Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծնողք ու զաւակ յարաբերութիւնը մարդկութեան ամենէն հին եւ հիմնարար կապերէն մէկն է, որ կը գերազանցէ ժամանակն ու մշակոյթը։ Այդ յարաբերութիւններու հիման վրայ զարգացած է մարդկային կեանքը եւ ձեւաւորուած ընտանեկան միջավայրը:
Ռուսաստան-Իրան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ աշխատանքներ կը տարուին՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւնը, որու կատարելագործման եւ այլընտրանքներու ձեւաւորման խնդիրները միշտ կը մնան այս երեք երկիրներու օրակարգին վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջարկեց, որ պաղեստինցիները լքեն Կազզէն։
Երէկ, Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Յիմարներուն հետ պէտք է յիմարաբա՞ր վարուիլ:
Պատասխան. Բնականաբար, ո՛չ: Եկէք կարդանք, թէ Առակացի իմաստուն հեղինակը ի՛նչ կը գրէ այդ մասին. «Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար, որպէս զի դուն ալ անոր նման չըլլաս:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Դեռ մանուկ էի, Հալէպի մեր տան դուռին զանգը ամէն առտու նոյն ժամուն կը հնչէր։ Մայրս, այցելուին ով ըլլալը գիտնալուն համար, առանց շտապելու, կաթսայ մը առած կ՚երթար, դուռը կը բանար, կաթսան երկարելով՝ «մէկ քիլօ» կ՚ըսէր կաթնավաճառ Ապու Աշրաֆին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1990 թուականին Ֆրանսայի Մոնտիոնեան գրական մրցանակին կ՚արժանանայ անցեալ դարասկիզբին գրուած գիրք մը՝ «Ճանապարհորդութիւն Սեն Փեթերսպուրկէն Արարատ՝ 1899-ին» խորագրով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հպարտութիւն». պատուի զգացում, որ կը յաւակնի եւ կը ձգտի իր ուժերէն եւ դիրքէն վեր։ Այս իմաստով հպարտութիւնը բոլոր մեղքերու սկզբնապատճառն է։ Հպարտութիւնը նաեւ ամէն չարիքի մա՛յրն է՝ «Չար»ը ծնունդ առաւ հպարտութեան վատամիտ ամբարտաւանութեամբ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքն է գերագոյն նպատակը։
Նիկոլ Փաշինեան ներկայիս աշխատանքային այցով կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ ընկերակցութեամբ իր կողակցին՝ Աննա Յակոբեանի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ի վերջոյ ո՞վ պիտի գայ եւ սփիւռքին պիտի սորվեցնէ, ըսէ՝ պարոնայք, ձեր ըրածը լրագրութիւն չէ:
Ժամանակները այնքան տարբերուեցան, որ շարադրութիւն գրողներու բանակ մը լեցուց սփիւռքեան թերթերու սիւնակները:
Մինչեւ ոչ-շատ վաղ անցեալը կային վերացականն ու իրականը։ Իրարու հականիշներ էին։ Եթէ բան մը վերացական էր, ուրեմն չէր կրնար իրական ըլլալ եւ փոխադարձաբար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բ.- Ամուսնութեան որպէս հիմնական նպատակ կը տեսնենք մարդու ընկեր ունենալու հասկացողութիւնը։ Ծննդոցի առաջին էջերուն մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած Եւան Ադամի տուաւ որպէս կողակից ու ընկեր. ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ, Աստուած տեսաւ, որ մարդուն համար լաւ չէ մենակութիւնը եւ անոր համար օգնական կողակից ստեղծեց, ընդգծելով ամուսնութեան մէջ ընկերութեան կարեւորութիւնը. միութիւն՝ որ փոխադարձ աջակցութիւն եւ ընդհանուր նպատակ կը հետապնդէ:
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին սկսան Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերը. առաջինը կազմակերպուած էր 2014 թուականին։ Աշխարհի 19 երկիրներու 77 քաղաքներէ, շուրջ 1300 ներկայացուցիչ կը մասնակցի Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերուն, որոնք տեղի կ՚ունենան Ջերմուկի մէջ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Հոսկէ-հոնկէ ինծի հասած տարբեր տեսերիզներու մէջ շատ յաճախ կը հանդիպիմ կենդանիներու անհետացումը գուժող գիտական լուրջ ուսումնասիրութիւններու եւ ինչ խօսք, որ ցաւալի այս անհետացման որպէս հիմնական պատճառ կը ներկայացուի անգիտակից ու «դաժան» մարդը։
Համայնքային շրջանակները երէկ Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հին-նոր տարակարծութիւններ, որոնք կը բիւրեղանան եկեղեցի-պետութիւն կապերու պատկերին վրայ:
Սփիւռքի եւ Հայաստանի պատարագները բոլորովին տարբեր՝ քաղաքական կառոյցներու նկատմամբ վերաբերմունքի տեսակէտէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1911 թուականի ամրան Կոմիտաս Վարդապետ դասախօսութիւն մը կ՚ունենայ Էսաեան վարժարանին մէջ, Բերա: Ան կը խօսի պարի մասին՝ կարեւորելով պարը հայ մանուկի կեանքին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ա՜խ, այն հին ժամանակները, մեր մանկութիւնն ու վաղ պատանեկութիւնը, այն երանելի ժամանակները, երբ կը ժպտէինք մեր սիրելիներու հետ, որոնք գուցէ հիմա մեզ հետ չեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ցուցամոլութիւնը կը ստեղծէ կեղծիքը՝ քանի որ կեղծիքը կը ծածկէ ամէն տկարութիւն եւ թերութիւն. կեղծիքով է, որ մարդ ինքզինք ցոյց կու տայ այն՝ ինչ որ ինք չէ, բայց այդպէս ըլլալ կ՚ուզէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ իւրաքանչիւր դարաշրջան կ՚ունենայ ու կը ձեւաւորէ յարաբերութիւններու շուրջ իր կանոնները. մարդկային այս կապին ու յարաբերութեան վրայ բնականաբար կ՚ազդեն մշակութային արժէքներու, ինչպէս նաեւ մտածելակերպի փոփոխութիւնները, փոխելով հասարակութեան սպասումներն ու յարաբերութեան շուրջ մարդոց ունեցած գաղափարները:
Այսու կու գանք մերազն ընթերցողներուն տեղեկացնել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գինը այսօրուընէ սկսեալ կը բարձրանայ 10 թրքական լիրայի։ Սա թէեւ հաճելի լուր մը չէ, սակայն, կը յուսանք՝ մեր ընթերցողները հասկացութիւն կը ցուցաբերեն վարչութեանս կողմէ ակամայ առնուած այս որոշման նկատմամբ։