Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցական եւ առհասարակ ազգային-կրօնական գրականութեան հիմքը դրուեցաւ այն օրուընէ, երբ 404 թուականին մեծահանճար Մաշտոցը հայկական տառերը գտաւ եւ առաջին հայ գիրքը գրուեցաւ։ Պատմական այս նշանաւոր անցքը մեծ ոգեւորութեամբ կը նկարագրեն հայ պատմիչները՝ ցոյց տալով այն մեծ ու բազմօգուտ բարիքները՝ որ հայ ժոողվուրդը այդ փոքր նշանախէցներէն ստացաւ։
ՆԱՍԱ-ի կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ Միջերկրականի արեւելեան ափի Լիբանանը, Սուրիան, Յորդանանը, Թուրքիան, Կիպրոսն ու Պաղեստինը ներառող շրջանին մէջ, 1998 թուականէն ի վեր սկիզբ առած անձրեւներու քանակի նուազումը ինն տասնամեակներէ ի վեր ամենէն վատն է:
Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը վերջերս սկսաւ մէկ ամսուան ուսումնամարզական հաւաքի մը՝ պատրաստուելու համար Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյենութեան:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի համագործակցութեամբ՝ Յուլիսի 3-30 թուականներուն միջեւ Հայաստանի մէջ «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2016» ծրագրին ծիրէն ներս, տեղի պիտի ունենայ մայրենի լեզուի (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացքներ։
Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը կը դժուարանայ յաղթահարել իր շարքերէն ներս պառակտումը:
Երեւանի մէջ վերջերս կազմակերպուած իրերայաջորդ համագումարները կ՚ապացուցանեն հարցերու խոր բնոյթը:
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներուն ժողովը:
Նիքոլայ Պորտեուժայի խօսքերով, կառոյցը կը ձգտի վառ փուլի մէջ չէզոքացնել հակամարտութիւնները:
Հալէպի մէջ դաւադիր հրասանդի մը պայթիւնին հետեւանքով, ծառայութեան պատնէշի վրայ նահատակուեցաւ Ռաֆֆի Պըչաքճեան։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող Չորեքշաբթի երեկոյեան մինչ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու իր գլխաւորած կառավարութեան Մոսկուա տուած այցին «պտուղները» պիտի ներկայացնէր, անդին երկու պաղեստինցիներ Թել Աւիւի Շըրոնա շրջանին մէջ ահաբեկչական արարք մը կը գործէին: Անոնք իսրայէլացի քաղաքացիներու հագուկապով կը մտնէին առեւտրական կեդրոնի մէջ եղող ճաշարան մը եւ ուտելիք պատուիրելէ ետք կրակ կը բանային այնտեղ եղողներուն ուղղութեամբ:
Գալֆաեան Տան աւարտական դասարանի աշակերտներուն տարեվերջի հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այս ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան, մինչ աւարտական դասարանի աշակերտները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ կ՚առնեն իրենց վարժարանէն։
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին վարժարանին հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Մխիթարեան Հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլուի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու:
Սրբոց Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկանց ու մանկապատանեկան կազմերուն փայլուն համերգը:
Նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն յաջող ելոյթները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին երաժշտասէրներուն մօտ: Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան յանձնեց գնահատագրեր:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Վերջերս հրապարակ իջած է հեռատեսիլի զանգուածային գովազդ մը, ըստ որուն յայտնի դերասաններ կը հրաւիրեն թոշակառուները օգտուելու այդ բացառիկ առիթէն։
Նորութիւններու ակնառու լուսաբանման՝ «Կարճ վաւերագրական նիւթ/ֆիլմ» անուանակարգին մէջ Ամերիկեան ազգային հեռուստատեսային ակադեմիոյ՝ «Նոր Անգլիա Էմմի» մրցանակը (New England Emmy Awards - Outstanding News Report - Serious Feature) վերջերս շնորհուած է 25-ամեայ Անոյշ Էլպաքեանին: Ան նախապէս ստացած է երկու այլ հեղինակաւոր մրցանակ եւս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն առիթով կը կրկնենք, թէ՝ կեանքը, մշտատեւ պայքա՛ր մըն է եւ կեանքը ապրիլ՝ քաջութիւն կը պահանջէ։ Եւ դարձեալ այս մասին յաճախ կը յիշենք Յիսուսի խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը դարձեալ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս-վաճառք մը, որուն հասոյթը պիտի փոխանցուի Արցախին:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Մեզմէ շատեր գիտեն, որ ճամբորդի մը համար կարեւոր ուղեկից մըն է կողմնացոյցը: Հին ժամանակներէ ի վեր անապատային, ծովային, օդային թէ ցամաքային ճամբորդութեանց ընթացքին, միշտ ալ կարեւոր եղած է կողմնացոյցը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Պէյ Տատեան, երբ 1835 թուականին շինել կու տայ Ազատլըի հայոց եկեղեցին՝ վառօդարանի հայ գործաւորներուն համար, Զէյթինպուռնուի եւ վառօդարանի Պաքըրգիւղ բնակող հայ գործաւորներն ալ կը դիմեն իրեն՝ Պաքըրգիւղի մէջ ալ եկեղեցի մը ունենալու փափաքով։
Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յունիսի 1-13 թուականներուն Քիեւի մէջ, Ուքրայնա, տեղի ունեցող ուսումնամարզական հաւաքին:
Քիմ Քարտաշեան վերջերս արժանացած է յատուկ շնորհակալութեան՝ Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցին օգնելու համար:
Էսկիշէհիրի «Անատոլու» համալսարանի եւ Պաշտօնական արդիւնաբերութեան ընդհանուր վարչութեան միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը, որով կը նախատեսուի այս բնագաւառին համար հասցնել նոր հետազօտող մը։ Սոյն ծրագրին վերաբերեալ փաստաթուղթը ստորագրեցին համալսարանի վերատեսուչը՝ Փրոֆ. Նաճի Կիւնտողան եւ յիշեալ ընդհանուր վարչութեան պետի տեղակալ Ճելալ Սամի Թիւֆեքճի։