Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Մոսկուա պիտի այցելէ այս Ուրբաթ՝ Ապրիլի 8-ին։ Ան հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։
Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Հարկ է նշել, որ այս շաբթուան երկրորդ կէսին Երեւանի մէջ նախատեսուած է Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Արցախի ճակատին վրայ բռնկած բախումներուն հետեւանքով այդ ժողովը յետաձգուեցաւ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Պերլինի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Գերմանիոյ Նախագահ Եոախիմ Կաուքի, Պունտեստակի նախագահ Նորպերթ Լամմերթի, Վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի հետ։
Վարչապետ Տավուտօղլու անիծեց Հայաստանի կողմէ գործուած յանձակումները Ատրպէյճանի վրայ:
Խորհրդարանի երեք կուսակցութիւններուն յայտարարութիւնը:
Ըստ Չավուշօղլուի, անհրաժեշտութեան պարագային Պաքուի կողքին ըլլալը չի նշանակեր բախումներու դրդել զայն:
Արցախի ճակատի վերջին բախումներուն հետեւանքով նահատակուած հայ զինուորներուն յուղարկաւորութիւնները տեղի կ՚ունենան յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Ինչպէս Արցախի զանազան քաղաքներու, այնպէս ալ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան յուղարկաւորութիւնները եւ սգահանդէսները։
Արցախի ճակատին վրայ երկկողմանի համաձայնութեամբ երէկ կէսօրուան ժամերուն որոշուեցաւ կրակը դադրեցնել առաջնագծին, ներկայ յարաբերական կայունութեան մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը ատեն-ատեն կը շարունակեն կրակել, բայց ոչ նոյն թափով, իսկ գիշերը հանգիստ էր:
Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր ողջունեց շփման գծին ապահովուած լիցքաթափումը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ Արցախի մէջ յառաջացած ճգնաժամի պայմաններուն ներքեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը բերել հայոց պետականութեան։ Համայն հայութեան մտահոգ սպասման մթնոլորտին մէջ, երէկ առաւօտ, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց վերջերս Ամսթերտամի մէջ կազմակերպուած Համաեւրոպական խաղերուն մասնակցած իսթանպուլահայ մարզիկները։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Հայկարամ Գարասու, Շահնուր Գազանճը, Սեւան Տեւլէթեան, Պուրակ Էլվան, Հերման Պիպէռեան, Առէն Օլկունտեմիր, Արման Խուպեսէրեան, Արտա Տօնիկօղլու եւ Ռոպին Միրզախանեան։
Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ընկեր» թատերախումբի ներկայացումը։ «Քապարէ» անուն խաղը թատերասէրներուն ներկայացուեցաւ՝ բեմադրիչ Արաս Նասի մականին ներքեւ։ Երկու թատերակներէ բաղկացեալ ներկայացում մըն է այս մէկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու հետաքրքրութեան։
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
«Գանատա կայք հաստատելու առիթը պէտք չէ վերածել նորաձեւութեան, «մոտա»ի հետեւելու հեւքոտ ճիգի, աւելին՝ արկածախնդրական ծրագիրի մը»
Մահացաւ 65-ամեայ Զահա Մուհամմէտ Հատիտ, որ կը համարուի աշխարհի ամենայայտնի կին ճարտարապետը, ծագումով իրաքցի բրիտանուհի մըն է։ Ան ծնած է 31 Հոկտեմբեր 1950 թուականին, Պաղտատ, Իրաք։ Իսկ ան մահացաւ Մարտի 31-ին, Մայամիի մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փորձեցէ՛ք դիտել կեանքը, դիտել բնութիւնը, հոն նմանութիւններ պիտի չգտնէ՞ք Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին հետ։ Կեանքը՝ որ կ՚ընթանայ զանազան պատահարներով, տեսակ տեսակ երեւոյթներով, ըսենք՝ ելեւէջներով, երբեմն ուրախութիւններով, երբեմն տրտմութիւններով, յաճախ չարչարանքներով, տանջանքներով, նեղութիւններով, ցաւերով ու վիշտերով, որոնց վերջաւորութեան մարդ կը հասնի ու կը հանգչի մահուան անխուսափելի երեւոյթով եւ ի վերջոյ յաւիտենականութեան՝ անմահութեան։
Հնագէտները Նեղոս գետի ափին նախապէս անյայտ դամբարանադաշտ մը յայտնաբերած են, որ կազմուած է քառասուներկու ժայռափոր գերեզմանէ:
Հայաստանի մէջ ժողովուրդը ինքնաբուխ օժանդակութեան շարժումի մը ծնունդ տուած է՝ զօրակցելու համար Արցախի Պաշտպանութեան բանակին։ Երեւանի կեդրոնին ստեղծուած են հաւաքակէտեր, ուր կամաւորները կը ստանձնեն ժողովուրդին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնները։
Ճոն Քերի, Սէրկէյ Լաւրով եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր հեռախօսազրոյցներ ունեցան Արցախի իրադրութեան շուրջ:
Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդը յատուկ ժողով մը կը գումարէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ - Թիֆլիզէն եւ Թեհրանէն կը հնչեն կոչեր:
«Եթէ ռազմական գործողութիւնները շարունակուին եւ ստանան լայն ծաւալ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ:
Աթագիւղի «Ասլը Չաքըր Ալփթեքին» համալիրէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան կողմէ կազմակերպուած մարմնամարզի միջվարժարանային աւանդական խրախճանքը։ Այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուած խրախճանքը ձօնուած էր Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելեանին։
Էսաեան վարժարանի ներկայացուցիչ աշակերտները շաբաթավերջին մասնակցեցան «Պիլֆէն» նախակրթարանին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի վեցերորդ մրցաշարքին։
Գարակէօզեան Տան աշակերտներէն Առէն Տեմիրճի եւ Ալեքսան Զարուքի շաբաթավերջին մասնակցեցան «Պիլֆէն»ի ճատրակի մրցաշարքին։
Էսաեան վարժարանի աշակերտուհիներէն Նաթալի Պարսամեան, Սեսիլ Կիւկիւշ, Լարիսա Եըլմազ եւ Գարին Մանթօ վերջերս Ֆինլանտիոյ մէջ մասնակցեցան «Էրասմուս» ծրագրին շրջագծով կազմակերպուած «European Job Market For Youth» խորագրեալ հաւաքոյթի մը։