Արխիւ
Յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Նարեկ Տուրեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ զրոյցի մը մասնակցեցաւ իր արուեստի համակիրներուն հետ։
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Վերածնուած մշակոյթ, վերապրած ձեռագրեր» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին կողմէ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Աւստրիայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Լաթվիայէն, Ղազախիստանէն եւ Վրաստանէն առաջնակարգ կեդրոններու մասնագէտներ։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետը այցելեց խմբագրատունս:
Րաֆֆի Մարուքեան վերջին օրերուն քաղաքիս այցելութիւն մը տուաւ՝ Երեւանէն վերադարձի ճանապարհին:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու 2016-ի ախոյենութեան:
Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորտմունտ 7-1 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը՝ Փատերպոռնը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Սէիտ Քեազըմ Սաճիտի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը շնորհաւորեց դեսպանը՝ Երեւանի մօտ դիւանագիտական առաքելութեան ձեռնարկած ըլլալու կապակցութեամբ։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ:
Վաղը պիտի վերաօծուի վերջերս վերանորոգուած Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցին, որ կառուցուած է 13-րդ դարուն: Ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարները:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ երէկ թերթիս մէջ լոյս տեսած լուսաբանութիւնը առարկայ դարձաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին ան ունեցած էր ծաւալուն ելոյթ մը, որու ընթացքին տեսակէտներ յայտնած էր մեր կրթական համակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ, այդ ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ բերելով զանազան առաջարկներ, ժողովականներուն հետ բաժնելով ներկայ ծանր իրավիճակին եւ հաւանական հետեւանքներուն մասին դիտարկումներ եւ շարք մը վարժարաններու անուններն ալ տալով խորհրդածութիւններ ընելով։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ Հայաստանի ուսանողական շինարարական ջոկատներու 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած մասնաւոր բացիկ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մէկ նամականիշով այս բացիկի անուանումն է «Հայաստանի ուսանողական ջոկատներու 50-ամեակը»։
Հոլիվուտի աստղերէն դերասան Ճորճ Քլունի վերջերս յայտարարած էր, որ 1915 թուականին հայոց դէմ կատարուած է ցեղասպանութիւն մը եւ սա անվիճելի իրողութիւն մըն է։ Ծանօթ է, որ Ճորճ Քլունիի կողակիցը՝ Ամալ Քլունի Հայաստանը ներկայացուցած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին մօտ՝ «Փերինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատավարութեան ընթացքին։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Միջնորդները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան ամփոփելով իրենց վերջին ուղեւորութիւնը։
Հոկտեմբերի 29-ին առթիւ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ բոլորը պէտք է համակերպին յառաջիկայ ընտրութեան արդիւնքներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ գիրերու գիւտը սկզբնակէ՛տն է հայադրոշմ մշակութենական շարժումի, հայադրոշմ գրականութեան եւ հայաշունչ դպրութեան ու դաստիարակութեան։ Մէկ խօսքով, Հայ գիրերու գիւտը՝ նոր եւ նորոգուած ընկերային եւ մշակութային կեանքի մը երջանկաբեր սկիզբն է։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մարդիկ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին կրնան հանդիպիլ զանազան եւ բազմազան, անգոյն եւ կամ գունաւոր հարցերու, դէմքերու, դէպքերու, տեսարաններու, երեւոյթներու, իրավիճակներու եւ կամ խնդիրներու, որոնք իրենց համար անհասկնալի կը թուին եւ նոյնիսկ՝ անբացատրելի:
Մեր համայնքը վերջին օրերուն կը հիւրընկալէ Հունգարիայէն հայագէտ Պենետէք Ժիկմոնտը։ Իւրայատուկ հիւր մըն է ան մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ բաւական բարձր մակարդակով կը տիրապետէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի եւ իր այդ իմացութեան հիման վրայ առարկայ կը դառնայ թէ՛ համակրանքի եւ թէ հիացմունքի։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցնող շաբթուան մէջ Հայաստանի նրբաճաշակ համայնքը հետաքրքրական եւ ինքնատիպ ձեռնարկի մը ներկայ եղաւ. Հանրապետութեան հրապարակէն 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Խորենացի փողոցը վեր խոյացող Երեւանի նորակառոյց շէնքերէն մէկուն՝ 2012 թուականին կառուցուած «Էլիթ փլազա» գործարար համալիրին մէջ բացուցաւ իր տեսակին մէջ եզակի ընկերութեան մը սրահը: Բնական նիւթերէ ստացուած յարդարման միջոցներու, գեղանիւթերու եւ շփանիւթերու «Նաիրիան» հայկական ընկերութիւնը (Nairian Cosmetics) ազդարարեց իր մեկնարկը: «Էլիթ փլազա»ի մէջ կը գործեն ընկերութեան թէ՛ ցուցասրահ-վաճառասրահը, թէ՛ ալ՝ գրասենեակը:
«Ոմանք» խումբը նախընթաց օր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գատըգիւղի քաղաքապետութեան Եէլտեղիրմէնիի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Խումբը երաժշտասէրներուն ներկայացուց ամբողջութեամբ հայերէն երգերէ բաղկացեալ ծրագիր մը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդին անդամները, որոնց հետ էր նաեւ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ կը պատրաստուին յառաջիկայ Նոյեմբերի 22-ին տօնախմբել իրենց տարեդարձը՝ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով։
Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը արդէն որոշած է յառաջիկայ Նոյեմբերի 25-ին տեղի ունենալիք TEOG-ի քննութեան ընթացքին մասնաւոր հարցումներ ուղղել թրքահայ վարժարաններու աշակերտներուն՝ կրօնագիտութեան եւ բարոյագիտութեան առարկայի պարագային։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ խմբագրութեանս հետ կապ հաստատեց՝ լուսաբանութիւններ տալու համար Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին շուրջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պետրոս Շիրինօղլու ժողովի ընթացքին խօսած էր մեր կրթական համակարգի առկայ հրատապ հարցերուն շուրջ եւ այս ամբողջին մէջ անդրադարձած՝ կարգ մը վարժարանները միացնելու անհրաժեշտութեան մասին։