Արխիւ
Գարակէօզեան Տան աշակերտներէն Առէն Տեմիրճի եւ Ալեքսան Զարուքի շաբաթավերջին մասնակցեցան «Պիլֆէն»ի ճատրակի մրցաշարքին։
Էսաեան վարժարանի աշակերտուհիներէն Նաթալի Պարսամեան, Սեսիլ Կիւկիւշ, Լարիսա Եըլմազ եւ Գարին Մանթօ վերջերս Ֆինլանտիոյ մէջ մասնակցեցան «Էրասմուս» ծրագրին շրջագծով կազմակերպուած «European Job Market For Youth» խորագրեալ հաւաքոյթի մը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը այս շրջանին կը կազմակերպէ սեմինարներու շարք մը՝ մանուկներու նախադպրոցական շրջանի զարգացման վերաբերեալ։ Այս շրջագծով վարժարանի սրահին մէջ երէկ ելոյթի հրաւիրուած էր մանուկներու արտայայտութեան նիւթերու գծով մասնագէտ մը՝ Արուսեակ Սաֆա Ճամիլապատի։
Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու նոր շարքով մը։ Պուրճու Թոքուչի բեմադրութեամբ խումբը յառաջիկայ շրջանին պիտի ներկայացնէ «Չըլկըն տիւնեա» խաղը, որ երկու արարներէ բաղկացեալ զաւեշտ մըն է։
ՔԵՄԸՐՈՆ ՄՈՒՆԹԸՐՔ (*)
Անցեալ Դեկտեմբերին, նախագահութեան համար բանավէճի մը ընթացքին հանրապետական թեկնածուներու միջեւ, Թէտ Քրուզ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ իշխանութեան փոփոխութեան Ամերիկայի պահանջատիրական քաղաքականութիւնը։ Եթէ Ուաշինկթըն տապալէր Պեշար Էսատը, ինքնակոչ Իսլամական Պետութիւնը «պիտի գրաւէր Սուրիան, վատթարացնելով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան շահերը»։
ԱՐՄԷՆ ՃԵՆՏԵՐԵՃԵԱՆ
Երաժշտութիւնը շփման համամարդկային լեզու է: Դժուար է պատկերացնել մարդու կեանքը առանց երաժշտութեան, քանի որ ան կ՚արտայայտէ մարդկային ամենավեհ զգացումներն ու ամենանուրբ ապրումները: Ան կը ձեւաւորէ մարդուն ներաշխարհը, ճաշակը, կ՚օգնէ` ճիշդ գնահատելու իրադարձութիւնները:
Յառաջիկայ Մայիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Լոս Անճելըսի մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցում: Առաջին մրցումին (28 Մայիս) Հայաստան պիտի մրցի Կուաթեմալայի, իսկ երկրորդ մրցումին՝ (1 Յունիս) Սալվատորի հաւաքականներուն դէմ:
Իտալական «Քուրիերէ տէլ Մեցցոճիորնօ»ի համաձայն, նափոլիցի քաղաքական գործիչ Անթոնիօ տէլ Փիանօ կ՚առաջարկէ Նափոլիի մարզադաշտը կոչել Տիեկօ Մարատոնայի անունով:
Յունաստանի մայրաքաղաքը՝ Աթէնքի մէջ սկսաւ ժիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդական բաժակի մրցաշարքը:
Ապրիլ 2016-ին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) կը դառնայ 110 տարեկան։ Արդարեւ, տասնմէկ տասնամեակներ առաջ Միութեան հիմնադիր-նախագահ Պօղոս Նուպարի նախաձեռնութեամբ Եգիպտոսի մէջ ծնունդ առած այս կազմակերպութիւնը տարուէ տարի ուռճանալով այսօր հասած է օրհնաբեր տարիքի մը, ուսանելի լայն փորձառութեամբ, բարեսիրական եւ ազգային ամենատարբեր ծրագիրներով, համահայկական համապարփակ հեռանկարներով։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր Վիեննայի մէջ ժողով մը կը գումարեն՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջին մտահոգիչ իրադարձութիւնները։ Ուաշինկթընէն, Մոսկուայէն եւ Փարիզէն կը հնչեն հրադադարը վերականգնելու եւ բանակցային սեղան վերադառնալու ուղղեալ կոչեր։
Սերժ Սարգսեան. «Մեր խնդիրները մենք պէտք է լուծենք»։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը վաղը Պերլինի մէջ պիտի տեսակցի Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ, որ ներկայ շրջանին կը գլխաւորէ ԵԱՀԿ-ը։
Յունական Կիպրոսի խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, որու հիման վրայ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ուրացումը յետ այսու պիտի համարուի յանցագործութիւն։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վարչապետարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ երեկոյեան ժամերուն ընդհանուր քարտուղարը կապ հաստատած է վարչապետին հետ։
Իսրայէլի խորհրդարանի փոխ-նախագահ Փլոսքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ՚այցելէ Հայաստան:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի ճակատի վերջին իրադարձութիւնները:
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն պայքար մղել անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։ Շաբաթավերջին դժբախտաբար ութ զինուորներ նահատակուեցան՝ ՓՔՔ-ականներուն հետ ծագած բախումներուն հետեւանքով։
Էրտողան Իլհամ Ալիեւին ցաւակցութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած ազէրի զինուորներուն համար:
Թուրքիա կը շարունակէ անվերապահօրէն դիրք գրաւել Ատրպէյճանի կողքին: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ բողոքի ձայներ կը բարձրանան:
Արցախի ճակատին վրայ տեղի կ՚ունենան՝ 1994 թուականին հաստատուած հրադադարէն ի վեր ամենախոշորածաւալ բախումները. կը տուժեն նաեւ խաղաղ բնակիչները:
Ահազանգային ծայրայեղ կացութիւն:
Անկանխատեսելի հետեւանքներով արկածախնդրութիւն:
Հարաւային Կովկասը կը դառնայ ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմ-Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կողմէ մատուցուած տուեալները հարցականի տակ կը թողուն Պաքուի պնդումները:
Սուրբ Յարութեան տաղաւարին յաջորդած առաջին Կիրակիին՝ Նոր Կիրակի օրը, երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 161-րդ տարեդարձին առթիւ ստեղծուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ։
Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով Երեւանի Թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկը եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կազմակերպած են «Հայրերի հող» խորագրով կարճ տեւողութեամբ ժապաւէններու մրցում մը, որուն համար կարելի է դիմում ներկայացնել մինչեւ Ապրիլի 25-ը:


