Արխիւ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը աւանդական հաւաքոյթով ողջունեց 2016 թուականը:
Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին Հայաստանի մէջ կ՚իրականացնէ զանազան ծրագրեր, որոնք առիթ կ՚ընձեռեն տօնական օրերուն հասարակութեան համեստ խաւերու գօտեպնդման։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցած է սուրիահայութիւնը, որ կը դիմագրաւէ մեծ ողբերգութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը 100 հազար ամերիկեան տոլար փոխանցած է Դամասկոսի Հայոց Թեմին՝ Սուրիոյ հայկական դպրոցներուն համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք ներկայացնել՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի 24 Մայիս 1953 թուակիր Կոնդակը՝ ուղղուած Դպրաց Դասերուն եւ Երգչախումբերուն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նոր տարի, նոր սպասումներ... Ամէնուր կը հնչեն Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթանքներ, ցանկութիւններ, ամէն մարդ նորովի յոյսերով եւ սպասումներով կը լեցուի Նոր տարուան լուսաւոր օրերու առթիւ:
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը շաբաթավերջին Պաքըրգիւղի մէջ խրախճանք մը կազմակերպեց իր դասընթացքներուն մասնակից պատանի մարզիկներուն եւ անոնց ծնողներուն համար։
Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեան նախընթացները տարիէ տարի կը խորանան համայնքային կեանքէն ներս:
«Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտներուն համար ամանորեան մասնաւոր խրախճանք մը կազմակերպուեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի զօրակցութեամբ:
Տղաքը նուէրներ ստացան Կաղանդ պապուկին ձեռամբ, մինչ իրենց տօնախմբութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք ներկայացնել՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի «Կոնդակ»ը՝ ուղղուած Դպրաց Դասերուն եւ Երգչախումբերուն, 27 Մայիս 1953 թուականին։
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ մղուած պայքարին շրջագծով երէկ ապրուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։
Հայաստանի նախագահը մէկտեղուեցաւ մարզական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սերժ Սարգսեան մաղթեց, որ հայ մարզիկները ոսկէ մետայլներ նուաճեն Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան պատգամ մը հրապարակեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան կապակցութեամբ։
Երէկ լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն, բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որ տասնամեակներ շարունակ իր անջնջելի դրոշմը դրաւ լիբանանահայ թատերական կեանքին վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը ամփոփեց 2015 թուականի իրադարձութիւնները:
Արծրուն Յովհաննիսեան. «Ամբողջ տարուան ընթացքին հայկական զինեալ ուժերը թոյլ չեն տուած, որ Ատրպէյճան յառաջ երթայ մէկ միլիմեթր»:
ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Դեկտեմբերի 6-ին «Տեփօ», ապա 11-ին «g art» պատկերասրահներուն մէջ բացուեցաւ նկարչուհի Մերի Մունի (Ամիրխանեան) «Իրականութիւնը գեղեցիկ է» անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էր արուեստագիտուհիին «Քաղաք» շարքը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն մեր մէջ կը գտնուի ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան Փրոֆ. Քլոտ Արմէն Մութաֆեան, որ Իսթանպուլ կ՚այցելէ իր կողակցին հետ։
ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆ
Լոնտոնի «Սոթպի՚զ» հանրածանօթ ընկերութիւնը Մոնաքոյի արքայազն Ալպէռ իշխանի հովանաւորութեամբ ու մասնակցութեամբ վերջերս կազմակերպած էր աճուրդ մը՝ նուիրուած Ուիսթըն Չըրչիլի մահուան 50-րդ տարելիցին։ Աճուրդի գլխաւոր կազմակերպիչներն էին արքայազն Ալպէռ, Մոնաքոյի մօտ Անգլիոյ դեսպան Էվէլին Չենթա եւ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Կէտիկփաշայի մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ Ամանորի ընդառաջ բարեմաղթանքներու փոխանակումով: Թաղային խորհուրդի ատենապատ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները հետեւողական աշխատանք կը տանին կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորման ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականներուն առկայ հարցերն ու կարիքները հրատապ նշանակութիւն ստացած են մեր համայնքի օրակարգին վրայ:
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ պաշտօնապէս կազմուեցաւ մասնաւոր յանձնախումբ մը, որ պիտի համակարգէ աշխատանքները:
Աշխարհահռչակ երաժիշտ ու շարժանկարի վարպետ Էմիր Քուսթուրիցայի Երեւանի մէջ ունեցած ելոյթը դարձած է անմոռանալի։ «The No Smoking Orchestra» ժողովրդական ռաք խումբին հետ միասին հանդէս եկաւ Էմիր Քուսթուրիցա, որ անմոռանալի երեկոյթ մը պարգեւեց հայ երաժշտասէրներուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւոր պայմաններու մէջ նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ տեղի ունեցաւ նոր սարկաւագներու ձեռնադրութիւն։