Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պոլիսի հարուստ հայ ընտանիքներու մէջ կարեւոր եւ յայտնի տեղ կը բռնէին կաթոլիկ Տիւզեանները՝ Աբբայեան, այսինքն՝ Վենետիկի Մխիթարեաններու ժողովուրդ եւ Միութեան գաղափարին ջերմ պաշտպան, այս իսկ պատճառով ալ Գոլլէճեաններէն ատուա՛ծ։
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Անդրանիկ այն հազուաթիւ հայերէն էր, որ կը բնակէր Սուրիոյ Տարաա քաղաքը, ուրկէ կայծ առած էր երկիրին մղձաւանջը: Հայրը, որ երկաթագործ մըն էր, գործի բերումով Դամասկոսէն տեղափոխուած էր Տարաա եւ հոն հաստատուած:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լոնտոնի գլխաւոր փողոցներէն մէկուն վրայ կը գտնուի աշխարհահռչակ հայ ճարտարապետ, Բրիտանական ճարտարապետական թագաւորական հիմնարկի անդամ, հայազգի Միշէլ Մոսէսեանի ղեկավարած ճարտարապետական ընկերութիւնը: Հպարտութիւն է անցնիլ Hexton փողոցէն եւ հոն գտնուած գրասենեակներու կարգին կարդալ Mossessian Architecture գրութիւնը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գարակէօզեան Տան յարակից կառուցուած երկնաքերը խորհրդանշական կոթող մըն է՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն համար վերջին տարիներուն կատարուած բարեփոխումներուն տեսակէտէ՝ որպէս շօշափելի արդիւնք։
Սահակեան-Նունեան լիսէի հիմնադրութեան 50-ամեակին ձօնուած հանդիսութիւններու ծիրէն ներս:
Միջվարժարանային պատմուածքի մրցոյթը առիթ հանդիսացաւ մեր երիտասարդներու տաղանդի դրսեւորման:
Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը, խորհրդակցաբար Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Վերականգնումի ու միութեան շարժումին եւ ՌԱԿ-ի Հանրապետական վարչութեան հետ, իր վերջին նիստին որոշած է 50 հազար տոլարի դրամական օգնութիւն տրամադրել ապրիլեան պատերազմին ընթացքին Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն:
Հայկական արմատներով ամերիկեան հանրայայտ երգչուհի եւ դերասանուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան) Մայիսի 20-ին նշեց իր ծննդեան 70-ամեակը:
Մայիսի 22-ին՝ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, գրող ու դերասան Շարլ Ազնաւուր դարձաւ 92 տարեկան։ Այս առթիւ Շարլ Ազնաւուրի 92-րդ տարեդարձը հայաստանցի հանդիսատեսի կեանքին մէջ նշանաւորուեցաւ համերգով մը: Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ բացօթեայ համերգ մը՝ նուիրուած աշխարհահռչակ երգիչին 92-ամեակին:
ԱՔ կուսակցութիւնը շաբաթավերջի արտահերթ համագումարի արդիւնքին ընտրեց իր նոր ղեկավարը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կառավարութիւն կազմելու համար պաշտօնի կոչեց նորընտիր կուսակցապետը:
Կաթոլիկ, Ռուս եւ Ասորի եկեղեցիներուն կողմէ հիւրեր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն զօրակցելու մասին:
Երէկ, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաք։ Անմիջական ու ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որու ընթացքին 25-ամեայ, 40-ամեայ եւ 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները ստացան յուշանուէրներ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքի բազմակողմանի գործունէութիւններու ծիրէն ներս, Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի թատերախումբը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ Ինչպէս աւելի առաջ ալ հաղորդած էինք, Սարօ Սիրականեանի ջանքերով վերջերս Վարդանանց երգչախումբի շարքերէն ներս վերակենդանացած է թատերական գործունէութեան աւանդութիւնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլլիւք բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղեալ աշխատանքներուն շուրջ:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
16-րդ Ասիական ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցան 2010 թուականին Կուանկ Զու, Չինաստանի մէջ: Գործի բերումով ողիմպիական խաղերու քաղաքը կը գտնուէի 15 Նոյեմբերին: Քաղաքի փողոցները լեցուն էին զբօսաշրջիկներով, որոնք եկած էին աշխարհի չորս կողմէն, ներկայ գտնուելու մարզական խաղերուն:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երբեք բաւարար չափով չենք խօսիր հայ դպրոցի էական կարեւորութեան մասին, նոյնիսկ եթէ ջոջական եւ քաղքենի ականջներու համար այդ ձանձրացուցիչ կը համարուի, անոնք ըլլան միութիւններ, ազգային աւազանէ հեռացած «ականաւոր» մտաւորականներ, քաղաքականութիւն խաղցողներ եւ կարգախօս կրկնողներ, բազմանուն միութիւններ, բարեսէր հայասէրներ:
Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին միջվարժարանային յաջող նախաձեռնութիւնը:
Տասը դպրոցներէ աշակերտներ կը մասնակցին նախագծին, որ պիտի եզրափակուի յաջորդ շաբաթավերջի ներկայացումներով:
Ինչպէս ծանօթ է, 9 Ապրիլին Գերմանիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ Լաս Վեկասի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, իր կատարած ճակատումին ընթացքին միջին կարգի WBO-ի աշխարհի ախոյեանի կոչումը զիջեցաւ մեքսիկացի Խիլպերթօ Ռամիրէզին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ բարեկամներ, մի՛ թողուք որ ձեր մտածումներն ու մտահոգութիւնները մոլորեցնեն ձեզ։ Դիտեցէք ձեր շուրջը, ահաւասի՛կ գարո՜ւն է՝ բնութիւնը վերակենդանացեր է, ամէնուրեք ուրախութիւն, հրճուանք, խնդութիւն, ամէն ոք զուարթ ու շէն. եւ կարծես կեանքը նոր կը սկսի։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Արուեստ էքսփօ-2016» միջազգային ցուցահանդէսը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէր հասարակութեան անմիջական ուշադրութեան։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս ցուցահանդէսը ձօնուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին։
Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ առեւտուրի նոր կեդրոնի մը, որ կը կոչուի «Տաշիր Սթրիթ»։ Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 12 հազար քառակուսի մեթր ընդհանուր մակերես ունի այս համալիրը, որ կառուցուած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբին կողմէ։