:
Տիգրան Զարգարեան երախտագիտութեամբ կ՚ընդգծէ այժմ արժանթինաբնակ Յովսէփ Թահթայի գնահատելի յանձնառութիւնը, որու շնորհիւ կ՚ապահովուին ձեռքբերումներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։ Այսպէս կ՚ըսէ առակը, ուր Յիսուս կը պատմէ հրաւիրեալներու եւ ընտրեալներու մասին։
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Խօսքը կը վերաբերի Վահան Ռումելեանի «Քաղաքը» շարքին, ուր ժամանակակից եկնաքերները հրավառութեան ընթացքին կը վերացարկուին, անոնց ակնթարթային ցոլացումները կը բեկուին կրկներեւոյթներու նման:
Կազմակերպութեամբ Հայ մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society), Ուոթըրթաունի, Մասաչուսեց, «Մովսէսեան» սրահին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ եթովպահայ երաժիշտ Ներսէս Նալպանտեանի յիշատակին նուիրուած նուագահանդէս մը:
Լոս Անճելըսէն Տքթ. Մինաս Գոճայեան անցեալ շաբաթ սփիւռքեան կարգ մը թերթերու մէջ գրի առած էր յօդուած մը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Պոլիս կատարած այցելութիւններուն եւ այդ մասին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած լրատուութիւններուն շուրջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը, Համաշխարհային հայկական գոնկրէսը եւ Ռուսաստանի Հայերու միութիւնը «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2017-ի մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս կը յայտարարեն մրցոյթներու պայմանները հետեւեալ անուանակարգերու մէջ՝
Մարտ 8-ի Կանանց տօնին շնորհաւորական բացիկ՝ արցախեան պատերազմին վիրաւորուած զինուորու ձեռքով:
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչը շաբաթավերջին պարգեւատրուեցաւ՝ ձեռամբ քաղաքապետ Մալիի:
Մեծանուն վարպետ Արա Կիւլէր. «Լուսանկարելը չի նշանակեր միայն լուսանկարել, աշխարհ ի զուր չի դառնար»:
Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ձեւաւորուած ջերմ եւ ամուր յարաբերութիւններու զարգացման մտադրութիւն:
Նալպանտեան եւ Թիլըրսըն հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Զրուցեց՝ ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մշակոյթը ժողովուրդի մը մեծութեան չափանիշն է, իսկ թատրոնը՝ մշակոյթը յայտնաբերող կարեւորագոյն ազդակն է։ Հայ թատրոնը աւելի քան 2000 տարի դաստիարակած եւ զարգացուցած է մեր ժողովուրդի արուեստի մակարդակն ու հասկացողութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2014 թուականի կէսերուն, երբ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորումը իր տիրապետութեան տակ կ՚առնէր Իրաքի կարեւոր նահանգները, ոչ ոք կը մտածէր, թէ այս «նորաստեղծ» խմբաւորումը պիտի դառնար սպառնալիք, ոչ միայն Իրաքի, այլ՝ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար:
«Փոքրիկ» մանկական կայքէջի պատասխանատուներէն Գարօլին Մամիկոնեան, Գարօլին Սարը եւ Սելմա Մելեքեան վերջերս այցելեցին Գալֆաեան Տուն։ Անոնք պաստառի վրայ աշակերտներուն ներկայացուցին կայքէջը, ուր տղոց տրամադրութեան տակ դրուած են դասական առասպելներ, արդի պատմուածքներ եւ այլն։
Երէկ, «Թաքսիմ Հիլլ» պանդոկին մէջ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ 8 Մարտի Համաշխարհային կանանց օրուան ընդառաջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու նպատակն էր Շիշլի մարզակումբի նոր տիկնանց կազմին ծանօթացումը։
Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Նուէր Լազօղլուի «Kalbim Turkuaz» գիրքին շնորհանդէսը։ Նուէր Լազօղլու ծանօթ է որպէս լրագրող, սակայն այս գործի պարագային գրասէրներուն կը ներկայանայ իբրեւ վիպագիր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ներողութիւն»ը, ընդհանուր առումով՝ թողութիւնն է պատիժին կամ հատուցման՝ այն յանցանքներուն կամ վնասներուն համար, որոնց հետեւանքը արդէն ջնջուած, չեղեալ նկատուած է։ Ներումի իրողութեան լաւ տրամադրուած անձը այս թողութիւնը կ՚ընդունի որոշուած պայմաններով եւ ներգործութեամբ անկեղծ զղջումի, որ ի վերջոյ անտես կ՚առնէ կատարուած յանցանքը կամ վնասը։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը թեւակոխած է իր գոյութեան ու գործունէութեան քառորդ դարը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ կառոյցի գրասենեակը, ուր զրուցեց անձնակազմին հետ:
