Արխիւ
Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնած՝ Արցախին օժանդակելու արշաւէն (#Help Artsakh) ցարդ գոյացած է 325.000 տոլար գումար մը, մինչ դրամահաւաքը եւ օժանդակութիւնները տեղ հասցնելու աշխատանքները կը շարունակուին։
Սպանիոյ մէջ տեղական խորհրդարաններէն մէկուն մօտ երէկ մերժուեցաւ հայկական բանաձեւ մը, ինչ որ այսօր լայն արձագանգ գտած է Թուրքիոյ մօտ։ Երկրի հիւսիս-արեւմուտքի Կալիսիայի շրջանի խորհրդարանը Ապրիլի 25-ին օրակարգի վրայ բերուած բանաձեւին շուրջ երէկ քուէարկութիւն կատարեց ընդհանուր ժողովին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Կալիսիան Սպանիոյ 17 ինքնավար շրջաններէն մին է։
ՓՔՔ-ական ահաբեկիչ մը յարձակում գործեց Անվտանգութեան տնօրէնութեան շէնքին վրայ:
Երկու ոստիկան նահատակուեցաւ, երեք հայրենակից զոհուեցաւ, վիրաւորեալներուն թիւը՝ աւելի քան յիսուն:
Սերժ Սարգսեան եւ Միլոշ Զեման երէկ Երեւանի մէջ ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն մը:
Հայաստան-Չեխիա գործարար համաժողովին ընթացքին շօշափուեցան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային ձեռնարկները յառաջ կը տարուին հետեւողականօրէն։ Այս շրջագծով, տասներորդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն սքրապլի մրցոյթը։
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Տուն վերադարձայ երկար օրուայ մը աշխատանքէ ետք: Յոգնած էի: Զովացուցիչ մը առնելով պատշգամը սովորական բազկաթոռիս վրայ նստայ, ձայնասփիւռը միացուցի եւ երկինքի աստղերը դիտելով փորձեցի հանգստանալ:
Երեւանի մէջ սկսած է Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած խմբավարական միջազգային մրցոյթը, որ այս տարի կը կազմակերպուի 12-րդ անգամ։ Ձեռնարկը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի յոբելեանին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վստահութիւն»ը կարեւոր ազդակ մըն է մարդկային յարաբերութիւններու եւ նաեւ արտայայտութիւններու մէջ։ Արդարեւ մարդ պէ՛տք է վստահի, որպէսզի գործէ, ապահով զգայ ինքզինք եւ հեռանայ ամէն տեսակ վախերէն՝ որոնք կը դժուարացնեն կեանքի ընթացքը։
ABBA խումբին անդամները երեսունչորս տարուան ընդմիջումէ մը ետք առաջին անգամ ելոյթ ունեցած են միասնաբար։
Հայկական արտադրութեամբ «Արմֆոն» հեռախօսները արդէն հասանելի են հայաստանցի գնորդին: Հայկական արտադրութեամբ առաջին smartphoneները, ըստ զայն ստեղծող ընկերութեան հիմնադիրին, որակեալ են եւ ոչինչով կը զիջին շուկային մէջ առկայ տարբերակներուն:
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան ընթացքին ան բանակցութիւններ վարեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։
Հայաստան-Չեխիա փոխյարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն:
Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ զինուորական հանդիսաւոր արարողութիւնով դիմաւորեց Միլոշ Զեմանը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի նախկին անդամուհիներէն Փրլանթի Սարաֆեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս մեծ համակրանքի առարկայ դարձած տիպար ընտանեկան մայր մըն էր հանգուցեալը։
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ նկատի առնուեցան Վեզնեճիլէրի պայթումին բոլոր ծալքերը:
Մերքէլ էրտողանի յայտարարութիւններուն պատասխանեց Ալիեւի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութեան հաւատարմատարը հրաւիրուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Ամերիկահայ համայնքի յառաջատար դէմքերէն մին՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նուպար Աֆէեան ընտրուեցաւ Մասաչուսեցի Փորձագիտութեան կաճառի (MIT) հոգաբարձուներու խորհուրդի անգամ։ 1 Յուլիս 2016-ի դրութեամբ ան պիտի ձեռնարկէ պաշտօնի՝ հինգ տարուան ժամկէտով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքին շրջագծով ստեղծուած տհաճ երեւոյթները այս օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն մեր համայնքին օրակարգը, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ ստեղծուած ամօթալի արձագանգով հանդերձ։
Էսաեան վարժարանի տարեկան բաժակի օրուան ծրագրին եզրափակիչ փուլը նախընթաց օր մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ՝ անցեալի ու ներկայ սաներու համախմբումով։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը հանդէս մը կազմակերպեց այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտներուն համար։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի՝ մասնակցելու համար կռփամարտի երբեմնի աշխարհահռչակ ախոյեան Մուհամմէտ Ալիի յուղարկաւորութեան արարողութեան։ Հարկ է նշել, որ 74 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքած հռչակաւոր մարզիկին կորուստը վերջին օրերուն լայն արձագանգ գտած է ամբողջ աշխարհի մէջ՝ խոր ցաւ պատճառելով համայն մարդկութեան։ Մուհամմէտ Ալի երեսուն տարիէ ի վեր կը տառապէր փարքինսոնէ։
Վեզնեճիլէրի մեթրոյի կայարանին մօտ այս առաւօտեան ժամերուն ոստիկանական ինքնաշարժ մը յարձակման ենթարկուեցաւ:
7 ոստիկան նահատակուեցաւ, 4 քաղաքացի զոհուեցաւ, վիրաւորները դարմանման տակ առնուեցան մերձակայ հիւանդանոցներէն ներս: