Արխիւ
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ազգութեամբ եզիտի մարզիկ Մանուէլ Մամոյեան, 25 Օգոստոսին, «Կինէս»ի նոր մրցանիշ սահմանեց՝ զայն նուիրելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին անմահացած հերոսներու յիշատակին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասի հետ։ Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարներուն հանդիպումը, որու աւարտին անոնք սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին պարգեւատրեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս ղեկավարի կարգադրութեամբ Եդուարդ Նալպանտեանին շնորհուեցաւ «Բարեկամութեան» շքանշան։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած ամառնային ճամբարի ծրագիրը եզրափակուեցաւ:
Լիզպոն մեկնած պոլսահայ երիտասարդներու խումբը քաղաքս վերադարձաւ՝ դրական տպաւորութիւններով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՜նչ գեղեցիկ է սա բնութիւնը՝ հաւատարիմ եւ անկե՛ղծ։
Պահ մը խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, երեւակայեցէք դաշտ մը կամ բլուր մը՝ ուր կը շրջագայիք մտածումներու մտերիմ ընկերակցութեամբ, կը նշմարէք երեւոյթներ, որոնք կը լուսաբանեն, կը պարզաբանեն հազար ու մէկ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու դէմ մայր բնութեան, անկեղծ բնութեան ցոյց տուած վարմունքը՝ որ կը նմնաի մարդկային վարմունքին։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գաղտնիք մը չէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները դրամատիրական երկիր մըն է, ուր կ՚իշխէ տանտէրն ու գործատէրը։ Միտքս պիտի պարզեմ իրական կեանքէ առնուած օրինակներով։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Դասընկերներ էին: Դպրոցական օրերէն իրարու կը համակրէին:
Տարիները անցան, դարձան մտերիմներ, ապա՝ սիրահարներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ Ճերապլուսի մէջ՝ սպասելի էր: Թրքական բանակի հրասայլերուն Սուրիան մտնելը եւ այդ քայլին դիմաց Մոսկուայի եւ Դամասկոսի կողմէ եղած փափուկ ոճով դատապարտումները կը խօսէին, այն մասին, թէ Սուրիոյ հակամարտութեան այս փուլին հիմնական դերակատարութիւն տրուած է Անգարային:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Կը հաղորդուի, որ տեսակցութեան ընթացքին երկու նախագահները անդրադարձած են Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։
Ռիոյի ողիմպիականներուն մասնակից Հայաստանի մարզիկները երէկ երեկոյեան վերադարձան Երեւան:
Ժողովուրդը մեծ համակրանքով շրջապատեց մետայլակիրները, որոնք արժանացան համատարած գնահատանքի:
Վոսփորի հիւսիսէն Եւրոպան եւ Ասիան միացան նոր կամուրջով մը՝ Եավուզ Սուլթան Սելիմի անունով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ներկայ եղաւ երէկուան բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի երէցը՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը եզրափակուեցան։ Ծանօթ է, որ երկար տարիներէ ի վեր Շիշլի Գնալը կղզիի մէջ ամրան շրջանին կը կազմակերպէ վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի դասընթացքներ։
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ինքնաշարժներու շարասիւնը յարձակման ենթակայ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն դէմքեր զօրակցեցան ընդդիմադիր ղեկավարին:
«Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը վերաձեւաւորէ Սուրիոյ հաւասարակշռութիւնները, ստեղծելով միջազգային լայն արձագանգ:
Թրքական զօրքերը երէկ Ճերապլուսի մօտակայքին ռմբակոծեցին նաեւ ԵՓԿ-ի շարքերը: Զօրավար Կերասիմով Անգարա կ՚այցելէ:
Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ դամբանական մը: Համայնքային շրջանակները խորապէս վշտակցեցան Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ ընտանիքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ մարդ բնութեան մտերմութեանը մէջ է, կարծես շատ աւելի տարբեր կը խորհի, տարբեր կը դիտէ իր շուրջը, բնութիւնը, կեանքը՝ աշխարհը ամբողջ։ Եւ բնութեան մէջ, մարդ կ՚անդրադառնա,յ թէ երբեմն ո՜րքան անիմաստ ու աննպատակ մտածումներով ժամանակ կ՚անցընէ…։
Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, բացումը կատարուած է Չեխիայէն հայրենադարձած գեղանկարիչ, ասեղնագործութեան վարպետ եւ ձեւաւորող Մարիամ Ղարիբեանի ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէսին:
«Արեւելք» կայքէջը կը հաղորդէ.-
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիպրոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։
Եկեղեցական շրջանակները երէկ զարմանքով հետեւած էին այն լուրերուն, ըստ որոնց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան նոր նամակ մը ուղարկած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։