Արխիւ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ըստ իր պատրաստած ժամանակացոյցին, տար-ւան ընթացքին հով-ւական այցելութիւն կը շնորհէ թեմիս ծուխերուն, Ս. Պատարագ կը մատուցանէ, կը քարոզէ, ինչպէս նաեւ ձեռնադրութիւններ կը կատարէ:
Միացեալ Նահանգներ Թուրքիայէն դուրս կը բերէ «Փաթրիոթ» համակարգերը:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն համատեղ յայտարարութիւնով մը անդրադարձան նորոգութեան ծրագրին:
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ ընդունեց Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան նախագահ Միշէլ Շահինեանը։ Զրոյցի ընթացքին Միշէլ Շահինեան նշեց, որ իր գլխաւորած միութեան անդամները ամէն տարի այցելութիւններ կը կատարեն Հայաստանի մարզերը։
Գագիկ Բեգլարեան յառաջիկայ օրերուն Փեքին պիտի այցելէ առաջարկները քննարկելու համար:
Չինաստան հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի շինարարութեան ծրագրին նկատմամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերը բաւական ծանր եղան Իրաքի համար: Պաղտատի արեւելեան հատուածին մէջ եղող Սատըր եւ Տիալա քաղաքներուն մէջ գրանցուած ահաբեկչական պայթումներուն հետեւանքով զոհուեցան շուրջ հարիւր անձեր, մինչ վիրաւորեալներուն թիւը գերազանցեց երեք հարիւրը:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օմար Շերիֆի կորուստը մեծ է ո՛չ միայն եգիպտական շարժապատկերին համար, այլ նաեւ համայն աշխարհի շարժապատկերի սիրահարներուն համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք տարբեր լրատուամիջոցներու արձագանգները անոր անձին, վաստակին ու գործունէութեան մասին:
«Հայկական զարդամոթիֆը ժամանակակից նորձեւութեան մէջ». երիտասարդ ձեւագծողներու ստեղծագործութիւնները:
Երեւանի մէջ այս ամառ ուշադրութիւն կը գրաւեն հայկական տարազներու ներկայացման ուղղեալ հետաքրքրական ձեռնարկները:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Վաքըֆլըգիւղ՝ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ։ Ան տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ տաղաւարի հանդիսութիւններուն, կը պատարագէ եւ իր պատգամը կը փոխանցէ՝ գիւղի բնակչութեան եւ ուխտաւորներուն։
Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ Մեծ կղզիի հայութիւնը կազմակերպեց շատ ջերմ մթնոլորտով անմոռանալի հիւրասիրութիւն մը:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի սաները երէկ ապրեցան խանդավառ օր մը՝ պտոյտով ու հաճելի ժամանցով:
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Յունական Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան հայկական փոքրամասնական համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, զոր պարգեւատրեց յուշամետայլով մը։
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշէլի այսօր պաշտօնական այցելութիւնով կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են իր շփումները Սպիտակ տան եւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ։
Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան անդրադարձաւ ծպտեալ հայոց վերադարձի խնդիրներուն:
«Եկեղեցին չի խոչընդոտեր նման դէպքերը, այլ ցոյց կու տայ ճանապարհը, որով կրնայ լուծուիլ խնդիրը։ Զգուշաւորութիւնը կը բացատրուի ապօրինի գործողութիւններու մէջ չներքաշուելու մտայնութեամբ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն Մոսկուա ժամանած սէուտցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ յատկապէս թագաւորութեան Արտաքին գործոց նախարար Ատէլ Ժուպէյրի կատարած յայտատարութիւնները ցոյց կու տան, որ սիւննի աշխարհի կարեւորագոյն ներկայացուցիչին Սուրիոյ հարցով Մոսկուայի հետ ունեցած տարակարծութիւնները կը մնան անլոյծ:
Վարչապետը ելոյթ մը ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան հիմնադրութեան 14-րդ տարեդարձին առթիւ:
Ահմէտ Տավուտօղլու կոչ ուղղեց քաղաքական ղեկավարներուն՝ չխուսափիլ ազգի կամքի դրսեւորումէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի» տօնը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի նուիրուած տօներուն կարեւորագոյնն է եւ Հայ Եկեղեցւոյ տաղաւար տօներու չորրորդը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ կան շատ մը ազնիւ հոգիներ՝ որոնք փորձութենէ ծանրապէս ճնշուած, գրեթէ ընկճուելու մօտ են իրենց «Ես»ին եւ «չար»ին զօրութիւններուն դէմ պայքարելու համար։
Իտալական Giornale dell’Umbria թերթը Հայաստանի մասին զբօսաշրջային յօդուած մը հրապարակած է։ Հայաստանի բացառիկ գեղեցկութեան կ՚անդրադառնայ այս յօդուածը, ուր մասնաւորապէս գրուած է.
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ երէկ շփումներ ունեցաւ Դամասկոսի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Սուրիոյ ներքին պատերազմի լուծման յարմարագոյն տարբերակներուն շուրջ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հայկական կողմի զսպուածութեան կոչին կը պատասխանէ լարուածութեան սրացմամբ։ Ըստ նախարարին, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը վերահսկելի է։
Նախկին դատախազ Զէքէրիա Էօզի արտասահմանեան ոդիսականը կը շարունակէ զբաղեցնել հանրային կարծիքին օրակարգը։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, թէ իր հասցէին ձերբակալման որոշում ընդունուած նախկին դատախազ Զէքէրիա Էօզ երկրէն խոյս տալէ վերջ՝ Հայաստանի վրայով մեկնած է Գերմանիա։