Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ար­տա­կարգ դրու­թեան շրջագ­ծով 5 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին պաշ­տօ­նա­թեր­թին մէջ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ կա­նո­նագ­րու­թիւն մը, ո­րու հի­ման վրայ ար­գելք կը դրուի՝ որ­պէս­զի պաշ­տօ­նա­կան ծա­նու­ցում­ներն ու գո­վազդ­նե­րը հրա­տա­րա­կուին բա­ցա­ռա­պէս թրքե­րէ­նով հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ եւ լոյս չտես­նեն ոչ-թրքե­րէն ո­րե­ւէ հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի նախ­կին դես­պան Ան­րի Քիւ­նի վեր­ջերս հրա­տա­րա­կեց գիրք մը, որ լոյս տե­սած է «Սի­ժեստ» հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն։ «Հա­յաս­տան. ժո­ղո­վուր­դի մը ո­գին» խո­րագ­րեալ այս գիր­քին հա­մար վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ շնոր­հան­դէս մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ֆրան­սա­յի Ծե­րա­կոյ­տը ե­րէկ հա­ւա­նու­թիւն տուաւ բա­նա­ձե­ւի մը, ո­րու հի­ման վրայ պի­տի քրէա­կա­նա­ցուի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րու ժխտու­մը։ Ժխտո­ղա­կան օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծը Ֆրան­սա­յի Ծե­րա­կոյ­տէն ներս ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցաւ 156 կողմ եւ 146 դէմ քուէ­նե­րու յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ բա­նաս­տեղծ Փի­թըր Պա­լա­քեան, որ այս տա­րի «Փու­լի­ցըր»ի մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ա­նու­նա­կար­գին մէջ, ար­դէն ստա­ցաւ իր պար­գե­ւը։ «Օ­զո­նա­յին օ­րա­ցոյց» բա­նաս­տեղ­ծա­կան ժո­ղո­վա­ծո­յով այս մրցա­նա­կին ար­ժա­նի դա­սուե­ցաւ Փի­թըր Պա­լա­քեան, որ դար­ձաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­մե­նա­հին եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր գրա­կան-լրագ­րա­կան մրցա­նա­կի դափ­նե­կի­րը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մե­կեր­պու­թիւ­նը ե­րէկ նոր յար­ձա­կում­նե­րով ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ Մար­տի­նի եւ Հաք­քեա­րիի մէջ պա­տա­հած դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով չորս զինուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ըստ Լաւրովի, Թուրքիա կրնայ դրական դեր մը խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ այսօր շատ կարեւոր հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Լոզանի մէջ:
Միջազգային հանրութիւնը զուգահեռաբար կը հետեւի նաեւ Մուսուլի ազատագրման ուղղեալ վարկածներուն:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սու­րիոյ ար­դէն հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր շա­րու­նա­կուող ծանր պա­տե­րազ­մը ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ, որ ան շրջա­պա­տող եր­կիր­նե­րու փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը լա­րուին: Այս ա­ռու­մով տե­ղի ու­նե­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րուն զու­գա­հեռ բա­ցա­յայտ դար­ձած է Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա-Ե­գիպ­տոս «բարձր լա­րու­ա­ծու­թիւն»ը: Եր­կու սիւն­նի տէ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մինչ այ­սօր կ­­՚ապ­րէին ե­րե­ւե­լի «մեղ­րա­լու­սի­ն» մը, այ­սօր յայտ­նուած են բա­ւա­կան լա­րուած դրու­թեան մը մէջ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Գում­գա­բուի մէջ ներ­կա­յիս գոր­ծել սկսած է սրճա­րան մը, որ կը կո­չուի «Ու­ռե­նի»։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ սրճա­րա­նէ մը շատ ա­ւե­լին է «Ու­ռե­նի»ն, որ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով քա­ղաքս հաս­տա­տուած խումբ մը ձեռ­նե­րէց­նե­րու եւ ար­հես­տա­ւոր­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ դար­ձեալ միաս­նա­բար հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նի ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի յայտ­նի ա­նուն­նե­րէն Անտ­րէ Սի­մո­նեան ու մեր հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի­նե­րէն Սի­պիլ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­սու­մը մար­դուս մտքի տա­րո­ղու­թիւ­նը կրնա՞յ փո­խել, եւ ե­թէ կրնայ՝ ո՞ր աս­տի­ճա­նի կրնայ փո­խել։
Ու­սում եւ կրթու­թիւն, եր­կու անհ­րա­ժեշտ ար­ժէք­ներ են մար­դուս զար­գաց­ման, կա­տա­րե­լու­թեան եւ ըն­կե­րու­թեան մէջ դիրք մը ու­նե­նա­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

Հա­յաս­տա­նը պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ ար­տադ­րու­թեան, գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան եւ կրթու­թեան ո­լոր­տի 175 բարձր ո­րա­կա­ւո­րում ու­նե­ցող ա­րուես­տա­գէտ աշ­խար­հի 31 երկ­րէ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

Համայնքային վարիչները մտորումներու մէջ են՝ երաշխաւորելու համար մեր վարժարաններու ապագան:
Շուրջ հինգ տարի վերջ կրնայ վտանգ սպառնալ ընդհանրապէս իսթանպուլահայ դպրոցներու ցանցին համար, ուստի այժմէն նախազգուշական միջոցներ ձեռք պէտք է առնուին՝ կանխելու համար համակարգին կքիլը եւ հաւանական խուճապ մը, իսկ երկրի տնտեսութեան այժմու երթի լոյսին տակ ընկերային զօրակցութեան նոր դրութիւն մը ստեղծելու համար:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին շարք մը ա­տե­նա­խօս­ներ իս­կա­կան գայ­թակ­ղու­թեան մը հա­մա­զօր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Գում­գա­բուի Դրսի եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նի շէն­քի պա­րա­գա­յին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը ներ­կայ կրթա­կան տա­րուան սկիզ­բին պի­տի փո­խադ­րուէր Գում­գա­բուի Դրսի եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

VADİP երէկ երեկոյեան շօշափեց մեր համայնքի շարք մը կենսական ու հրատապ խնդիրները, որոնք սեղանի վրայ դրուեցան ամենայն մանրամասնութեամբ:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի հետ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը թէեւ ուրուագծած է առկայ հարցերու լուծման հորիզոն մը, սակայն առանց յստակ ժամկէտի:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, 348 տա­րի ա­ռաջ, ­Հո­լան­տա­յի Ամս­թեր­տամ քա­ղա­քին մէջ ամ­բող­ջա­ցաւ հա­յե­րէն Աս­տուա­ծա­շուն­չի ա­ռա­ջին տպագ­րու­թիւ­նը, ո­րուն ձեռ­նար­կո­ւե­ցաւ 11 ­Մարտ 1666-ին եւ որ իր ա­ւար­տին հաս­նե­լու հա­մար պէտք ու­նե­ցաւ ա­ւե­լի քան եր­կու տա­րո­ւան աշ­խա­տան­քի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ճա­կա­տա­գիր» տա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ նա­խա­սահ­մա­նուած վի­ճակ։ Բայց ճա­կա­տա­գի­րը որ­պէս կեան­քի ըն­թաց­քին ազ­դու մէկ տար­րը, կամ կեան­քի ճամ­բուն ու­ղե­ցոյ­ցը, ի­րա­պէս գո­յու­թիւն ու­նի՞, ա­ւե­լի բաց կեր­պով. «ճա­կա­տա­գիր» ը­սուա­ծը կա՞յ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի տան­տի­րու­թեամբ պի­տի գու­մա­րուի ՀԱՊԿ-ի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Արտաքին գործոց նախարարը հանդէս եկաւ ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստին ընթացքին:
Չավուշօղլու անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը հետզ­հե­տէ կը խո­րա­նայ եւ դժբախ­տա­բար մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թեան զու­գա­հեռ տա­կաւ ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նան վատ­թա­րա­գոյն վար­կած­նե­րը։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ այս ճգնա­ժա­մը Սու­րիա­յով եւ ա­նոր հա­րե­ւան Ի­րա­քով չի սահ­մա­նա­փա­կուիր եւ մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ լուրջ լա­րուա­ծու­թեան մը պատ­ճառ դար­ձած է։

Էջեր