Արխիւ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ամսավերջին պիտի իրականացնեն այցելութիւն մը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Երեւանի եւ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաստատած են միջնորդներու այս ուղեւորութեան ժամանակացոյցը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին Էրտողանին տեղեկութիւններ փոխանցեց Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։
Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Անգարայի մէջ ժողով մը գումարեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Վեց ժամ տեւեց նիստը, որու ընթացքին քննարկուեցան 1 Նոյեմբերի ընտրութեան անվտանգութեան երաշխիքները։
Սկիւտարի քաղաքապետարանը երէկ համախմբեց մրցանակակիր արուեստագէտներ:
Մեներգչուհի Սիպիլ, որ այսօր կը մեկնի ԱՄՆ, ներկայացուց հայերէն երգեր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Աթէնքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ Աթէնքի մէջ կը գտնուի միջազգային համագումարի մը մասնակցելու նպատակով, հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Յունաստանի պետական աւագանիին հետ։
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջանային բաժանմունքի տնօրէն Փաթրիք Վիալ այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։
Միջխորհրդարանական միութեան 130-րդ վեհաժողովը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնն ալ մասնակցեցաւ այս ժողովներուն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիք (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ կը պատրաստուին նոր ուղեւորութիւն մը իրականացնել դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Սպանիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մատրիտի մէջ ան կը մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) տարեկան համագումարին եւ ընդլայնուած գագաթաժողովին։
Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցան երկարատեւ բանակցութիւններ:
Պեշար Էսատ չորս տարի վերջ առաջին անգամ իրականացուց արտասահմանեան ուղեւորութիւն մը:
Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին կ՚ապրուին անակնկալ երեւոյթներ:
Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը հաւանութիւն չտուաւ հանրային պաշտօնեաներու պատասխանատուութեան բաժնին շուրջ պատրաստուած նոր ամբաստանագրին:
Դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ կատարուելիք լրամշակումներէն վերջ մեղադրականը դարձեալ պիտի ներկայացուի հաւանութեան: Կասկածեալներու շարքին թուարկուած են բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնց անունները միշտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին դէպքին պատահած օրէն ի վեր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմութիւնը կը վկայէ թէ՝ երբ Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտ, 1453 թուականին մուտք գործեց Կ.Պոլիս, Անատօլուէն եւ Կիլիկիայէն հայեր բերել տալով, անոնց համար բնակչութիւն հաստատեց Պոլսոյ զանազան կողմերը ու անոնց վրայ Պատրիարք հռչակեց Պրուսայէն հրաւիրած Յովակիմ եպիսկոպոսը, որ իրեն վաղածանօթ բարեկամը եղած էր։
«Պողազիչի» համալսարանէն ներս «Բազմացող ձայներ»ու համերգաշարը:
Սփիւռքահայ երաժիշտ Հայկ Եազըճեան երաժշտասէրները հմայեց ուտի նուագներով:
Պոլսահայ երաժշտական կեանքէն երկու համակրելի դէմքեր՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու վերջերս այցելեցին Հայաստան։ «Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անոնց ուղեւորութիւնը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս առթիւ, թաղի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ անոնք ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Հոկտեմբերի 23-25 թուականներուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքը՝ Ապու Տապիի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ժուտոյի երիտասարդական ախոյենութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան՝ երեք մարզիկով:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
221 տարի առաջ, 14 Հոկտեմբերը նոր հորիզոն բացող տարեթիւ մը դարձաւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ։
Նորաձեւութեան եւ ոճի բնագաւառի հեղինակաւոր հանդէսներէն մէկուն՝ Vogue-ի ռուսական տարբերակի խմբագրութիւնը Victoria’s Secret ընկերութեան «հրեշտակ» Սթելլա Մաքսուէլի հետ արշաւ կազմակերպած է Հայաստանի մէջ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական երաժշտական աշխարհի առանցքային սիւներէն ԳՈՀԱՐ համոյթը կը պատրաստուի համերգաշարի մը ձեռնարկել իր նոր խմբավարին՝ Նաթալի Գալստեանի մականին ներքեւ:
Պէյրութի յառաջիկայ ելոյթներուն ընդառաջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Կիւմրիի մէջ ականատես եղաւ ստեղծուած մեծ խանդավառութեան:
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Պետական այցելութեան շրջագծով Նախագահ Մարկվելաշվիլի եւ Առաջին տիկին Մակի Չիչուա ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երուսաղէմի մէջ։


