Արխիւ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մերքէլի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-Գերմանիա եւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։
Շաբաթավերջին Սուրիոյ մէջ հաստատուած հրադադարը անմիջականօրէն զբաղեցուց միջազգային օրակարգը։ Կը հաղորդուի, որ հրադադարը կը յարգուի ընդհանուր առմամբ։
Մինչ ահաբեկչութեան դէմ լայնածաւալ պայքարը կը շարունակուի, Թուրքիա երէկ դարձեալ խոր յուզում ապրեցաւ երկու նոր նահատակի վերաբերեալ լուրերով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Ժընեւ, ուր կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 31-րդ նստաշրջանին։
Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարանին մօտ շաբաթավերջին ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, թանգարան այցելեցին հայ արդի արուեստի երկու հսկաներ, որոնք կատարեցին շրջայց մը եւ ստորագրեցին պատուոյ հիւրերու տոմարը։
Ռաֆայէլ Ճանիկեանի «Խոտորջուր․ հայրենաբաղձ ուղեւորի մը ճանապարհորդութիւնը» հատորը, հրատարակուած «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան կողմէ, նախընթաց երեկոյեան հանրութեան ծանօթուեցաւ Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ։
Շահան Արծրունի պիտի նուագէ Վանաձորի տարեցներու տան ի նպաստ:
Աշխարհահռչակ դաշնակահարը Ապրիլի 5-ին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Նիւ Եորքի մէջ:
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Ատրպէյճան։ Ան Մարտի 11-ին պիտի մասնակցի Պաքուի չորրորդ կլոպալ համաժողովին, որ ձօնուած պիտի ըլլայ «Դէպի բազմաբեւեռ աշխարհ» նիւթին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
12 Փետրուար 2015 թուականին Հայաստանի նախագահի ելոյթով սկիզբ առած քաղաքական գործընթացը, կը մտնէր նոր հանգրուան՝ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երուսաղէմի պատրիարքը այս վերջերս անցաւ քաղաքէս։ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներուն մօտ։ Օրեր շարունակ անդրադարձանք իր ուղեւորութեան մանրամասնութիւններուն՝ լսումներու կամ մեզի փոխանցուած անպաշտօն լուրերու հիման վրայ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Իսթանպուլի Արդի արուեստի թանգարանը։ Հինգերորդ դասարանի սաներէն բաղկացեալ խումբը թանգարանի համալիրէն ներս մասնակցութիւն բերաւ «BASF Kids» գիտութեան աշխատանոցին։
Մարի Լու Փափազեան կ՚այցելէ քաղաքս՝ շփումներ ունենալով համայնքային շրջանակներէն ներս:
Հայաստանի «Թումօ» կեդրոններու ցանցը կը նախատեսէ մասնաճիւղ մը հաստատել Իսթանպուլի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի 4-րդ Կիրակին՝ Ճաշու Աւետարանի «Անիրաւ Տնտես»ի առակին պատճառով, կոչուած է «Տնտեսի Կիրակի», ուր կը վերլուծուի տնտեսութեան կարեւորութիւնը, տնտեսութեան պատշաճութեան սահմանները եւ մանաւանդ տնտեսին անհատական նկարագիրը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
115 տարի առաջ, Փետրուար 23-ին, ատենի Օսմանեան կայսրութեան բարգաւաճ Զմիւռնիա քաղաքի պանդոկներէն մէկուն խորշը, աշխարհէն լքուած եւ հայութեան հետ քէնցած՝ մահացաւ հայ մտաւորականութեան դասական մեծութիւններէն Ստեփան Ոսկան (1825-1901)։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Արեւմտեան, մանաւանդ հոլիվուտեան մակերեսային բարքերէն հանդիսացող «Օսքար»ներու մրցանակաբաշխութեան եւ հանդիսութեան կազմակերպիչները անշուշտ կը հետապնդեն նպատակներ, որոնցմէ տեսանելիները սպառողական շուկային մէջ քարոզչութիւնն ու… դրամն են: Այս պայմաններուն մէջ, անշուշտ, մրցանակները շահողները անպայման ամենէն որակաւորները կրնան չըլլալ, իսկ անուրանալի արժէքը, որակը, արդէն մրցանակէն եւ քարոզչութենէն կը խրտչի:
Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը (ԵՄԻԱ) երէկ արձակեց վճիռ մը, որով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պէտք է 3600 եւրօ փոխհատուցում վճարէ Թամարա Դոմազեանին։ Այս վերջինը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է եւ ներկայիս կը բնակի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ։
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Փետրօ Արկամունթ կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։ Կը հաղորդուի, որ դէպի Պաքու իր ուղեւորութիւնը պիտի իրականանայ Մարտի 2-ին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, թէ սահմանադրութեան բարեփոխումներէն վերջ երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքը թեւակոխած է նոր փուլ մը։ Շարմազանով, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբերն է, խորհրդարանէ ներս յայտարարութիւններուն ժամանակ ըսաւ. «Մենք այլեւս կ՚ապրինք նոր իրողութեան մը պայմաններուն ներքեւ, ինչ որ ունի իր պահանջներն ու մարտահրաւէրները։
Հայաստանի եւ Չեխիոյ կառավարութիւնները կը պատրաստուին կնքել ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նիւթը ընդգրկուած էր Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովի օրակարգին վրայ։
Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիս «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, թէ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը արեւելեան Միջերկրականի պարագային պիտի ապահովէ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։