Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գաղափար մը երբեմն կարելի է մէկ խօսքով բացատրել փոխանակ երկար գրութիւններ կամ նախադասութիւններ գործածելու։ Եւ ահաւասիկ, զանազան նիւթերու մասին իմաստալից խօսքեր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որոշ ժամանակ ետք հասկցայ, որ աշխարհի մութ անկիւններուն մէջ միայն մարդիկ որբ չե՛ն դառնար. կ՚ապրին, կ՚որբանան ու կը մեռնին նաեւ անշունչ իրերը: Զրկուած իրենց սկզբնական նպատակէն՝ անոնք եւս որոշ ժամանակ մարդկային կեանքի մէջ կարեւոր տեղ գրաւելէ ետք կը տրուին մոռացութեան, դառնալով որբացած անցեալի լուռ յիշատակ մը՝ մինչեւ դառնան անյայտութիւն։
Նորին Սրբութիւնը երիտասարդ եկեղեցականներուն նուիրեց ձեռաց խաչեր եւ մասնատուփեր:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորաօծ միաբան հայրերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գուցէ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մեր այս թերթի հիմնադիրները դարաւոր այս մամուլը կոչած են ԺԱՄԱՆԱԿ, որ մարդկութեան կողմէ աշխարհի բոլոր հարստութիւններէն աւելի փնտռուած իրողութիւն մըն է:
Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան սկսաւ համայնքային մարզական փառատօն մը, որու կազմակերպիչներն են՝ Շիշլի մարզակումբը, Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանը եւ Ներսէսեան դպրաց դասը։ Նախագիծը ձօնուած է երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին։
Ֆրանսա ներգրուած է «Տաթեւի մեծ անապատ» վանական համալիրի վերականգնման ծրագրին։
Երեւանի մօտ Ֆրասայի դեսպան Օլիվիէ տը Քոթինյի ընկերային ցանցերու վրայ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որուն կցեց նաեւ պատմական վանական համալիրի լուսանկարը։
Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Եթովպիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան համատեղութեան կարգով դեսպան նշանակուեցաւ նաեւ Քենիայի մէջ։ Դեսպան Սահակ Սարգսեանի նստավայրը պիտի շարունակէ մնալ Ատիս Ապապան։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կը պատրաստուի այցելել Գահիրէ։ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիններուն մէջ ապահովուած նոր սկիզբին զուգահեռ՝ բարձր մակարդակի վրայ շփումներն ալ կը խտանան վերջին շրջանին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ երկիրը կ՚անցնի Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու էական խորացման գործընթաց։ Յունական Կիպրոսի շփումներու շրջանակներէն ներս Արարատ Միրզոյեան «Associated Press» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ։
Նախագահ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնները արձագանգ գտան Իսրայէլէն եւ Ատրպէյճանէն:
Պաքուէն տեղեկացուեցաւ, որ Անգարա եւ Իսլամապատ քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերած են Ղարաբաղի պատերազմին:
Իրանի նորընտիր նախագահը պաշտօնամուտի օրուան առւօտուն իսկ ընդունեց Հայաստանի վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Մեսուտ Փեզեշքիան դրական պատգամներ փոխանցեցին Երեւան-Թեհրան կապերուն շուրջ:
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ դարձեալ աշխուժութիւն կը նկատուի։ Երկու մայրաքաղաքներէն վերջին շրջանին յաճախ հնչեցին ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարութիւններ, որոնք դրական սպասումներ կը ցոլացնէին։ Ճիշդ է, որ կողմերու միջեւ կան լուրջ տարակարծութիւններ, սակայն, վերջին շրջանին հիմնական խնդիրը դարձած է՝ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու գործնականօրէն կեանքի կոչուիլը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի կը լրանայ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-ամեակը:
Մանկավարժ, խմբավար, բանահաւաք, բանաստեղծ եւ բազում շնորհներով օժտուած հայ մեծ երգահանը իր ապրած 66 տարիներու ընթացքին ստեղծած է գոհարներ, կատարած ազգանուէր անթիւ գործեր: Իր ստեղծագործած բոլոր տարիները հետաքրքրական եղած են:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պետութիւններու արդի պատմութեան ընթացքին դիւանագիտութիւնը եղած է անոնց գործունէութեան հիմնական բաղադրիչներէն մին: Այո, դիւանագիտութիւնը ինքնին շատ հին պատմութիւն չունի եւ յարաբերաբար նոր ընկերային գիտութիւն կը համարուի, բայց այն 20-րդ եւ ներկայ 21-րդ դարուն վերելք ապրեցաւ զանազան պատճառներով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Լաւ անուն ունենալը լա՞ւ է մարդուն համար:
Պատասխան. Անշուշտ որ լաւ անուն, լաւ համբաւ ունենալը լաւ է մարդուն համար: Առակագիրը այս մասին կը գրէ. «Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է» (Առ 22.1):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարձրագոյն դպրոցները, ինչպէս նախապէս յիշուած է, վանքերու մէջ կեդրոնացած էին։ Վանական դպրոցներու մէջ նախնաբար կը շարունակուէր Սուրբ Գրքի ուսուցումը՝ մեկնութեամբ եւ Սուրբ Հայրերու գրութիւններու ընթերցմունքը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած է յոբելենական երեկոյթ մը։ Կղզիի զբօսարաններէն մէկուն մէջ սարքուած ընթրիքին պատուոյ հիւրը եղած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ կարգ մը հոգեւոր հայրերու։
Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը արդէն 58 տարեկան է։ Երկու տարիէ ի վեր դժբախտաբար կայանը փակ է՝ շէնքի ամրակայման անհրաժեշտութեան առումով։ Ատենապետ Սարօ Պենկլեանի կողմը գլխաւորուած խնամատար մարմինը այդ աշխատանքները յառաջ կը տանի համագործակցելով Գարակէօզեան տան խնամակալութեան հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրաքի նորանշանակ հաւատարմատար Ալի Ապտիւլքերիմ Ութաւին։
Ուաշինկթըն Եւրոպայի եւ Ասիոյ անվտանգութիւնը կը խրախուսէ՝ զանոնք համարելով անբաժանելի:
Էնթընի Պլինքըն եւ Վանկ Եի շօշափեցին Չինաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարակարծութիւնները: