Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2025

Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովը այսօր կը սկսի. արդէն հրապարակուած է զեկոյց մը:
Արեւմուտքի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ հայեացքը նկատելիօրէն կը փոխուի: Ազատականութիւնը լուրջ փորձութեան դէմ յանդիման: Հաքան Ֆիտան, Նիկոլ Փաշինեան, Սուրէն Պապիկեան եւ Ճէյհուն Պայրամով եւս Գերմանիոյ մէջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մեծ պայթիւնի առաջին վայրկեաններուն մեր տիեզերքի մէջ քաոս կը տիրէր: Գիտական գրականութեան մէջ քաոսի իմաստը տիեզերքի քաոսային վիճակն է, որ զուրկ է որեւէ ձեւէն եւ կարգէն մինչեւ այն կարգի հաստատուիլը։

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դաստիարակութեան մէջ խստութեան տեղը մենք եւս կը կարեւորենք, սակայն խստութիւն չի նշանակեր ֆիզիքական պատիժներ. նախ եւ առաջ մանուկը պէտք է իր մանկութեան ժամանակ հասկնայ, որ կեանքի մէջ իր բոլոր ուզածները իրականութիւն չեն դառնար՝ նոյնիսկ եթէ հարուստ ընտանիքի մը զաւակը ըլլայ. նիւթապէս ինչքան ալ հարուստ ըլլայ մարդ՝ միշտ չի յաջողիր իր երազները իրականութիւն դարձնել:

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ընդհանուր ձեւով խօսեցանք հին ժամանակ մարդոց ընտանեկան կառոյցին մասին ունեցած համոզումներուն եւ այդտեղ տեղ գտած արժէքներուն մասին եւ կամաց կամաց հասանք մինչեւ մեր օրերը. Սակայն, հիմա ընդհանուրէն դուրս գալով պիտի սկսինք շօշափել որոշ հարցեր, որոնք տեղ կը գտնեն մեր ընտանեկան կառոյցներէն ներս: 

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

Յունաստանի խորհրդարանը երէկ ընտրեց երկրի նոր նախագահը, որ պաշտօնը պիտի ստանձնէ յաջորդ ամիս։ Այսպէս, խորհրդարանի նախագահ Քոնստանդինոս Թասուլաս ընտրուեցաւ երկրի նոր նախագահը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխանի ընթացքին վարչապետի յայտարարութիւնները:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի հետ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը տեւած է բաւական երկար:

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն համոզուած է, թէ Կազզէն դատարկ տարածք մը չէ։ Իր խօսքով՝ պէտք է յարգել Կազզէի բնակիչներուն՝ սեփական հողի վրայ ապրելու ձգտումը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ ընդհատուած՝ ամենաբարձր մակարդակի շփումները վերահաստատուեցան. երէկուան հեռախօսազրոյցէն վերջ հորիզոնին ուրուագծուած է Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի տեսակցութիւնը՝ ամենայն հաւանականութեամբ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը կարեւոր ազդանշաններ կու տան՝ Ուքրայնայի պատերազմին շուրջ փոխադարձ ըմբռնման հասնելու ուղղութեամբ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Լոս Անճելըսի պոլսահայ շրջանակները կը սգան Էտի Սարաֆօղլուի անժամանակ մահը։ 68 տարեկան հասակին անակնկալօրէն մահացած է Էտի Սարաֆօղլու, որու կորուստը ցնցած է բոլորը՝ մանաւանդ, որ ան եղած է շատ համակրելի ու յարգելի անձնաւորութիւն մը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

«Թուրքիա կը կարեւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ժամ առաջ խաղաղութեան հաստատուիլը»:
Ըստ Ուրալօղլուի՝ հաշուի պէտք է առնուի երկիրներու ազգային անվտանգութիւնը, ինչ որ կը քննարկեն Երեւանն ու Պաքուն:

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգը կը զբաղեցնէ İtimat Bürosu-ի գայթակղութիւնը։ Վերջին շրջանին Կրօնական ժողովն ալ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով եւ նախաձեռնութեամբ մասնակից դարձած է այս հարցին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կաթուածահար համայնքային կեանքի պայմանները, դժբախտաբար, անխուսափելի կը դարձնեն մթնոլորտի ապականումը։ İtimat Bürosu-ի տագնապը երկար ժամանակէ ի վեր մնացած է անլոյծ։ Ձգձգումները ընթացիկ ու սովորական երեւոյթ դարձած են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքին հովանաւորութեամբ կեանքի կը կոչուին բազում ծրագիրներ, որոնցմէ մին է «Զարմանազան»ը։ Ինն տարիէ ի վեր կը շարունակուի այս ծրագիրը, որ կը համախմբէ սփիւռքէն պատանիներ, երիտասարդներ եւ ուսուցիչներ՝ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օտ Սաւուա» շրջանին մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով որոշում ընդունեց փոփոխութիւններ մտցնելու «Մշակութային օրէնսդրութեան հիմունքների մասին» օրէնքին մէջ, ըստ որում օփերային թատրոնի, պատկերասրահի, գրադարանի՝ շուրջ տասնմէկ բացառիկ մշակութային հաստատութիւններու պարագային, «ազգային» բառը պիտի փոխարինուի «համապետական» բառով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արեւը անխափան եւ անխախտ տեւականութեամբ մը, ամէն օր անշեղ կերպով կը ծագի եւ մայրը կը մտնէ՝ արեւմտեան հորիզոնին մէջ կը ծածկուի։ Եւ այս երեւոյթը աշխարհի ստեղծագործութենէն մինչեւ այսօր կը կրկնուի եւ պիտի կրկնուի մինչեւ աշխարհի վախճանը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը։ Սպիտակ տան ժամադրութիւնը զուգադիպեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի տեսակէտէ նուրբ փուլի մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց դէպի Փարիզ պաշտօնական այցելութիւնը, որու ընթացքին մասնակցեցաւ՝ Մեծ պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած Արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գործողութիւններու գագաթաժողովի լիագումար նիստին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2025

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Ո՜վ հզօր ծով:
Ո՜վ պայքարող ծով:
Ո՜վ բռնակալ ծով:
Այս այրող ամառուան սկիզբը, պարկեշտութեան, վարանումի եւ արժանապատուութեան երկա՜ր տարիներէ ետք, շնչակտոր եւ վազելով կու գամ քեզի, առանց ժամադրութեան, առանց նախաբաններու, առանց լողազգեստի, որպէսզի տեղեկացնեմ քեզի, թէ դգալն ու պնակը եղան արաբներուն զէնքը եւ թշնամիներուն դիմադրելու իրերը եւ թէ անոնց ամէնօրեայ բաղարջը իւրաքանչիւր առաջնորդի քաղաքական խորհրդատուն եղած է, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի պաշտօնական խօսնակը եւ ազգային երգը բոլորին լեզուին վրայ է: 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պատուիրանը կը պահանջէ «նախանձ»ը արտաքսել մարդկային սրտէն։ Նախանձը՝ չար զգացում մըն է, որ մարդ կ՚ունենայ՝ տեսնելով ուրիշի յաջողութիւնը կամ բախտաւորութիւնը, որոնցմէ ինք զուրկ է. մախանք, չարակնութիւն է ան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Զգալի փոփոխութիւն մը ապրեցաւ ընտանեկան կառոյցն ու յարաբերութիւնները 19-րդ դարէն մինչեւ 21-րդ դարը. 9-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դար այնքան փոփոխութիւն չեղաւ, ինչքան վերջին այդ երկու հարիւր տարուան ընթացքին:

Էջեր