Արխիւ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս շաբթուան սկիզբին պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Պարտիզակ եւ Արմաշ։ Դպրոցի ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ համակիրները մասնակցեցան այս ծրագրին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ շաբթուան ընթացքին՝ Հայ Եկեղեցին «Խաւարման Գիշեր» կամ «Լացի Գիշեր» կը կոչէ Աւագ Հինգշաբթիէն Աւագ Ուրբաթ երկարող գիշերը։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ամերիկացի մտաւորական Սաուլ Ալինսքի մահացած է՝ 44 տարի առաջ. սակայն, անոր հեղինակութիւնները խորին ներազդեցութիւն դրոշմած են Միացեալ Նահանգներու կարգ մը քաղաքական ղեկավարներու գործունէութիւններուն, հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ։ Նկատի ունենալու ենք, թէ Ալինսքիի յղացած տեսութիւնները մինչեւ այսօր կը կիրարկուին այս ժողովուրդին վրայ. իր տեսութիւններով ուսանած, մասնագիտացած եւ թէզեր պաշտպանուած են քաղաքական դէմքերու կողմէ, որոնք այսօր այս ժողովուրդին ղեկավարութեան կոչուած անձեր են, ինչպէս՝ Ուիլիըմ Քլինթըն, Հիլըրի Քլինթըն, Պարաք Օպամա, Հենրի Քիսինճըր, Ռահմ Էմանուէլ եւ բազում այլ քաղաքական ղեկավարներ։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ յայտնի մեներգիչ Ռուբէն Հախվերտեանի համերգը։
«Ղազարոս Սարեան» լարային քառեակի ելոյթը՝ «Կոմիտաս» թանգարանին մէջ:
Մէկուկէս տարուան ընթացքին յաջողութիւն արձանագրած համոյթը բարձր գնահատանքի առարկայ:
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ իրականացած է հայկական մշակոյթի շաբաթ, որուն ընթացքին տեղի ունեցած են բազմաբնոյթ ձեռնարկներ՝ հայ եւ ճաբոնցի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Հնդկաստան միջկառավարական յանձնաժողովին եօթներորդ նիստը։
Պելժիոյ դատական իշխանութիւնները որոշեցին Սալահ Ապտիւսսելամը արտայանձնել Ֆրանսայի։ Ինչպէս ծանօթ է, Ապտիւսսելամ 13 Նոյեմբեր 2015-ին Փարիզի մէջ պատահած ահաւոր ահաբեկչական յարձակումներու գլխաւոր հեղինակներէն մին էր։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ տմարդի յարձակում մը իրականացուց Տիարպաքըրի Պաղլար գաւառակին մէջ։ Ժամը շուրջ 17.00-ին, ճանապարհին վրայ զետեղուած ռումբի մը հետեւանքով յարձակման ենթարկուեցաւ զրահապատ մինիպիւս մը, որ կը փոխադրէր ոստիկաններ։
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի հետ:
Հայկական կողմին համոզմամբ, Պաքուի սադրանքները դարձած են օրինաչափութիւն:
Հարաւային Կովկասի իրավիճակը՝ հայ-ամերիկեան օրակարգի բաղադրիչներու շարքին:
Երեւան եւ Ուաշինկթըն կը ձգտին ջանքերը համատեղել՝ յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացման մթնոլորտին մէջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պարաք Օպամա երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցան Սպիտակ տան մէջ:
Իշիպ-ի ոչնչացման քայլերուն շուրջ խորհրդակցութիւն:
Հանրապետութեան նախագահը հարցազրոյց մը տուաւ CNN հեռուստակայանի յայտնի աշխատակից Քրիստիան Ամանփուրին. «Թուրքիա մնաց առանձին»:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալեց Սիվրիհիսարի քաղաքապետ Համիթ Եիւզիւկիւլլիւն։ Ան Գումգաբու փութացած էր Սիվրիհիսարի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն կապակցութեամբ տեսակցելու համար Նորին Սրբազնութեան հետ։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։
ՏՔԹ. Յ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Ա՜խ լեզուն, լեզուն.
լեզուն որ չըլլայ, մարդ
ինչի՞ պէս կ՚ըլլայ…»
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գրիչը կ՚ըմբոստանայ արձանագրելու համար վախճանը այս պրիսմակէ թանկարժէք կեանքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեք խորհա՞ծ էք, սիրելինե՜ր, պահ մը գոնէ, կեանքի բազմատեսակ զբաղումներուն մէջ, տաղտկալի ապրումներուն ընթացքին, պա՛հ մը միայն, թէ՝ «Ի՞նչ է մարդը»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելի՜ բարեկամներ։ Կարեւորը եւ կարեւորին արժէք տուողը՝ «ունեցած»ին քանակին վրա՞յ է, հապա՝ «տրուած»ին քանակին վրա՛յ։ Աւելի պարզ ըսենք. ո՞ր մէկը արժէք կը ներկայացնէ՝ որեւէ բան ունենա՞լ, թէ ունեցածը տալ՝ բաժնել ուրիշներու հետ։ Եւ եթէ «բարիք» ըսուածը ուրիշին օգտակար ըլլալ կը նշանակէ, ապա ուրեմն կարեւորը ո՛չ թէ ունենալ, այլ՝ տա՛լն է։
Ֆրանսական We Demain ամսագիրը աշխարհի ամենանորարար դպրոցներու տասնեակի վարկանիշ կազմած է: Առաջին տեղը Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար արուեսագիտութիւններու կեդրոնն է:
Սուրիոյ մէջ այս օրերուն կը պատրաստուին Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, եւ օրէնսդիր մարմնին մէջ ներկայացուցիչ ունենալու գործընթացէն անմասն չէ նաեւ հայկական համայնքը: Խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը մեկնարկած է մէկ օր առաջ, իսկ ընտրութիւնները պիտի կայանան Ապրիլ 13-ին:



