Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015

ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ բարձր մակարդակի բանակցութիւնները երէկ շարունակուեցան Անգարայի մէջ:
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Քեմալ Քըլըչտարօղլու համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու որոնումներուն շրջագծով շուրջ չորսուկէս ժամ տեսակցեցան՝ Էօմէր Չելիքի եւ Հալուք Քոչի ներկայութեամբ - Վերջնական որոշում մը պիտի տրուի այս շաբթուան երկրորդ կէսին նախատեսուած յաջորդ հանդիպումէն վերջ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել տմար­դի ու վայ­րագ բռնա­րարք­ներ։ Այս ա­ռա­ւօտ հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ Շըր­նա­քի մէջ ՓՔՔ­-ի յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած է զի­նուոր մը

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եւրոպայի զանազան բեմերուն վրայ փայլուն յաջողութեան հասած նշանաւոր մեներգչուհիներէն Վարդուհի Աբրահամեան:
Յայտնի արուեստագիտուհին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ներկայացուց իր անցած ուղին:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը կրկնենք, Յի­սուս Ի՛նք կը հաս­տա­տէ, թէ այս աշ­խար­հի վրայ պի­տի ըլ­լան միշտ նե­ղու­թիւն­ներ, քա­նի որ այս աշ­խար­հը վար­դաս­տան մը չէ՛, այլ պէտք է քաջ ըլ­լալ եւ պայ­քա­րիլ նե­ղու­թիւն­նե­րու դէմ՝ փո­խա­նակ վհա­տե­լու եւ յու­սալ­քուե­լու։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼեԱՆ

Աշ­խար­հի վրայ փաս­տուած ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ ա­ռած­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեա­լէն հա­սած են մե­զի, միշտ ալ ի­րենց մէջ կը կրեն ի­րա­կա­նու­թիւն մը: Այլ խօս­քով ա­նոնք գրուե­լու եւ կամ ը­սե­լու սի­րոյն գրուած խօս­քեր չեն, այլ ան­յայտ­նե­րու կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած փի­լի­սո­փա­յու­թիւն­ներ են:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015

Ժա­մա­նա­կին խորհր­դա­յին ման­կա­վարժ փի­լի­սո­փա­նե­րէն շա­տեր կը հա­ւա­տա­յին, թէ՝ «Մա­նու­կը սպի­տակ թուղթ է», եւ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ կա­րե­լի է տալ ա­նոր ո­րե­ւէ մաս­նա­գի­տու­թիւն եւ «ար­տադ­րել» տար­բեր տե­սա­կի գիտ­նա­կան­ներ ու ա­րուես­տա­գէտ­ներ: Սա­կայն խորհրդա­յին մաս­նա­գի­տա­կան փոր­ձը ցոյց տուաւ, թէ (յատ­կա­պէս ա­րուես­տի պա­րա­գա­յին) այս տե­սու­թիւ­նը խո­տոր կը հա­մե­մա­տի գործ­նա­կան կեան­քի հետ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015

​Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը այցելեց երկրի հիւսիս-արեւելեան սահմանային գօտին:
Սէյրան Օհանեան տեղւոյն վրայ մանրամասն ծանօթացաւ վիճակին՝ բարձրաստիճան զինուորականներու ուղեկցութեամբ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

ՊԱՅ­ԾԻԿ ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Կա­րե­լի է ան­վա­րան յայ­տա­րա­րել, թէ հա­կա­ռակ զինք շրջա­պա­տող ա­հա­զան­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, Լի­բա­նա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քը յա­ջո­ղա­պէս ինք­զինք գե­րա­զան­ցեց  այս ե­ղա­նա­կին: Ա­միս­ներ ա­ռաջ ար­դէն իսկ տոմ­սե­րու վա­ճառ­քը սպա­ռած նկա­տուած հա­մեր­գը յի­րա­ւի ար­դա­րա­ցուց ինք­զինք, ա­պա­հո­վե­լով վեց հա­զար հան­դի­սա­տես ո­րոնք ժա­մա­նած էին Լի­բա­նա­նի զա­նա­զան շրջան­նե­րէ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ մայ­րա­վան­քին՝ Զմմա­ռի մէջ, ե­րէկ, ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րըն­տիր Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիարք Գրի­գոր-Պետ­րոս Ի.-ի գա­հա­կա­լու­թեան շքեղ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Ռու­սաս­տա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ օ­դա­յին ար­կած մը, ո­րու զո­հե­րու շար­քին կը գտնուին հա­յեր։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Իսթ­րինս­քի ջրամ­բա­րին մօտ ապ­րուե­ցաւ այս ար­կա­ծը, ո­րուն զոհ գնաց ինն հո­գի։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Շաբաթավերջին շարունակուեցան սուրիահայութեան մասին ահազանգային լուրերը:
Ջուրի նեղութիւն, ռմբակոծումներ, հաղորդակցութեան անկարելիութիւն եւ անորոշութիւն…

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար եւ ա­ւագ բա­նագ­նաց Վոլ­քան Պոզ­քըր կը պատ­րաս­տուի այս շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեան ի­րա­կա­նաց­նել ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը՝ Եւ­րո­պա­յի մէջ բա­ցատ­րե­լու հա­մար Թուր­քիոյ կող­մէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րը եւ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին ուղ­ղու­թեամբ ա­նոր վճռա­կա­մու­թիւ­նը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէն ներս ու­նե­նա­լիք շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին Վոլ­քան Պոզ­քըր երկ­խօս­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի փո­խան­ցէ Թուր­քիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ ու պի­տի մատ­նան­շէ, թէ ա­հա­կեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րը չէ փո­խած կա­ռա­վա­րու­թեան վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ բա­րե­փո­խում­նե­րուն եւ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին ուղ­ղու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները կը կաղան լրջօրէն:
Ազէրի մասնագէտ մը BBC-ին յայտնած է, որ ծրագրին նշանակութիւնը կը նուազի հետզհետէ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Դա­մաս­կո­սի Թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ար­մաշ Եպսկ. Նալ­պան­տեան իր «Ա­րե­ւելք» (www.arevelk.am) կայ­քին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ (6 Օգոստոս 2015) ը­սած է, որ Դա­մաս­կո­սի մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը նոյն­պէս վտան­գա­ւոր է յա­ռե­լով, որ քա­ղա­քի սահ­մա­նա­յին կրա­կա­գի­ծը կը գտնուի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կից:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Իս­թան­պու­լի մէջ այս ա­ռա­ւօտ ապ­րուե­ցաւ զգա­յա­ցունց դէպք մը։ Այս­պէս, Սուլ­թան­պէյ­լիի մէջ յար­ձա­կում գոր­ծու­ե­ցաւ ոս­տի­կա­նա­տան մը վրայ։ Դէպ­քին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ ոս­տի­կան մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Այս առաւօտ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Նորոգ վախճանեալ Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեանի յուղարկաւորութիւնը Գումգաբուի մէջ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ մեր հա­մայն­քի ե­րի­ցա­գոյն ան­դա­մու­հի­նե­րէն 103-ա­մեայ Վար­սէն Օ­րուն­ճաք­ճըէ­լին, ո­րու տա­րե­դար­ձը կը նշուէր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Գարթալի Սուրբ Նշան եկեղեցին նորոգութեան երկար շրջանէ մը վերջ շաբաթավերջին օծուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած աւանդական հանդիսութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ յուզումնալի մթնոլորտ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին եւ «Տէրեան» միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային պողոտային վրայ կազմակերպուած եզակի ձեռնարկ մը:
Զգեստը մշակոյթի մը բաղադրիչ մասն է եւ հնարաւորութիւն կու տայ կարծիք մը կազմելու տուեալ ժողովուրդի մասին:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք ա­մուս­նու­թեան խոր­հուր­դին՝ ա­նոր ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին եւ հո­գե­ւոր կեան­քի մէջ կա­րե­ւո­րու­թեան եւ ներ­կա­յա­ցու­ցած ար­ժէ­քին մա­սին։ Ա­մուս­նու­թեան սրբա­զան միու­թեամբ կազ­մուած ըն­տա­նի­քը՝ ար­դա­րեւ առ տնին ե­կե­ղե­ցի մըն է՝ սրբա­տե­ղի մը եւ Աս­տու­ծոյ տու­նը նաեւ, քա­նի որ Աս­տուած սէր է եւ ու­րեմն ո՛ւր որ սէր կայ՝ հոն ներ­կայ է Աս­տուած, եւ քա­նի որ ա­մուս­նու­թեամբ կազ­մուած այս հրա­շա­լի՜ միու­թեան հի­մը սէ՛րն է, ա­պա ու­րեմն որ­քան ճիշդ է ըն­տա­նի­քը ա­նուա­նել՝ առ տնին ե­կե­ղե­ցի մը, սրբա­տե­ղի մը, Աս­տու­ծոյ տո՛ւ­նը։

Էջեր